Սկսաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. Մարտահրաւէրներ 100ամեակի նախաշեմին» գիտաժողովը

Հայոց ցեղասպանությունԵՐԵՒԱՆ.– 22 մարտին սկսաւ «Հայոց Ցեղասպանութիւն. մարտահրաւէրներ 100ամեակի նախաշեմին» խորագիրով միջազգային գիտաժողովը, որուն կը մասնակցին սփիւռքահայ եւ օտար գիտնականներ: Գիտաժողովը կազմակերպած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւնները համակարգող պետական յանձնաժողովը:
Զեկուցողները ներկայացուցին տարբեր հարցեր՝ Հայոց Ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան արդի վիճակն ու հեռանկարները, աղբիւրագիտութեան, իրաւական եւ քաղաքական ազդեցութիւնները: Գիտաժողովին բացման ընթացքին ընթերցուեցան Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի ուղերձները:
Երկու օրուան ընթացքին հայ եւ օտար գիտնականները պիտի քննարկեն Հայոց Ցեղասպանութեան մարտահրաւէրները՝ 100րդ տարելիցի նախաշեմին: Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան այս առիթով նշեց, որ համահայկական ջանքերով հայաստանեան, թրքական, միջազգային լսարաններուն պէտք է նոր տեղեկութիւններ հաղորդել, նոր փաստեր առաջ բերել՝ Ցեղասպանութեան հետեւանքներու վերացման աշխատանքներուն մէջ նոր հանգրուանի հասնելու համար:
«2015 թիւը աւարտը չէ, այլ շատ առումներով մեկնարկն է: Այստեղից պիտի սկսուի պայքարի նոր եղանակ, մշակենք եւ ձեւակերպենք մեր հետագայ անելիքները: Որեւէ մէկ կողմ թող յոյս չունենայ, որ հայ ժողովուրդը 2015ին առաւել եւս պայքարի հարցում վերջակէտ է դնելու», յայտնեց Հայկ Դեմոյեան:
Զեկուցողները անդրադարձան Հայոց Ցեղասպանութեան առնչուող տարբեր խնդիրներու: Ամերիկահայ պատմաբան Վահագն Տատրեան նշեց, որ Հայոց Ցեղասպանութեան գործադրութենէն շատ տարիներ առաջ ծրագրուած էր ասիկա, եւ հայերը կոտորուելէ առաջ անմարդկային տանջանքներու կ՛ենթարկուէին: Պատմաբանը զուգահեռներ գծեց 20րդ դարու մեծագոյն ոճրագործութիւններուն՝ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումի միջեւ:
Պոխումի համալսարանի Ցեղասպանութեան եւ Սփիւռքի հիմնարկի տնօրէն Միհրան Տապաղի համաձայն, արդէն հասած է ժամանակը, որ խօսուի ոչ թէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ապացուցելու, այլ հարցին առանձին դրուագներուն մասին: Միհրան Տապաղ որպէս օրինակ յիշած է այն, որ Եւրպայի մէջ պիտի բացուի Յիշողութեան պատմութեան թանգարան, ուր Հայոց Ցեղասպանութիւնը  ներառուած չէ: «Կը տեսնենք, որ ինչպէս քաղաքական ուրացումը իր հետեւանքները  կ՛ունենայ նաեւ մշակութային յիշողութեան քաղաքականութեան մէջ: Մեր աշխատանքը պիտի կեդրոնանայ այն կէտին վրայ, որ տեսնենք, թէ ինչպիսի՛ մտապատկերներով, ձեւերով կարելի է ստեղծել յիշողութեան նոր մշակոյթ», ըսաւ ան:
Գիտաժողովին ընթացքին քննարկուած հարցերը, հնչած կարծիքներն ու առաջարկները պիտի օգտագործուին Հայոց Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններու համակարգող պետական յանձնաժողովի հետագայ աշխատանքներուն ընթացքին:

http://asbarez.com/arm/157569/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ