Արեւմտահայերէնը անաղարտ պահելու նախաձեռնութիւններ ծրագրուած են:
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ գահակալ Արամ Ա. կաթողիկոս երկար ատենէ ի վեր կ՛արծարծէ այս հարցը, որ տագնապի մը բնոյթը ունի: Ահազանգային անկիւնադարձի մը դիմաց կը գտնուինք, հետեւաբար պէտք է լուրջ նախաձեռնութիւններով պաշտպանենք ոսկեդարեան ոսկեղնիկը:
Այս կապակցութեամբ Արամ Ա. կաթողիկոս որոշած է խորհրդաժողովներով եւ գիտաժողովներով լուծում մը գտնելու առաջադրանքներ ներկայացնել: Հրապարակ, մամուլով կը ծանուցուի արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացք, Անթիլիասի կաթողիկոսարանին մէջ, շաբաթական երկու օրուան դասապահերով:
Արեւմտահայերէնը պահպանելու համար պէտք է բարելաւուի նախ մեր խօսակցական պարզ լեզուն` զայն մաքրելով օտար բառերու օգտագործումէն: Այդ օտար բառերը անմեղ ըլլալ կը թուին, բայց հետզհետէ իրենք զիրենք պարտադրելու ելած են, կ՛իշխեն հայերէնը լաւ չգիտցողներուն եւ լաւ գիտցողներուն լեզուներուն: Օրինակներ տանք այդ անմեղ եւ աննշան կարծուած բառերէն:
Սկսանք «մերսի» ֆրանսերէն բառով, որ այնքան լաւ փակաւ մեր լեզուներուն, որմէ անկարելի է բաժնուիլ: Փակագիծի մէջ ըսենք, որ հայաստանցիներն ալ կ՛օգտագործեն «մերսի»-ն, պատկերասփիւռային «սերիալ»-ներու խօսակցութեան ընթացքին…
Ներկայիս անգլերէն լեզուն, ինչպէս` տոլարը, աշխարհին տիրապետելու արշաւ ունի: Շատեր մոռցած են «մերսի»-ն եւ կ՛ըսեն «թենք եու»: Ո՞ւր մնաց մեր շնորհակալութիւնը:
«Մոռցած ենք մնաք բարով, երթաք բարով, ցտեսութիւն, կամ պարզապէս ցը-ն, հրաժեշտի արտայայտաձեւը: Փոխարէնը որդեգրեցինք «պայ պայ»-ը: Արդեօք աւելի լա՞ւ չէ մեր «մնաք բարով»-ներու, «երթաք բարով»-ներու մաղթանքը, ի՞նչ կը նշանակէ «պայ պայ», Աստուած գիտէ… Երկու վանկով օտարահունչ այս բառը:
Հա՞պա «Օ քէյ»-ը: Այս օտար ըսելաձեւը այնքան շատ կ՛օգտագործուի մեր մէջ, որ նոյնիսկ երիտասարդ մայրեր իրենց զաւակներուն հետ կը խօսին «օ քէյ»-ով: Փոխանակ ըսելու` լաւ, կամ` եղա՞ւ, հասկցա՞ր հոգիս, կամ այլ հայաշունչ բառով մը, զաւակը կը սաստէ կամ կը սիրէ «օ քէյ»-ով, ամէն վայրկեան: Մօր բերնին մէջ երեք բառին մէկը անպայման «օ քէյ»-ն է:
Միայն մայրերը չեն, բոլորս, մեծով պզտիկով, բարեկամութեան կամ առեւտուրի մէջ: Շատ կը լսենք «օ քէյ»-ս տուի, «օ՞ քէյ» ես եւ այլ արտայայտութիւնները:
Վերջերս նոր բառ մըն ալ մուտք գործեց հայոց լեզուն խանգարողներուն բառամթերքին մէջ: Այս բառը անգլերէն «սօ» բառն է, որ հայերէն «ուրեմն» բառին իմաստը կու գայ գրեթէ: Այսպիսիք անգլերէն լեզուն ալ լաւ չեն գիտեր, բայց յառաջադէմ, զարգացած նկատուելու համար կը դիմեն նման բառերու: Ըսենք` պրաւօ կամ հայացնելով ըսենք` ապրի՛ք, շատ ապրի՛ք:
Կը մտածեմ իմ սերունդին, կամ աւելի երիտասարդ սերունդին մասին, որ հայերէն խօսեցաւ ճիշդ կերպով: Ո՛չ արաբերէն, ո՛չ անգլերէն եւ ո՛չ ալ ֆրանսերէն բառեր կը ներմուծէինք մեր խօսքերուն մէջ: Այդ ժամանակաշրջանին մեր շուրջը կը տիրէր թրքախօսութիւն Եղեռնէն փրկուած սերունդներուն բերնին մէջ: Մեր խեղճ մեծ մայրերը եւ մեծ հայրերը բախտը, առիթը չէին ունեցած դպրոց երթալու: Թուրքը արգիլած էր հայերէն խօսիլ, կամ` ջարդերը միշտ անպակաս եղած են Արեւմտահայաստանի եւ Կիլիկիոյ մէջ մասնաւորաբար: Ի պատիւ թրքախօս սերունդին վկայենք, որ անոնք նորածաղկ սերունդէն սորվեցան հայերէն խօսիլ, հոգ չէ թէ` քիչ մը աղաւաղուած:
Այսօր պատկերը բոլորովին տարբեր է: Լեզուական այլասերումը կը տիրապետէ, որովհետեւ իւրացուցած ենք արաբերէնը, անգլերէնը, ֆրանսերէնը եւ այլ լեզուներ, կը ճնշենք հայոց լեզուին վրայ` զայն հեռացնելով իր արմատներէն, Մեսրոպ Մաշտոցէն:
Արամ Ա. կաթողիկոս կը պայքարի այս թեթեւամտութեան դէմ, օտար վարժարաններու մէջ հայոց լեզուն մոռցողները կը հրաւիրէ, հայերէնը սորվելու: Կը հրաւիրուին նաեւ միութիւններու, թաղական խորհուրդներու քարտուղարները, որպէսզի գան Անթիլիասի մայրավանք, շաբաթը երկու օր, երեկոները, հետեւին արեւմտահայերէնի խտացեալ դասընթացքներուն:
Այս առիթով կը խնդրենք նաեւ հայկական ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի խօսնակներէն, հաղորդավարներէն, չօգտագործեն արեւելահայերէն բառեր, մոռնալով արեւմտահայերէն հարազատը: Քանիցս կրկնած ենք, թէ արեւելահայերէնը սքանչելի լեզուաճիւղ է, բայց երբ անկէ բառեր խառնենք արեւմտահայերէնին, կը կորսուի մեր լեզուին ճշգրտութիւնը: Արեւելահայերը երբեք բառ մը իսկ փոխ չեն առներ արեւմտահայերէնէն, եւ ճիշդ կ՛ընեն, բայց ինչո՞ւ մենք…
Օրինակ, խնդրենք` մի՛ ըսէք միջոցառում, այլ` արեւմտահայերէնով ձեռնարկ, հանդէս: Մենք կ՛ըսենք մեկնում եւ ոչ` մեկնարկ: Մենք կ՛ըսենք փաստ, եւ ոչ փաստարկ /արկ մասնիկը աւելորդ է, բառը կ՛երկարէ, չէ՞ որ արագութեան դար է, չէ՞ք տեսներ` ամերիկացիները ինչպէ՛ս կը կրճատեն բառերը: Մենք կ՛ըսենք շահ եւ ո՛չ` շահոյթ, մրցանք, մրցում, ոչ` մրցոյթ: Հոս ալ մեր լեզուին համար «ոյթ» յետադաս մասնիկը աւելորդ է:
Մենք կ՛ըսենք` գաղթական, փախստականը ուրիշ իմաստ ունի: Մենք կ՛ըսենք բանտարկուած, արգելափակուած, չենք ըսեր ազատազրկուած: Չմոռնանք մեր բառերը: Յիշենք նաեւ, որ արեւմտահայերէնի հարուստ բառամթերքին մէջ բառեր կան, բայց արեւելահայերէնի մէջ չկան: Արեւելահայերէնի մէջ կ՛օգտագործուին բարբառները, իրենց կարգին հաճելի, այսուհանդերձ կարելի չէ ներմուծել պաշտօնական լեզուին մէջ:
Կը բաւարարուինք այս հատ ու կենտ օրինակներով: Արեւմտահայերէնը մաքուր պահենք, եթէ չենք ուզեր այս լեզուով գրուած հարուստ ժառանգութիւն մը կորսնցնել:
Հետեւինք Արամ Ա. վեհափառին ցոյց տուած ճանապարհին:
http://www.aztagdaily.com/archives/112562
Leave a Reply