ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Ո՛չ ըսէ ցեղամոլութեան եւ ազգայնականութեան» նախաձեռնութիւնը արդէն իսկ սկսած է պատրաստութիւններ տեսնելու՝ իրագործելու համար Հայկական Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակի ոգեկոչման արարողութիւններ Թուրքիոյ մէջ: Ըստ կազմակերպութեան պաշտօնական կայքին՝ թրքական կազմակերպութիւնը հրաւիրած է բոլոր փափաքողները, որպէսզի մասնակցին բաց քննարկման՝ այս տարուան ոգեկոչման արարողութիւններու նախապատրաստական աշխատանքին կապակցութեամբ:
«Կը մօտենայ 1915ի Հայկական Ցեղասպանութեան 100րդ տարելիցը: Մենք վերջին երեք տարիներուն, Ապրիլ 24ին կազմակերպած ենք սուգի նշումներ: Այս տարի խտրականութեան դէմ գործող եւրոպական կազմակերպութիւններու անդամները եւս մեզի հետ պիտի ըլլան: Կը շարունակենք նախապատրաստութիւնները», ըսուած է կազմակերպութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
http://asbarez.com/arm/156645/
Leave a Reply