ԵՐԵՒԱՆ.– Սոնա Աւագեան կը գրէ, որ Հայաստանի ազգային արխիւը կը ստեղծէ 1914-1922 թուականներու Հայոց Ցեղասպանութեան ընթացքին սպաննուած հայերու անուններու էլեկտրոնային շտեմարան, ուր պիտի նշուի տուեալ հայուն անունը, ծննդեան վայրը եւ թուականը, զոհուած վայրը եւ թուականը, նաեւ ոճրագործին անունը եւ այլ տեղեկութիւններ: Այս տեղեկութիւնը փոխանցած է Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն, պատմաբան Ամատունի Վիրաբեանը «Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» միջազգային գիտաժողովին ընթացքին։
Անոր համաձայն, Ազգային արխիւին մէջ արդէն ստեղծուած է աշխատողներու համապատասխան խումբ, որ արխիւային փաստաթուղթերէն, եղած գրականութենէն, յուշերէն օգտուելով պիտի ամբողջացնէ հարցաթերթիկներ՝ 1914-1922 թուականներուն սպաննուած հայերուն մասին: Էլեկտրոնային շտեմարանին մէջ կրնան ըլլալ մարդիկ, որոնց ամբողջական տուեալները չկան: Օրինակ կան որբեր, որոնց մասին հարցաթերթիկներուն մէջ նշուած է հօր անունը, իսկ մօր անունը չկայ, միայն արձանագրուած է մօրը սպանութեան թուականը:
«Ի հարկէ, 1.5 միլիոն անուն չենք կարող հաւաքել, որովհետեւ այս աշխատանքը արդէն փաստօրէն շատ-շատ ենք մենք ուշացրել: Մենք, յամենայնդէպս, յոյս ունենք, որ միայն մեր ունեցած տուեալների համաձայն՝ կը կարողանանք հաւաքել, իմ հաշուարկներով, 150 հազար կոնկրէտ, զոհուած, ոչնչացուած մարդու անուն», յայտնած է Ամատունի Վիրաբեանը:
Էլեկտրոնային շտեմարան ստեղծելու աշխատանքները նախատեսուած է աւարտել 2015ին: Շտեմարանը պիտի տեղադրուի համացանցին վրայ՝ քանի մը լեզուներով, եւ հասանելի պիտի ըլլայ կայքէջի բոլոր այցելուներուն:
Հայաստանի ազգային արխիւը պիտի շարունակէ հրատարակելու նաեւ հատորներ՝ Ցեղասպանութենէն փրկուածներուն կրած նիւթական վնասներուն մասին: 1918ի աւարտին ամենայն հայոց բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի ղեկավարութեամբ ու Հայաստանի կառավարութեան օժանդակութեամբ Թիֆլիսի մէջ ստեղծուած էր յանձնախումբ, որ մօտ 29 հազար մարդոց տեղեկութիւն հաւաքած էր՝ նշելով անոնց նիւթական եւ մարդկային կորուստները ու պատրաստելով հարցաթերթիկներ:
Այս տուեալներուն հիման վրայ Հայաստանի ազգային արխիւը հրատարակած է երկու հատոր՝ Պաքուի եւ Էլիզապեթպոլի նահանգներուն մէջ արձանագրուած այդ նիւթական կորուստներուն վերաբերեալ։ Միւս հատորները եւս լոյս պիտի տեսնեն ըստ տարածաշրջաններու տարանջատման սկզբունքին:
Հայաստանի ազգային արխիւը նաեւ պիտի հրատարակէ Ցեղասպանութիւնը վերապրած հայերու վկայութիւններու նուիրուած հատորներ: Վկայութիւնները գրի առնուած են Ցեղասպանութենէն ընդամէնը 1 տարի ետք՝ 1916ին, երբ մարդոց յիշողութիւնը թարմ էր, անոնք վկայութիւններուն մէջ կը նշեն անուններ, նաեւ ոճրագործներու, կը պատմեն, թէ ինչպէս տեղի ունեցած է ջարդը, տեղահանութիւնը, ինչպէս փրկուած են իրենք:
Ցեղասպանութիւնը վերապրած այն հայերը, որոնք գրագէտ եղած են, իրենց ձեռքով գրած են վկայութիւնները, յատկապէս Խարբերդի, Էրզրումի տարածաշրջանի պատմողները: Իսկ, օրինակ, Վանէն, Սասունէն, Մուշէն փրկուած տարիքոտ կիներ, որոնք գրել չեն գիտցած, պատմած են, եւ ուրիշներ գրի առած են պատմութիւնը:
«1916թ. Անդրկովկասում գաղթականների շրջանում եւ Արեւմտեան Հայաստանում, յատկապէս Էրզրումում, Երզնկայում՝ ռուսական զօրքերի կողմից գրաւուած, գրի է առնուել այդպիսի 700 պատմութիւն: Մենք այսօր ունենք տարբեր թղթերի վրայ տարբեր ձեռագրերով լաւ, գրագէտ հայերէնով կամ բարբառով գրուած 700 այսպիսի վկայութիւն: Այս 700ից 615ը մենք անցած տարի արդէն հրատարակել ենք՝ առանց որեւիցէ բառ փոփոխելու», յայտնած է Ամատունի Վիրաբեանը: Հրատարակուած 615 պատմութիւնները պիտի ամփոփուին 3 հատորներու մէջ՝ առաջինը կը ներկայացնէ Վանի նահանգը, երկրորդը՝ Պիթլիսի նահանգը, երրորդը՝ Էրզրումը, Խարբերդը, Տիգրանակերտը, Սեբաստիան, Տրապիզոնը եւ Պարսկահայքը:
«Մենք տուել ենք նաեւ Պարսկահայքը, որովհետեւ 1914թ. Դեկտեմբերին երբ թուրքական զօրքերը մտան Պարսկահայք, հայ մարդկանց ոչնչացնելու առաջին փորձը, փաստօրէն, տեղի ունեցաւ այնտեղ 1914թ. նոյեմբերի-դեկտեմբեր ամիսներին», յայտնած է Ամատունի Վիրաբեանը:
«Վան» հասարակական կազմակերպութեան աջակցութեամբ այս հատորները պիտի թարգմանուին անգլերէնի ու թրքերէնի:
Հայաստանի ազգային արխիւը կը նախատեսէ 2013-2014ին լոյս ընծայել չորրորդ եւ հինգերորդ հատորները:
http://asbarez.com/arm/157681/
Leave a Reply