Պոլսոյ հայոց պատրիարքը դուրս եկած է վերակենդանացման բաժանմունքէն

Մեսրոպ Բ. ՄութաֆեանՊոլսոյ հայոց պատրիարքարանի կայքէջը կը հաղորդէ, որ Մեսրոպ Բ. Մութաֆեան պատրիարքը, որ առողջութեան յանկարծակի վատթարացման պատճառով մուտք գործած էր Պոլսոյ Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք, տեղափոխուած է սենեակ:

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքը նախորդ շաբաթ ջերմութեան բարձրացման եւ արեան ճնշման յանկարծակի անկումի պատճառով տեղափոխուած էր Ս. Փրկիչ հիւանդանոցի վերակենդանացման բաժանմունք: «Շաբթուան ընթացքին բուժումը ունեցաւ իր դրական արդիւնքը եւ նորին ամենապատուութեան մօտ նշմարուած խանգարումները նուազեցան: 5 մարտին սրբազանը փոխադրուեցաւ հիւանդանոցին մէջ գտնուած իր սենեակը», նշուած է յայտարարութեան մէջ:

http://www.aztagdaily.com/archives/110144

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

March 2013
M T W T F S S
 123
45678910
11121314151617
18192021222324
25262728293031

Արխիւ