ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, մարտ 13ին Ատրպէյճան հասած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մուսա Աւսեւերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ կան 9 հրամանատարներ ու 21 սպաներ: Ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին բարձրաստիճան թուրք զինուորականները հանդիպումներ պիտի ունենան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու մէջ, երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով: Աւսեւեր Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան տարածաշրջանի ամենազօրաւոր երկիրներէն մէկն է:
Տասնեակ մը թուրք հրամանատարներ Պաքու կ՛այցելեն
•
Վերջին Յաւելումներ
- Փաշինյանը կարճ զրույց է ունեցել Թուրքիայի փոխնախագահի հետ
- ԱԺ-ն առաջին ընթերցմամբ ընդունել է ԹՐԻՓՓ-ի ընկերության ստեղծմանն առնչվող օրենսդրական փաթեթը
- Գրիգոր Գելեգեանի մասին քննարկում



Leave a Reply