Հրատարակութիւններու լուսանցքին. Մեր աղբիւրները եւ մեր սահմանները

000Յարութիւն Քիւրքճեան

Հրանդ Տինք հիմնարկի

վերջին երկու հրատարակութիւններուն առթիւ

«Հաւաւի ԱղբիւրներըՎերանորոգութեան Պատմութիւն մը»,

Ֆեթհիյէ Չէթին, Կ. Պոլիս, 2012

«2013 – ՕրատետրՍահմաններ»

 Նախ` գրասեղանիս հասած էր անոնցմէ առաջինը` գրքոյկ մը` «Հաւաւի Աղբիւրները», երկու տարբերակ-օրինակներով` հայերէն եւ անգլերէն: Կ’իմանայի, որ գրքոյկը ունի նաեւ թրքերէն տարբերակ` բնականաբար:

Լրատուական անընդմէջ, խաչաձեւ հոսքերու տարափին ենթակայ` ա’լ յաճախ կը դժուարանանք լուրերը ընկալելու-դասակարգելու` տուեալ կարեւորութեան կարգով մը: Բայց երբ` տարի մը առաջ, մամուլը արձագանգեց «Մեծ Մայրս» գիրքի հեղինակ, իրաւաբան Ֆեթհիյէ Չէթինի ուխտ-նախաձեռնութեան իր մեծ մօր` Հերանուշ Կատարեանի հայրենի Հաւաւ գիւղին աւերուած աղբիւրները նորոգելու, քիչ-շատ ուշադիր ընթերցողներ, ինծի պէս պահ մը կանգ առած` յաւելեալ զգաստութեան մը ալիքին տակ, ունեցան անդրադարձ մը:

Արդարեւ, այսպիսի տեղեկատւութեան մը առջեւ ինչպէ՞ս կրնայինք չնկատել, որ մեր հայրենի հողերու, պատմական անցեալի թաղեալ ու միայն վերացականօրէն, շա՛տ տեղ` նշանախօսային ոճով մեր մէջ վերապրող նշխարները ահա’  իրենց շուրջ դիզուած մոռացման հողերէն խաւ մը եւս կը թօթափեն` լոյս աշխարհ գալով քիչ մը աւելի, շարունակելով վերջին տասնամեակին սկսած յայտնաբերիչ երկրաշարժի յաջորդական ցնցումները:

Նախադրեալներ

Ֆեթհիյէ Չէթինի շրջադարձային «Մեծ Մայրս» գործին վերադառնալու տեղը չէ հոս. նուազ եւս` ծանրանալու իր կեանքին եւ գործունէութեան վրայ: Միայն թերեւս լաւ է յիշել, որ իրաւաբան, մարդկային եւ փոքրամասնական իրաւունքներու գործիչ, կանուխէն` 80-ական տարիներէն, Թուրքիոյ պետական բանտերը ճաշակած հերոսական այս գործիչին առաջին երկը (2004) ցարդ ունեցած է շուրջ տասնեակ վերհրատարակութիւններ` խօսելով միայն թրքերէն բնագրին մասին: Թարգմանուած է նաեւ մի քանի լեզուներու, որոնց կարգին` հայերէնի:

Երկին ստեղծած ալիքներն ու արձագանգները, նկատի առած պահն ու իրադրութիւնը, եղած էին շատ զգալի. երկրի բոլոր անկիւններէն արձագանգած էին մեծաթիւ «ծածուկ հայեր», գրաւուած գործին թելադրանքէն` յիշողութեան զարթնումի եւ ծածկուած-պահպանուած ինքնութեան հաստատումի: Արդէն այս արձագանգներէն փունջ մը զրոյցներ շուտով պիտի կազմէին երկրորդ` «Թոռներ» հատորը (1909), իր` Ֆ. Չէթինի եւ Այշէ Կիւլ Ալթընայ ազգագրաբանի հեղինակակցութեամբ:

Հաւաւ գիւղի աղբիւրները

Հոս, ուրեմն, խօսքը Ֆ. Չէթինի հետեւող նախաձեռնութեան մասին է, ուխտ-նախաձեռնութիւն` կ’ըսէի, նորոգելու իր մեծ մօր հայրենի Հաւաւ գիւղի աղբիւրները: Վերանորոգման գործը` իր հանգրուաններով, պատմուած է իր իսկ կողմէ, ձայնակցաբար գործակիցներու հետ, մի քանին` իրեն արդէն ծանօթ պայքարի ընկերներ, միւսները` նորեր, կամաւորներ` զանազան վայրերէ ժամանած, տեղացի հայեր, եզիտիներ, քիւրտեր, թուրքեր (յաճախ` ալեւի դաւանանքի). բայց եւ արտասահմանի հայեր` Հայաստանէն թէ Սփիւռքէն:

Գրքոյկներու հիմնական նիւթը` աղբիւրներու վերակառուցման պատումը, կ’ըլլայ բաւական  մանրամասն: Շատ բնորոշ կը տրուին գործի յաջորդական փուլերն ու պարագաները` վարչական որոշ պաշտօնատարներու յարուցած դժուարութիւններէն եւ այլոց դրական ընդառաջումէն` մինչեւ գիւղի ներկայ բնակիչներու կասկածոտ վերապահութիւնը հանդէպ այս «դրսեցիներուն», որոնք եկած ըլլալու էին… «հայերու ձգած ոսկին փնտռելու»` իրենց կողմէ արդէն տասնամեակներ ի զուր պեղուած-քանդուած աղբիւրներուն տակ…:

Մակաբոյծ սպասողական այս կեցուածքը աստիճանաբար զարմանքի պիտի վերածուէր, ապա եւ վերջապէս, որոշ մէկ մասին մօտ` անսպասելիօրէն անշահախնդիր այս շինարարութեան հանդէպ` դրական ընկալումի եւ մասնակցութեան:

Գրքոյկները կենսականօրէն կը լրացուին, հակառակ իրենց փոքր ծաւալին ու չափին, լուսանցքներու մէջ շատ նպատակայարմարօրէն տեղադրուած բազմաձայն ու բազմապիսի վկայութիւններով:

Նախքան ասոնց անդրադառնալը, սակայն, կ’արժէ յիշել, Հրանդ Տինք Հիմնարկի բնոյթը համառօտակի սահմանող էջէն անմիջապէս ետք արձանագրուած` գրքոյկներու ձօնագրութիւնը. «1915ի Մեծ Եղեռնէն մազապուրծ փրկուողներէն գրեթէ ոչ ոք վերադարձաւ […] Աշխարհի  այլ երկիրներու մէջ [անոնք] երբեք չմոռցան իրենց երկիրը, յաճախ հայրենիքի յիշատակները աւանդեցին իրենց զաւակներուն եւ թոռներուն, ոմանք ալ գրի առին: Բոլոր այս գրաւոր կամ բանաւոր աւանդուածները այսօր անցեալի հաստ վարագոյրով ծածկուած իրականութիւններուն վրայ լոյս կը սփռեն: Այս աշխատութիւնը ձօնուած է իրենց յիշատակին»:

ՄատենագիտութիւնՎկայութիւններ

Հաւաւի պատմութեան առնչուող հրատարակութիւններէն լայնօրէն օգտագործուած են Տիգրան Փափազեանի «Պատմութիւն Բալու Հաւաւ Գիւղի» (Պէյրութ, 1960), Սուրէն Փափազեանի «Վերապրողի մը Ոդիսականը» (Երեւան, 2000), ու նուազ չափով մը` Պօղոս Կատարիկեանի «Մարած Ճրագներ. Հաւաւ Գիւղի Եղեռնը» (Նիւ Եորք, 1950):

Այս երեք հատորներէն կատարուած մէջբերումները հիանալի որմնանկար մը կը պարզեն մեր առջեւ` Ծոփաց աշխարհի այս աւանի կենսալի մօտիկ անցեալէն. ջանասէր եւ հպարտ հայ ազգաբնակչութիւն` կապուած հողին եւ ձեռներէց` ամէն տեսակի արհեստներու մէջ, ծաղկուն մշակոյթով հազարամեայ վանք ու եկեղեցիներ, բեղուն կրթական կեանք (կ’ոգեկոչուի 1912-ի ամրան տեղի ունեցած ուսուցչական սեմինարը` «Միացեալ Ընկերութեան» նախաձեռնութեամբ ու Եփրատ քոլէճի դասախօսներու մասնակցութեամբ…):

Այս բոլորը` կազմելու համար ցնցող հակադրութիւն մը Հաւաւի ներկայ վիճակին հետ, հարիւրամեա’կ մը ետք` նո’յն բերրի դաշտի կեդրոնը բազմած, բայց որ իր անմշակ եւ անմշակոյթ խեղճութիւնը կ’աղաղակէ գրքոյկին բոլոր էջերէն` նոյնիսկ առանց յատուկ ընդգծման որեւէ կարիքի…

Այլապէս շահեկան են վկայութիւնները` միշտ լուսացքներու մէջ տրուած` վերանորոգման գործի մասնակիցներուն: Ասոնք` մեծ մասամբ երիտասարդներ, կը ներկայանան վերը յիշուած ազգագրական խայտաբղէտ պատկերով:

Մեր ուշադրութիւնը կը գրաւեն մանաւանդ վկայութիւնները անոնց, որոնք (ծագումով հայ կամ գաղափարական անսովոր լայն հորիզոնի տէր տեղացիներ` քիւրտ, թուրք, ալեւի եւն.), նախաձեռնութեան մարդկային-մշակութային դաստիարակիչ արժէքէն անդին, չեն վարանիր շեշտելու կարեւորութիւնը անցեալ պատմութեան ստանձնումին, վերաշինուող յուշարձաններու հայակնիք նկարագիրը եւ խորհրդանշական արժէքը: Ապա` տպաւորութիւնները եւ գնահատումները Երեւանէն թէ Սփիւռքէն եկած բարեկամներու թէ նորայայտ գաղափարակից-գործակիցներու…

Վերանորոգումի մը խոր իմաստը

Թրքահայ մարտունակ կին գործիչի մը այս նախաձեռնութիւնը` ձօնուած իր մեծ մօր եւ անոր բոլոր բախտակիցներուն, աքսորի ճամբաներուն վրայ սպաննուած կամ վերապրած` իբր անհայրենիք տարագիր թէ իբր տեղւոյն վրայ «սուրի մնացորդ», կը հետեւի վերոնշեալ նոյնանպատակ զոյգ հրատարակութիւններուն եւ անոնց պէս կը նշէ նոր գիտակցութիւն մը, որ կը զարգանայ մեր պատմական հայրենիքի հողերու տարածքին: Հայ ինքնութեան վերազարթնում` հայութենէն ցարդ դուրս մնացած տարրերու մօտ, այդ ինքնութեան առնչուող հաւաքական ինքնութեան հարցեր…:

Երեւոյթներ` ասոնք, որոնց հանդէպ նաեւ զգայուն կ’երեւի Սփիւռքի ու ներկայ հայրենիքի հայութեան մէկ մասը` ո’չ մեծ թիւ մը…

Որովհետեւ ոմանց կրնայ թուիլ, որ այսպիսի ելոյթներ կամ նախաձեռնութիւններ կը վերաբերին առաւելաբար Թուրքիոյ հայութեան «նոր» այս թեւին, որ շատ դիւրաւ կարելի է նաեւ փորձուիլ «լուսանցքային» նկատել, եթէ ոչ` օտարոտի, նկատի առած անոր լեզուական, մշակութային, յաճախ եւ կրօնադաւանական տարբերութիւնները: Նոյնիսկ եթէ անոր ելոյթները երբեմն կ’առնեն անըմբռնելի խիզախութեան մը ոճը, ինչպէս Վասպուրականի-Տարօնի եկեղեցի-վանքերու տիրութեան ձգտումները` Սասունի հայրենակցական խմբաւորման մը կողմէ, կամ ճիգը տերսիմահայերու մօտ` ինքնակազմակերպման կառոյցներ ստեղծելու:

Վերապահ ու կասկածոտ, առնուազն անտարբեր կեցուածք, որուն կը հանդիպինք, թերեւս հաւասար չափերով, ե’ւ Սփիւռքի, ե’ւ ներկայ Հայաստանի մէջ, ե’ւ «աւանդական» թրքահայութեան մօտ, մանաւանդ` Պոլիս: Իսկ երեւոյթին հանդէպ դրապէս տրամադրուած փոքրամասնութիւնը, նոյնպէս, ցրուած է Սփիւռքէն Հայաստան: Անիկա դրսեւորում կ’ունենայ մամուլի նիւթերով (պարագայաբար երեւցող, նուիրուած` օրինակ` համշէնահայութեան, Աղթամարի Ս. Խաչի, Տիարպէքիրի Ս. Կիրակոսի ուխտագնացութիւններուն), կամ միութենական կառոյցներով (Ակունք, Մարաթուկ), որոնք կը գործեն համացանցային կայքերու, ինչպէս եւ Արեւմտահայաստան հիւրաբար կատարուած ազգագրամշակութային ելոյթներու միջոցով…

Որուն ընկալումը կ’ուշանայ

Այս բոլորը կա’ն, բայց փաստ է, որ մեծամասնաբար կը մնանք հեռու Երկրի իրականութենէն: Շուտով հարիւրամեայ այս անջատումը անշուշտ ունի առարկայական մեկնակէտ. երէկ` անյաղթահարելի, իսկ այսօր` եւս չափով մը նկատառելի դժուարութիւնը Երկիր այցելելու, շփուելու անոր ներկայ իրականութեան հետ, մանաւանդ Բարձր Հայք-Վասպուրական-Տարօն եռանկիւնի պարագային: Բայց մեկնակէտէն անդին, մեր մէջ տասնամեակներն ի վար ստեղծուած` կա’յ մանաւանդ ենթակայական դժուարութիւնը` բութ եւ անզգալի: Աւելի բիրտ բառով մը ըսուած` Օտարո’ւմը…

Այսպիսի օտարում, հարկ կա՞յ ճշդելու, չի կրնայ բացատրուիլ, չի կրնար չքմեղուիլ` ներկայ հայրենի պետութեան ու Արցախի վրայ ուշադրութիւններու նոր կեդրոնացումով: Դժուար չէ նկատել, որ Արեւմտահայաստանի հանդէպ հետաքրքրութիւնը, եթէ ըլլար, պիտի չխանգարուէր երբեք ազգային-պետական այժմէական (ու  կենսական) այդ գործօններուն շուրջ որեւէ չափի կեդրոնացումէ, ոչ ալ պիտի խանգարէր զայն, անշուշտ:

Որովհետեւ հոգեկան ուժի աղբիւրները գումարումի-հանումի թուաբանութեամբ չէ, որ կ’ընթանան. կը հետեւին բազմապատկութեան, կենսային յարաճումի շատ աւելի խոր օրէնքներու: Տեղայնական նախապաշարումներու, բթացնող սովորութիւններու զանցումը, հետաքրքրութիւններու տարածումը մէկ կամ միւս ուղղութեամբ` բազմապատիկ նոր ուժի ծնուցիչ աղբիւր կրնար ըլլալ միայն…

Այս բոլորը սերտօրէն կ’առնչուին Հ. Տինք Հիմնարկի 2013-ի օրատետրին` «Սահմաններ» բնաբանով, որուն ժամանումը գրասեղանիս վրայ մօտէն հետեւեցաւ «Աղբիւրներ»-ուն` զուգադիպաբար:

Օրատետր մը, որ «սահմաններ» կը հարցադրէ

Պատկերազարդ, գրպանի եւ գրասեղանի օրատետրի չափերու կէս ճամբուն, հրատարակութիւնը օժտուած է մեկնաբանեալ նկարազարդումով, եւ շաբաթ առ շաբաթ` նիւթերու պէսպիսուն տեսականիով մը: Գրեթէ միշտ դիպուկ նկարներով ընկերակցուած` հոն կը տողանցեն ներկայ աշխարհի էական հարցերը` ընկերատնտեսական անարդարութիւն, բնավայրային ճգնաժամ, բռնակալ վարչակարգերու կատարած կեղեքումներ, մեծապետական թէ ազգամիջեան իրաւազրկումներ…

Զուտ հայկական թեմայով նկար-մեկնաբանութիւնները քիչ են. կ’անդրադառնամ անոնցմէ մէկուն, հոս` կողքին վերարտադրուած նկարով, որուն ընկերացող կարճ գրութիւնը կ’ըսէ ի մէջ այլոց.

«Մեր սիրածներուն կը ձայնենք տարբեր ծածկանուններով, եւ այդ կոչը կարծես մեր սիրոյ յատուկ կնիքը կը դառնայ (…) Նոյն լերան վրայ տարբեր աշխարհներ տեսնող երկու դրացի: Աղրը լեռը վեհութիւն կը նշանակէ Թուրքիոյ համար, իսկ ԱրարատՄասիսը` խորհրդանիշն է Հայաստանին: Աշխարհի չորս կողմը ցրուելէ առաջ վերջին միասնութեան, այլեւս գոյութիւն չունեցող ոչաշխարհի մը վկան է ան: Վիշտով լեցուն կարօտ մը երբեմն (…) Լերան երկու կողմը ճանչցող սահմանը կ’ամչնայ փակ մնալէ»:

Բայց օրատետրի խմբագրին ներածական խօսքը սահմաններու մասին, թէեւ ընդհանրութեան վրայ բացուած, վերը շօշափած ճգնաժամային խնդիրս կը շօշափէ շատ աւելի ուղղակի ու ճշգրիտ. «Սահմանները միայն պետութիւններու միջեւ չեն, ամէն տեղ են: Մարդուն` մարդու առջեւ դրած սահմանը ամենէն ազդուն կ’ըլլայ, անհատական բնոյթ ունենալուն պատճառով ալ ամենէն վերջ աչքի կը զարնէ, հետեւաբար ամենէն դժուար յաղթահարելին կ’ըլլայ»:

Անպայմա’ն որ նաեւ մեզ իրարմէ բաժնող, իրարմէ օտարող նախապաշարումները կը յիշենք, երբ տակաւին կը կարդանք. «Մեր մտային սահմանները կրնան ֆիզիքականներէն շատ աւելի խափանարար յայտնուիլ. Բաները, որ չենք հասկնար կամ սխալ կը հասկնանք, մեր վախերը, մեր նախապաշարումներըասոնք կրնան պատեր քաշել միւսներուն եւ մեր միջեւ»:

Կրկին դառնալով մեզի` աւանդական Սփիւռքին, ինչպէ՞ս չնկատենք, որ մեր մէջ աւեր գործած է գաղութային տեղայնացումը, սահմանափակումը` ի վնաս հայրենական հողի կենդանի ապրումին: Այն հողին, որուն անունով, ճիշդ է, մեր գաղութները առաջին օրէն կազմակերպած են իրենց յուշատօները, որուն անունով մեր կառոյցները ապա մշակած են ծրագիրներ, ռազմավարութիւն ու մարտավարութիւն, ստեղծած են Դատի մարմիններ ու գրասենեակներ: Որոնք գործած են ու կը շարունակեն գործել օրն ի բուն` Սփիւռքի պայմաններուն մատչելի զանազան միջոցներով եւ մարզերու մէջ, մեզ տասնամեակներն ի վեր աստիճանաբար դարձնելով ներկայութիւն, եթէ ոչ` դերակատար միջազգային քաղաքական բեմերու վրայ:

Այս բոլորը ճիշդ է: Բայց… այս բոլորին մէջ ո՞ւր կը մնայ կապը այն հողին հետ, որուն համար կը պայքարինք…

Ո՞ւր մնացած է հայրենաճանաչումը

Սփիւռքի ցուցափեղկերէն անդին` մեր խոր էութեան մէջ, Երկրին հանդէպ ի՞նչ կենդանի շահագրգռութիւն յաջողած ենք պահել սերունդէ սերունդ, ի՞նչ չափով կրցած ենք զանցել մեր առջեւ քաշուած սահմանները…: Պարկե’շտ ըլլանք. ընդունինք, որ այս հարցումներուն պատասխանը ժխտական է` գրեթէ լրիւ:

Ու չապաւինի’նք կենդանի շփումներու համեմատական դժուարութեան, վարչաքաղաքական արգելքներու չքմեղանքին ետին. պահա՞ծ ենք գոնէ տեսակա’ն հայրենագիտութիւն մը` գիրքերէ եկող…: Շատ յաճախ բթօրէն ապրուած սփիւռքեան առօրեայէ մը տե՞ղ կ’աւելնար այդպիսի ներքին ու նրբին առնչութիւններու պահպանման համար…

Մեզմէ քանի՞ն գիտեն, օրինակ, որ Հաւաւ աւանէն սերած են մեծ ընտանիքներ, ինչպէս` Օտեանները: Որ հոն ծնած է ու աճած մեր խնկելի նահատակ գրագէտներէն Մելքոն Կիւրճեանը` 1880-ական տարիներու «հէգ պանդուխներու» բարեխօսն ու փաստաբանը` Պոլսոյ քաղքենի հայութիւնը սաստող, գիտակցութեան հրաւիրող իր «Պանդուխտի նամակներ»-ով: Կամ 1904-ին Կովկասէն Սասունի օգնութեան փութացող անձնազոհներու խմբապետներէն Մինաս Տոլպաշեանը (ԳայլՎահան)` մի քանի անուններ միայն թուելու համար:

Իսկ հայրենաճանաչումը իրակա’ն գետնին վրա՞յ…: Քանի՞ հոգի ձանձրոյթը կրած են, ժամանակը տրամադրած` վերջին տասնամեակի համեմատաբար աւելի թոյլատու պայմաններուն մէջ այցելելու-ծանօթանալու Արեւմտեան Հայաստանի տարածքի մեզմէ խլուած գիւղ ու քաղաքներու, յուշարձաններու, անոնց պատմութեան ու ներկայ վիճակին` որոշ մանրամասնութեամբ: Կամ մեր մտաւորական ու ղեկավար տարրերէն քանի՞ն փորձած են, զգօնութեան սահմաններու մէջ, նախաձեռնութիւններ առնել` գոնէ երկխօսական շփումի մտնել այդ հողին կառչած յայտնի թէ ծածուկ հայ ազգաբնակչութեան հետ, նաեւ տեղաբնակ այլազգի խումբերէ յուսալի տարրերու հետ, օգտուիլ վարչական կամ ակադեմական անցքերէ` որոշ վայրեր մուտք ունենալու համար:

Ինչո՞ւ հազուագիւտ ռահվիրա-ուխտաւորներ մնային` վաղամեռ Մեսրոպ արք. Աշճեան մը (ի դէպ` ինք եւս հաւաւցիի սերունդ…), կամ մեզի աւելի մօտ` դեռ մեր միջեւ ապրող-գործող, բայց միշտ ձեռքի մը մատներուն վրայ համրուող ակադեմական դասախօսներ, լուսանկարիչ-արուեստագէտներ, սոսկական ուղեւորներ: Ինչո՞ւ հազուագիւտ նմուշներ ըլլային այսօր այնպիսիներ, որոնք Թուրքիոյ սրտին վրայ, գիտաժողովներու բեմերէն, թուրք մշակոյթէն ու լեզուէն գիտեն պահանջել` «իրաւազրկումի լեզուէ» դառնալ արդարութեան լեզու` արտայայտութեան իբր միջոց գործածելով նո’յն այդ թրքերէնը: Ինչո՞ւ չըլլային լեգէոն…

Աղբիւրներու նորոգումը` սահմաններու ջնջում

Այս բոլորը` ո՞չ որովհետեւ, ինչպէս անցեալները համարձակօրէն կ’ախտաճանաչէր երիտասարդ գրիչ մը (Ա. Գոճայեան, հարցազրոյց Ասլը Թիւրքերի հետ, «Ազդակ», 8 յունիս, 2012), «մէկ կողմէ` Սփիւռքի մեր հանգիստ պայմաններուն մէջ շատ աւելի դիւրին կը ձուլուինք ու կ’ուրանանք մեր ինքնութիւնը, իսկ միւս կողմէ` շատ դիւրին կը դառնանք այլամերժ եւ անհանդուրժող»: Եւ յաճախ կը մնանք անթափանց այն ակնյայտ փաստին, որ դար մը ամբողջ գաղտնիութեան մղձաւանջը ապրած, ինքնութենէ զրկուած «սուրի մնացորդ» այդ հայերու «զաւակները մեր ալ զաւակներն են, որոնց կարիքը ունինք մենք, որքան որ անոնք մերինին»: Կամ շատ-շատ «Լսարան»-ներու մէջ կը համակերպինք գաղջօրէն ունկնդրելու` հրատապ այս նիւթին մօտէն առնչուած հազուագիւտ պատգամաբերի մը յանձնառու խօսքը, բայց շատ հաւանօրէն` փութալով մնալ… ինչ որ էինք:

Ո՞չ որովհետեւ, ի վերջոյ, մեզմէ շա՛տ քիչեր ունին, իրենց հոգեմտաւոր ոլորտին մէջ, իրենց «Հաւաւի աղբիւրը»` գոնէ մտերիմ, գաղտնի ուխտի մը երազով այցելուած, նորոգուած…: Ո՞չ որովհետեւ մեր խորքի’ աղբիւրները շատ յաճախ կիսաքանդ են, ինչպէս էին Հաւաւի աղբիւրները` սփիւռքեան տեղայնութեան ռութինի հողակոյտներու տակ կորսուած:

Աղբիւրները վերակենդանացնելու համար, անոնց մատչելու համար պէտք է գիտնալ սահմաննե’ր քանդել…: Նախ` ներքի’ն սահմանները: Այդ նախապայմանով է, որ կը նորոգուի, կը վերասահմանուի ինքնութիւնը: Աւելի’ կը լուսաւորուի հաւաքական գոյապայքարի ուղին:

Այո’, նաե’ւ հաւաքական գոյապայքարի ուղին: Հարցը ճանաչումի, որդեգրումի պարտք մը չէ միայն` հանդէպ առաւելագոյնս իրաւազրկուած, էազրկուա’ծ ազգակիցներու բնակչախումբի մը. այդ մարդկային-բարոյական պարտքէն անդին, ի վերջոյ, պէտք է ըմբռնել ընդհանրական, միանգամայն եւ գործնակա’ն արժէքը` վերայայտ հայութեան այս տարրին` «աղբիւրներուն» մօտ մնացած, դեռ անոնց կառչող էատարրին…: Ըմբռնել եւ դիմել համապատասխան նախաձեռնութիւններու, համարձակութեամբ, միշտ նաեւ` անհրաժեշտ զգօնութեամբ:

Որովհետեւ բացայայտ է, ինքզինք պարտադրող է անհատական-ենթակայական մասնատումի այս իրավիճակներու քաղաքական երկարաձգումը, որ Հիմնարկին «Օրատետր»-ը նոյնպէս կը շեշտէ` միշտ նոյն տիպար համառօտութեամբ. «Իշխանութիւններն ալ արդէն ամենէն շատ կը սնանին թաքուն այս սահմաններէն, որոնք կեանքը մղձաւանջի կը վերածեն՚:

*   *   *

Այդպէս է միայն, որ, ինչպէս բնորոշած էր նաեւ մեծ Տեսանող մը արդէն աւելի քան հարիւրամեակ մը առաջ, այդպէս է միայն, որ կրնայ յաղթահարուիլ մեր բաժան-բաժանութեան հին, բայց միշտ նոր, նորոգուող հրէշը` «պատմական չարիքը (…), աշխարհագրական ներկերը, որ մեզ բաժանում են իրարից»:

Անժամանցելի պատգամ, որ սակայն պէտք է գիտնանք, պէտք էր գիտնայի՛նք այժմէականացնել, վերամեկնաբանել նոր, աննախընթաց այսպիսի մարտահրաւէրի մը լոյսին տակ…:

Նիւթը «Ակունք»-ին տրամադրեց «Հորիզոն»-ի խմբագիր Վահագն Կարակաշեանը

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ