ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի ոչ կառավարական կազմակերպութիւնները որոշած են միաւորուիլ ու համատեղ ուժերով պայքարիլ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման պահանջներուն դէմ. այս մասին ատրպէյճանական «Սալամ Նիուզ» լրատուական գործակալութեան հաղորդած է Թուրքիոյ խորհրդարանի պատգամաւոր Իսմայիլ Սաֆինը:
Ըստ անոր՝ սոյն կազմակերպութիւնները կը ծրագրեն շարք մը երկիրներու մէջ համատեղ միջոցառումներ կատարել Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցին առիթով:
«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ պետական մարմինները պէտք է համատեղ պայքարեն այդ քաղաքականութեան դէմ, իսկ գործընթացին մէջ պէտք է ներգրաւուին նաեւ երկու պետութիւններու հասարակութեան բոլոր շերտերը», ըսած է ան:
http://asbarez.com/arm/157866/
Leave a Reply