«Վերծանելով ժխտումը»

Ֆաթմա Մուկէ ԿոչէքՄարտ 8-ին, Մոնթրէալի Քոնքորտիա համալսարանի մարդաբանութեան բաժանմունքի կազմակերպութեամբ եւ Գանատայի Հայ Դատի յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ Քոնքորտիա համալսարանին մէջ տեղի ունեցաւ թուրք պատմաբան-ընկերաբան Ֆաթմա Մուկէ Կոչէքի հրապարակելի նոր ուսումնասիրութեան ներկայացումը: Միացեալ Նահանգներու Միշիկըն համալսարանի դասախօս ընկերաբանութեան փրոֆեսէօր Ֆաթմա Մուկէ Կոչէք, անդրադառնալով մօտ ատենէն լոյս ընծայուելիք 600 էջերէ բաղկացած իր ուսումնասիրութեան, յայտնեց, թէ հոն ներկայացուած են Սուլթան Սէլիմ Գ.-ի շրջանէն մինչեւ օրս հայութեան դէմ կատարուած բռնութիւնները, վայրագութինները եւ հարստահարման դէպքերը: Գիրքին խորագիրն է «Վերծանելով ժխտումը – Օսմանեան անցեալը, թրքական ներկան եւ հայութեան դէմ հաւաքան բռնութիւնները 1789-2009» (Deciphering Denial: Ottoman past, turkish present and the collective violence against armenians 1789-2009):
Ձեռնարկի աւարտին, Քեպէգի Հայ Դատի յանձնախումբի հրաւէրով, Մոնթրէալի Հայ Կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն մը, ի պատիւ Ֆաթմա Կոչէքի:

www.horizonweekly.ca

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ