Ստորեւ կը ներկայացնենք Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Հրանդ Տինք» շարադրութեան մրցումին լաւագոյն երեք շարադրութիւնները:
Հայը եւ իր ազատ մտածողութիւնը
1915…2007:
Արդեօք մարդ արարածը կրնա՞յ ապրիլ առանց ազատութեան: Հարց մը, որ միշտ զիս մտահոգած է:
Անակնկալ հանդիպում մը ունեցայ «Ակօս»-ի խմբագիր Հրանդ Տինքին հետ: Երկար ժամանակ զրուցեցինք ու քննարկեցինք շարք մը հարցեր: Տինք ըսաւ, որ ինք իր ու իր ժողովուրդին իրաւունքը պաշտպանելու համար արտայայտած էր իր միտքն ու գաղափարը:
Քանի մը օր ետք ցաւալի եւ տխուր լուրը կը հասնի մեր տունը: Տինք սպաննուած է եւ ազատութեան համար նահատակուած է: Լուրը լսելով` կրակ մը կը վառի մէջս: Լուռ եմ, բայց դէմ եմ այս բոլոր դէպքերուն եւ ոճիրին:
Նշեալ դէպքը անգամ մը եւս շեշտեց, որ հայ ըլլալը դիւրին չէ, որովհետեւ պատմութենէն մինչեւ այսօր հայը գոյապայքար կը մղէ` յանուն ազգին, կրօնին ու հայրենիքին:
Եթէ Վարդան Մամիկոնեան կռուեցաւ վասն կրօնի եւ հայրենիքի, եթէ մեր մամիկներն ու պապիկները դիմացան անապատներուն մէջ, եթէ արցախցին պայքարեցաւ յանուն հայրենի հողին, եւ եթէ Հրանդ Տինք անվախօրէն արտայայտեց իր խօսքն ու միտքը, ապա, ուրեմն, հայութիւնը կ՛ապրի եւ պիտի ապրի:
Մենք, իբրեւ հայ աշակերտներ, պիտի շարունակենք պայքարիլ մեր ինքնութեան համար: Թուրքը հայերուն «կեաւուր» թող անուանէ, հարց չկայ, կարեւորը ա՛յն է, որ ես հպարտ եմ, որ կը պատկանիմ հայ ազգին ու հպարտօրէն ինքզինքս կը կոչեմ հայ քրիստոնեայ: Թուրքը դարերէ ի վեր նոյնն է եւ չի փոխուիր: Տինքին ուղիին հետեւելով միայն մեր ազգը կը գոյատեւէ:
Յարգա՛նք Տինքին, յարգա՛նք հայ ժողովուրդի հին ու նոր նահատակներուն:
ՆԱՐԻՆԷ ՄԱՐԳԱՐԵԱՆ
Ա. մրցանակակիր
Տինքին հետ մտերմիկ զրոյց մը
Օր մը, երբ ճամբան հանդարտօրէն կը քալէի, տեսայ փայլուն երեսով եւ ծանօթ դէմքով մարդ մը: Նախ չյիշեցի, բայց պահ մը ետք աչքերուս չհաւատալով` գիտցայ, որ ենթական Հրանդ Տինքն էր, վաստակաւոր եւ հայրենասէր երիտասարդը, որ հայերուն հարցին համար սպաննուեցաւ` իր ետին ձգելով տիպար հայուն նկարագիրը:
Սրտի արագ շարժումներով կամաց-կամաց մօտեցայ եւ անոր փայլուն ու հայկական աչքերուն նայեցայ: Վայրկեան մը ետք Տինքին հարցուցի. «Տինքը դո՞ւք էք»: Ենթական ամուր կերպով ձեռքս բռնեց ու պատասխանեց. «Այո՛, փոքրի՛կ աղջիկ, հաւատա՛, որ ես եմ: Մի՛ վախնար, եկո՛ւր քովս»:
Քով-քովի նստած` զրուցեցինք: Կարճ ժամանակ ետք Տինք հարցուց, թէ արդեօք հայերուն վիճակը լա՞ւ է: Մտահոգ պատասխանեցի, որ հայերը տակաւին չեն տիրացած իրենց իրաւունքներուն, բայց «լաւ է»: Անոր աչքերը անմեղ արցունքներով լեցուեցան, երբ յանկարծ ես իր ձեռքը բռնելով` ըսի. «Լալը անօգուտ է, եթէ երկինքէն հրեշտակ մըն ալ իջնէ, թուրքերը պիտի շարունակեն իրենց քաղաքականութիւնը»: Տինք աւելցուց. «Անոնք մեր արմատները փճացուցին, մեր երջանկութեան աղբիւրը չորցուցին: Անոնք հրէշէն աւելի գէշ են»:
Ժամեր ու ժամեր խօսեցանք: Տինք պատմեց իր կեանքին դրուագները եւ թուրքերուն հալածանքները, անխիղճ վերաբերմունքը: Մութ էր, պէտք էր վերադառնայի տուն: Զրոյցի աւարտին մաղթեցի ունենալ Տինքին քաջութիւնն ու խիզախութիւնը: Տինք ըսաւ. «Ամէն մէկ հայ կրնայ Տինք ըլլալ, եթէ ամուր կամք ու հաւատք ունի»:
… Եւ յանկարծ ժամացոյցիս զանգը հնչեց, եւ ես արթնցայ:
Պէտք է Հրանդ Տինք ըլլամ…
ԱՆՆԱ–ՄԱՐԻԱ ԳԱՊԱՔԵԱՆ
Բ. մրցանակակիր
Խօսքը ամուր զէնք է
Հայաստանի փողոցներուն մէջ պտոյտ մը կը կատարէի, երբ յանկարծ դիմացս երեւցաւ Հրանդ Տինքը: Փոքր տարիքէս փափաքած էի հետը հանդիպում մը ունենալ` ստանալու շարք մը հարցումներուս պատասխանները:
Անմիջապէս մօտեցայ Հրանդին, բարեւեցի եւ առաջարկեցի, որ միասին զրուցենք: Առաջարկս արագօրէն ընդունուեցաւ:
Տինք հարցուց, թէ ինչո՞ւ կ՛ուզեմ հետը տեսնուիլ: Պատասխանեցի. «Պարո՛ն Հրանդ, դուք Հայկական հարցին մասին բաւականին տեղեկութիւններ ունիք եւ կրնաք հարցումներուս պատասխաններ տալ»:
Ան ժպիտով մը ըսաւ. «Լա՛ւ, հրամմէ՛…»:
– Փոքր տարիքէս մայրս կը պատմէր Հայոց ցեղասպանութեան մասին, բայց ես տակաւին չեմ հասկնար, որ թուրքերը արդեօք այդքան անխիղճ ժողովո՞ւրդ են: Արդեօք կ՛ուզեն, որ նոյն ոճիրին իրենք ենթարկուին:
– Դիւրին չէր պատահածը, բայց այսօր մենք մեր թուղթէ շերեփներով չենք կրնար դէմ կանգնիլ թուրքին երկաթէ շերեփներուն:
Տինքին այս պատասխանը մեծ ցաւ պատճառեց, եւ սկսայ մտածել, թէ մենք ինչո՞ւ այսքան տկար ենք, նոյնիսկ զէնք չունինք, երբ Տինք շարունակեց.
– Լսէ՛, աղջիկս, բայց ո՞վ ըսաւ, որ միայն զէնքով կրնանք յաղթել: Խօսքով, գրիչով եւ մեր մտածումներով ալ կրնանք յաղթանակ կերտել:
Դժուար էր Տինքին հարցնել, թէ թուրքը կը փոխուի՞, թէ՞ ոչ: Սակայն այսպիսի հանդիպում մը գուցէ անգամ մըն ալ տեղի չունենայ: Ուստի, հարցուցի, ու Տինք վստահօրէն պատասխանեց.
– Թուրքը թուրք է, չի փոխուիր: Վստահ եմ, որ միտքէդ կ՛ըսես, որ Հրանդը պարապ բաներ կը խօսի, սակայն ապագային դուն ալ նոյնպէս պիտի մտածես:
Ժամը ուշ էր. ստիպուած պէտք էր բաժնուէինք` յուսալով, որ օր մը դարձեալ կը հանդիպինք:
Տարիները անցան եւ օր մըն ալ համակարգիչիս դիմացը նստած` համացանցէն կարդացի Տինքին սպանութեան լուրը: Այդ պահուն իր խօսքերը եւ թելադրանքները յիշեցի եւ երկինք նայելով` բարձրաձայն ըսի. «Իրաւունք ունիս. խօսքն ալ զէնք է, այլապէս քեզ չէին սպաններ»:
ՍԷՐԼԻ ՏԷՐՏԷՐԵԱՆ
Գ. Մրցանակակիր
http://www.aztagdaily.com/archives/112714
Leave a Reply