ԱՆԳԱՐԱ, «Ռոյթըրզ».- Յունաստանի վարչապետ Անթոնիս Սամարաս Թուրքիա տուած իր այցելութեան ընթացքին ունեցաւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի հետ հանդիպում մը, որուն աւարտին յայտարարեց, թէ իր երկիրը կը զօրակցի Թուրքիան Եւրոպական Միութեան լիիրաւ անդամ դարձնելու գաղափարին, «որովհետեւ նման քայլ մը պիտի նպաստէ կիպրական տագնապի լուծման»:
Սամարաս Թուրքիան նկատեց «լաւ դրացի մը»՝ դրուատելով անոր իրագործած բարեփոխումները:
Ան շեշտեց, որ երկու երկիրներուն համար նպաստաւոր պիտի ըլլայ գործակցութեան շարունակութիւնը եւ ողջունեց երկկողմանի առեւտուրի ամրապնդման, զբօսաշրջութեան, հասարակաց մշակութային աւանդէն օգտուելու եւ ապօրինի գաղթի ու ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մարզերուն մէջ ստորագրուած երկկողմանի համաձայնագիրները:
Թուրքիոյ վարչապետը իր կարգին յայտնեց, թէ «Թուրքիա եւ Յունաստան կիպրական հարցի լուծմա՛ն մաս կը կազմեն, եւ ոչ թէ՝ խնդիրին», աւելցնելով, որ «անոնք կրնան տագնապին լուծում մը գտնել»:
Էրտողան շեշտեց, թէ Անգարա Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին մէջ իրեն նկատմամբ Աթէնքի զօրակցութեան գիտակից է եւ կը յուսայ, որ այդ զօրակցութիւնը շարունակուի:
Էրտողան բացայայտեց, որ երկու երկիրներուն միջեւ փոխադարձ առեւտուրը անցեալ տարի հասած է 5 միլիառ տոլարի: Թուրքիոյ՝ Յունաստանէն ներածումները հասած են 500 միլիոն տոլարի, իսկ արտածումները՝ 3.5 միլիառ տոլարի: Աւելի՛ն, երկու երկիրներուն միջեւ երթեւեկող զբօսաշրջիկներու թիւը վերջին երկու տարիներուն զգալիօրէն բարձրանալով՝ հասած է աւելի քան միլիոնի:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, Պոլսոյ իր բնակարանին մէջ Սամարասի հետ ունեցած հանդիպումէն ետք յայտնած է, թէ Յունաստանի մէջ ներդրում կատարող թրքական ընկերութեանց թիւը մեծապէս կ՛աճի, մասնաւորաբար՝ դրամատնային եւ ծովային փոխադրութեանց մարզերուն մէջ:
Աթէնք կը զօրակցի Թուրքիան Եւրոմիութեան անդամ դարձնելու գաղափարին
•
Leave a Reply