Սասունցի հայերը դատ կը բանան Թուրքիոյ իշխանութիւններուն դէմ

ՍասունԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Պոլսոյ մէջ գործող Սասունի (Պաթման) հայերու միութիւնը փոքրամասնութիւններուն պատկանող եկեղեցիներն ու պատմական յուշարձանները չպահպանելու մեղադրանքով դատ բացած է Պաթմանի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան շրջանային տնօրինութեան եւ Պեշիրի նահանգապետութեան դէմ: Միութեան նախագահ Ազիզ Տաղճը յայտարարած է, թէ այս քայլը առնուած է, որովհետեւ տեղական իշխանութիւնները չեն պահպանած Պեշիրի Քեւեզօ (Ենի Փընար) գիւղին մէջ գտնուող 14րդ դարու հայկական եկեղեցին, ինչի հետեւանքով՝ եկեղեցին վերածուած է աղբանոցի, անոր դուռը գողցուած է, պատերը վնասուած են, իսկ քարերէն շատերը գողցուած են շրջանի գիւղացիներուն կողմէ:
Ըստ թրքական «batmancagdas.com» լրատուական կայքին՝ սասունցի հայերու առաջնորդը ըսած է, թէ իշխանութիւնները պէտք է ետ վերցնեն գիւղի որոշ տուներէ ներս օգտագործուած այն քարերը, որոնք գողցուած են պատմական եկեղեցիէն:
«Թուրքիոյ սահմանադրութեան 63րդ յօդուածին համաձայն՝ պատմական, մշակութային եւ բնական հարստութիւններու պահպանութիւն պէտք է ապահովուի պետութեան կողմէ, բան մը, որ չի կատարուիր: Տարածաշրջանին մէջ հայերու պատկանող բազմաթիւ յուշարձաններ ոչնչացուած են: Մենք դատ բացինք իրենց պարտականութիւնները չկատարող պատասխանատուներուն դէմ», ըսած է Տաղճը:

http://asbarez.com/arm/155757/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ