«La Turquie et le fantôme arménien. Sur les traces du génocide» «Թուրքիան եւ հայկական ուրուականը. Ցեղասպանութեան հետքերով»

La Turquie et le fantôme arménienՎերոն­շեալ տիտ­ղո­սով գիրք մը լոյս ըն­ծա­յած են Լօռ Մառ­շան եւ Կի­յոմ Փէ­րիէ, որոնք հա­մապա­տաս­խա­նաբար՝ «Ֆի­կառօ» եւ «Լը Մոնտ» թեր­թե­րուն Թուրքիոյ թղթա­կից­ներն են:
Անոնք, 2004ին՝ Եւ­րո­պական Միու­թեան Թուրքիոյ ան­դա­մակ­ցութեան առըն­չուող բա­նակ­ցութիւննե­րու սկիզ­բէն ի վեր, քայլ առ քայլ հե­տեւած են այդ երկրին մէջ տե­ղի ու­նե­ցող փո­փոխու­թիւննե­րուն, յատ­կա­պէս «Հայ­կա­կան հար­ցին»:
Այս եր­կու լրագ­րողնե­րը որոնք շուրջ տա­սը տա­րի է հոն կ՚ապ­րին, տեղ­ւոյն վրայ լայ­նա­ծիր քննար­կումը կա­տարած են այ­սօ­րուան Թուրքիոյ մէջ՝ Հա­յոց Ցե­ղաս­պա­նու­թեան յի­շողու­թեան: Գտած են վե­րապ­րողներ, իրենց կեան­քը փրկե­լու հա­մար մահ­մե­տական դար­ձած Հա­յեր, շա­ռաւիղ­ներ՝ «Ար­դար» Թուրքե­րու, որոնք փրկած են Հա­յոց կեան­քեր, լռու­թեան մէջ թա­ղուած վկա­յու­թիւններ, եկե­ղեցի­ներ որոնք վե­րապ­րած են դար մը ու­րա­ցու­մէ եւ թշնա­մու­թե­նէ:
Հա­տորին ներ­կա­յաց­ման երկտո­ղին մէջ կ՚ըսուի.
«Ջար­դե­րուն հա­րիւ­րա­մեակին 2 տա­րի մնա­ցած, այս պատ­մութիւննե­րը, հարցազրոյցներն ու հան­դի­պումնե­րը կը գծեն իր ժխտո­ղակա­նու­թեամբ հի­ւանդ երկրի մը պատ­կե­րը, որ կը տա­ռապի այդ ան­ցեալին յա­ճախան­քով, որը սա­կայն՝ չ՚անցնիր… Նոյ­նիսկ եթէ կան Թուրքեր որոնք քա­ջօրէն կը պայ­քա­րին պաշ­տօ­նական թէ­զին դէմ, ինչպէս Թա­նէր Աք­չամ, որ ստո­րագ­րած է այս գիր­քին նա­խաբա­նը:
«Վեր­ջա­պէս՝ “Թուրքիան եւ հայ­կա­կան ու­րուակա­նը” պի­տի բե­րէ տար­րեր Ֆրան­սա­յի մէջ ըն­թա­ցող Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ժխտու­մին պատ­ժե­լիու­թեան վի­ճար­կումին. օրէն­քը քուէար­կուեցաւ Յու­նուար 2012ին եւ մեր­ժուեցաւ Սահ­մա­նադ­րա­կան խոր­հուրդին կող­մէ: Նա­խագահ Հո­լանտ խոս­տա­ցաւ նոր բնա­գիր մը»:

«ՆՈՐ ՅԱՌԱՋ»

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ