ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Թուրքիոյ կառավարութեան գլխաւոր ընդդիմադիր՝ Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութեան փոխնախագահ Սեզկին Թանրըքուլու Թուրքիոյ խորհրդարանին դիմած է՝ պահանջելով ուսումնասիրել հայ ապօրինի գաղթականներու խնդիրները, որպէսզի կարելի ըլլայ յարմար լուծումներ գտնել անոնց:
Ըստ «Ակօս» թերթին՝ Թանրըքուլուի եւ անոր կուսակից երեսփոխաններու կողմէ Թուրքիոյ խորհրդարանին ներկայացուած միջնորդութեան մէջ կը նշուի, որ խորհրդարանը պարտաւոր է ոչ միայն սեփական երկիրի քաղաքացիներուն, այլեւ երկիրէն ներս ապրող բոլոր քաղաքացիներու հարցերուն լուծումներ գտնել:
«Վարչապետ Էրտողանի համաձայն՝ մեր երկիրին մէջ կան մօտաւորապէս 100,000 հայ գաղթական կայ. այս մէկը լուրջ թիւ է: Եթէ այդ մէկը Թուրքիոյ հիւրընկալութեան վկայութիւնն է, ապա այդ մարդոց հարցերը ուսումնասիրելն ու լուծում գտնելը խորհրդարանի պարտականութիւնն է», ըսուած է դիմումին մէջ:
Թանրըքուլու յիշեցուցած է Թուրքիոյ մէջ ապօրինի բնակութիւն հաստատած Նարինէ Մկրտչեանի միջադէպը: Ան իր դրացի եղբայրներուն թակարդը ինկած էր ու ապա անձնասպանութեան դիմած էր: «Կ՛ենթադրենք, որ Նարինէ Մկրտչեանի ողբերգութեան նման դէպքեր ապրած շատ մարդիկ կան: Մկրտչեանի անձնասպանութիւնը այնպիսի ողբերգութիւն է, որ կարելի չէ շրջանցել: Մեր երկիրին մէջ բնակող, սակայն Թուրքիոյ քաղաքացի չեղող մարդիկ, որոնց շարքին նաեւ գաղթական հայերը, շատ խնդիրներ ունին, եւ մեր նպատակն է այդ խնդիրները լուծել», եզրակացուցած է Թանրըքուլու:
Թուրք երեսփոխանը լուսարձակի տակ կ՛առնէ հայ գաղթականներու հարցը
•
Leave a Reply