Թուրք մտաւորականները Հայոց Ցեղասպանութեան շուրջ եղած լռութեան պատը քանդելու աշխատանք պիտի տանին

Ռակըպ ԶարաքօլուԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Թուրք հրապարակախօս, պատմաբան Ռակըպ Զարաքօլուն Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին ընդառաջ կը շարունակէ իր աշխոյժ գործունէութիւնը: «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ հարիւրամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային երկօրեայ գիտաժողովի ծիրին մէջ, ան լրագրողներուն յայտնած է. «Ասիկա միայն իմ հարցս չէ, այլ մարդու իրաւունքներու հարց է: Ինչպէս գիտէք, արդէն քանի մը տարիէ ի վեր Ապրիլ 24ը Թուրքիոյ մէջ կը նշուի մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կազմակերպութիւններուն կողմէ, բազում աշխատանքներ կը տարուին 90ական թուականներէն ի վեր. այս խնդիրը մաս կը կազմէ այս կազմակերպութիւններու գործունէութեան, նոյնիսկ անոնց կանոնադրութեան մէջ տեղ գտած է ցեղասպանութեան հարցը, բայց ոչ միայն հայոց, այլեւ աշխարի բոլոր ցեղասպանութիւններու հարցը», նշած է Զարաքօլու:
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան վերաբերեալ թրքական արխիւներէն որոշակի բացայայտումներ կատարուած են: «Ի հարկէ Թուրքիոյ մէջ կան արխիւներ, որոնք աւելի շատ տեղեկութիւն կրնան տալ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին մասին: Կարեւորագոյնը ի հարկէ, զինուորական արխիւներն են, որոնք փակ են: Ցաւօք, Թուրքիոյ մէջ վիճակը այնպէս է, որ նոյնիսկ պետական արձանագրութիւնները չեն մտներ համացանցային միջավայր, որովհետեւ ատիկա պետական գաղտնիք կը նկատուի», նշած է ան:
Զարաքօլու դիտել տուած է, որ թրքական իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնները արդէն 20 տարի է՝ պայքար կը մղեն Թուրքիոյ մէջ ոչ միայն ցեղասպանութեան, այլեւ մարդու իրաւունքներու եւ այլ խնդիրներու գծով: «Այդ պայքարին ընթացքին շատ ընկերներ մահացան, մարդու իրաւունքներու բազում պաշտպաններ բանտարկուած են: Ասիկա այնպիսի աշխատանք է, որ պիտի կատարուի նոյնիսկ վախի առկայութեան պարագային: Ասիկա համարձակութեան խնդիր չէ, այլ՝ խղճի», նշած է ան՝ յիշեցնելով, որ Թուրքիա 1949 թուականին ընդունած է Ցեղասպանութիւններու վերաբերեալ ՄԱԿի ուխտը, բայց մինչեւ օրս ոչ միայն կ՛ուրանայ իրականութիւնը, այլ 2001էն ի վեր Թուրքիոյ տարածքին կը գործէ յատուկ կոմիտէ, որ կը համակարգէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը: Անոր համաձայն, որպէս հիմնական քայլ պէտք է կատարուի այդ յանձնաժողովին լուծարումը:
«Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտման նպատակով ամբողջ համակարգ մը ստեղծուած է, եւ եթէ ոեւէ թրքական համալսարանի մէջ դասախօսը կամ ուսանողը ուզէ այս ողբերգութեան ուսումնասիրութիւնը կատարել, ապա կապ պիտի հաստատէ եւ առնչուի այդ կոմիտէին հետ:  Ոչ ոք կ՛ուզէ նման պատասխանատուութիւն ստանձնել, մանաւանդ եթէ նկատի առնենք այն, որ Ցեղասպանութեան ճանաչումը ազգային դաւաճանութիւն կը նկատուի: Վերջին տարիներուն ընթացքին թրքական համալսարաններուն մէջ պատրաստուած է Ցեղասպանութեան վերաբերող 22 աշխատութիւն, բայց միայն երկուքին մէջ առկայ չէր ժխտողականութիւնը», դիտել տուած է Ռ. Զարաքօլու: Անոր համաձայն, այս քաղաքականութիւնը կը յանգեցնէ Թուրքիոյ պատմութեան ընդհանուր ուսումնասիրութեան թերացման, մանաւանդ որ 1980ի յեղաշրջումէն ետք Ցեղասպանութեան ժխտման քաղաքականութիւնը զուգորդուեցաւ հայութեան հետ կապուած պաշտօնական բոլոր արխիւային փաստաթուղթերու ոչնչացման փորձերուն:
Զարաքօլու տեղեկացուցած է, որ թրքական մտաւորականութիւնը Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին մտադիր է յաւելեալ աշխատանքներ տանելու՝ այդ հարցին շուրջ եղող լռութեան պատը քանդելու ուղղութեամբ:

http://asbarez.com/arm/157549/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ