Էրտողանին կոչ կ՛ըլլայ ետ քաշելու սիոնականութեան մասին խօսքը

Ասպարեզ օրաթերթԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Անդրադառնալով սիոնականութիւնը ֆաշականութեան հաւասարեցնելու մասին Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի յայտարարութեան՝ թրքական «Ճումհուրիյէթ» թերթի սիւնակագիր Օզկեն Աճար կը նշէ, թէ ամերիկացի 89 քոնկրեսականներ, որոնցմէ 12-ը Թուրքիոյ հետ բարեկամութեան միջխորհրդարանական խմբակի անդամներ են, այդ առնչութեամբ նամակ յղած են Էրտողանին՝ լուրջ մտահոգութիւն եւ հիասթափութիւն յայտնելով անոր յայտարարութեան առթիւ, միաժամանակ յոյս յայտնելով, որ վարչապետը ետ կը քաշէ իր խօսքը: «Անհամբեր կը սպասենք, որ ետ վերցնէք սիոնականութիւնը ֆաշականութեան հետ համեմատող եւ սիոնականութիւնը իբրեւ մարդկութեան դէմ ոճիր բնութագրող ձեր արտայայտութիւնը»,- գրած էին քոնկրեսականները: Աճար կը յիշեցնէ, թէ հայկական, յունական եւ ասորական կազմակերպութեանց դէմ թուրքերու մղած պայքարին մէջ հրէական լոպիական ուժերը միշտ կանգնած են թուրքերու կողքին, եւ ըստ անոր՝ սիոնականութեան հասցուցած այս վիրաւորանքէն ետք Էրտողան ինքզինք դրած է դժուար երկընտրանքի մը առաջ: Աճար կը պնդէ, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան հարցին մէջ «չպարտուելու համար» Էրտողան պէտք է ետ քաշէ իր այդ գայթակղեցուցիչ յայտարարութիւնը:

«2015-ի Ապրիլ 24-ին քիչ ժամանակ մնացած է: Քոնկրեսականներու այդ նամակէն ետք արդեօք Էրտողան ետ պիտի քաշէ՞ իր խօսքը, թէ հայկական լոպին պիտի յաղթանակէ 100-ամեայ տարելիցին»,- հարց կու տայ թուրք լրագրողը:

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ