Հայկական Ցեղասպանութենէն որբացած հարիւր հազարաւորներուն նուիրուած «Ցեղասպանութեան որբերը» վաւերագրական շարժապատկերը հինգշաբթի, ապրիլ 18ին պիտի ցուցադրուի Ֆրեզնոյի «Վելի Փի.Պի.Էս.» հանրային պատկերասփիւռի կայանէն, երեկոյեան ժամը 7ին:
Ցուցադրութիւնը մաս կը կազմէ կայանի դրամահաւաքի արշաւին եւ իբրեւ ներկայացնող ունի «Օսքար»ի արժանացած «Տը Արթիսթ» ֆիլմի դերակատարներէն Քեթ Դաւիթեանը: Նուիրատուները պիտի ստանան ֆիլմէն ու անոր ընկերակցող գրքոյկէն օրինակներ:
«Արմենոյտ» ընկերութեան կողմէ արտադրուած ֆիլմը պատրաստուած է շրջանային 4 «Էմմի» մրցանակներու տիրացած Պարէտ Մարոնեանի կողմէ, հիմնուած պատմական արխիւներու, հարցազրոյցներու յուշերու եւ վկայութեանց վրայ:
«Արմենոյտ» ընկերութիւնը կոչ կ՛ընէ ամերիկահայութեան, որ իր շրջանի հանրային պատկերասփիւռի կայաններուն հետ կապ հաստատելով՝ խնդրէ, որ ֆիլմը նաեւ այդ շրջաններուն մէջ ցուցադրուի, յատկապէս՝ ապրիլ ամսուան ընթացքին:
Յաւելեալ տեղեկութեանց կամ նշեալ ընկերութեան գործունէութեան նեցուկ կանգնելու համար, այցելել www.armenoidteam.com կայքը, դիմել bared.maronian@gmail.com հասցէին, կամ (954) 646-0944 թիւին:
http://asbarez.com/arm/158346/
|
Leave a Reply