Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին նուիրուած ջահերով երթ

Ջահերով ԵրթԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայոց Ցեղասպանութեան 98-րդ տարելիցի նախաշեմին Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Հայաստանի երիտասարդական միութիւնը եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութիւնը 23 ապրիլին պիտի կայացնեն հանրային հաւաք եւ ջահերով աւանդական երթ դէպի Ծիծեռնակաբերդ: ՀՅԴ երիտասարդական միութիւնը այս առնչութեամբ հրապարակած է յայտարարութիւն մը, որով բոլոր ուսանողական, երիտասարդական կազմակերպութիւնները հրաւիրած է երթին մասնակցելու։
«Սիրելի երիտասարդներ, Ապրիլի 24ի նախօրեակին ապացուցենք մեր միասնութիւնը եւ մեր անժամանցելի իրաւունքներին տէր լինելու վճռական կամքը», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Նշենք, որ ամէն տարի Ապրիլ 24ի նախորդող գիշերը Հայոց Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերուն յիշատակին նուիրուած ջահերով երթ տեղի կ՛ունենայ։

http://asbarez.com/arm/157815/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ