ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Յունաց պատրիարքարանի մամլոյ բանբեր հայր Տոսիթէոս Անաղնոսթոփուլոս հաստատեց, թէ Մեծ Կղզիին վրայ գտնուող յունաց որբանոցը այսուհետեւ պիտի օգտագործուի իբրեւ կրօնքներու միջեւ երկխօսութեան կեդրոն:
Վերջերս Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպում մը ունեցած էր Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարասի հետ, որմէ ետք յայտարարուած էր, թէ որբանոցը կրօնքներու միջեւ երկխօսութեանց կեդրոնի պիտի վերածուի։
«Մե՛նք որոշած էինք եւ վարչապետները ընդունեցին՝ խոստանալով իրենց նպաստի բաժինը բերել», ըսաւ հայր Տոսիթէոս։
Մարդկային իրաւանց եւրոպական դատարանը 2010ին վճռած էր, որ այս որբանոցը պէտք է վերադարձուի Յունաց պատրիարքարանին, իսկ Թուրքիա պէտք է հատուցում վճարէ։
Թուրքիոյ յունական որբանոցը՝ կրօնքներու միջեւ երկխօսութեան կեդրոն պիտի դառնայ
•
Վերջին Յաւելումներ
- Սա առջի Բարեկենդանն է
- «Turkish Airlines»-ը կանոնավոր չվերթեր կիրականացնի դեպի ույղուրական ինքնավար շրջան
- Յիշողութիւնը ջնջելու դիւանագիտութիւնը- Ծիծեռնակաբերդէն Պաքու` յիշողութեան վաճառքը



Leave a Reply