Տասնեակ մը թուրք հրամանատարներ Պաքու կ՛այցելեն

Տասնեակ Մը Թուրք ՀրամանատարներԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Չորեքշաբթի, մարտ 13ին Ատրպէյճան հասած է Թուրքիոյ զինեալ ուժերու սպայակոյտի պետ Մուսա Աւսեւերի գլխաւորած պատուիրակութիւնը, որուն մէջ կան 9 հրամանատարներ ու 21 սպաներ: Ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ եռօրեայ այցելութեան ընթացքին բարձրաստիճան թուրք զինուորականները հանդիպումներ պիտի ունենան Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան եւ այլ կառոյցներու մէջ, երկու երկիրներու զինեալ ուժերուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման նպատակով: Աւսեւեր Պաքուի մէջ յայտարարած է, թէ Ատրպէյճան տարածաշրջանի ամենազօրաւոր երկիրներէն մէկն է:

http://asbarez.com/arm/156465/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ