Կիրակի, 17 փետրուար 2013ին, Փասատինայի Մարաշի հայրենակցական միութեան կեդրոնի «Աստուրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մարաշի աղէտի յիշատակը յարգող պատշաճ յայտագիր եւ հոգեճաշ:
Սրահը լեցուն էր մարաշցի եւ ոչ մարաշցի հայրենակիցներով, որոնք եկած էին իրենց յարգանքի տուրքը մատուցանելու անգութ եաթաղանի եւ նախճիրի անմեղ զոհերուն: Ակնյայտ էր ներկայութիւնը Մոնթեվիտէոյի հայրենակցական միութեան երիտասարդներուն, որոնց կ՛ընկերանային իրենց տարեց պատասխանատուները (54 հոգի):
Ներկայ էին նաեւ բարձրաստիճան հոգեւորականներ, որոնց կարգին՝ Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի հայ կաթողիկէ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեան, Պարէտ Ծ. վրդ. Երէցեան եւ Փասատինայի Ս. Սարգիս Հայաստանեայց եկեղեցւոյ հովիւ Խորէն քհնյ. Պապոշեան:
Յայտագիրը բացուեցաւ երգիչ Արա Սահակեանի կատարած ամերիկեան, հայկական եւ Մարաշցիներու քայլերգներով, ընկերակցութեամբ՝ երգեհոնահար Խաչիկ Պապայեանի:
Տէրունական աղօթքը կատարեցին կղերական հայրերը, ապա յաջորդեց հոգեճաշը:
Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ օրուան հանդիսավարուհի, տիկնանց միութեան ատենապետուհի Սիլվա Սէմէրճեանը, որ հակիրճ պատմականը ըրաւ Մարաշի աղէտին զոհուած հայորդիներուն:
Տէր Խորէն Պապոշեան կարդաց Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի պատգամը, որուն մէջ ան կը յիշէր Մարաշի աղէտին զոհերը, ինչպէս նաեւ մասնաւորաբար կը յիշատակէր երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան վեհափառ հայրապետին վախճանման 50ամեակը՝ վեր առնելով անոր բարեմասնութիւնները:
Ապա բեմ հրաւիրուեցան գաղութիս հանրածանօթ արուեստագիտուհիներ Նունէ Աւետիսեան (փառաւոր ասմունքով) եւ երգչուհի Սալբի Մայիլեան, որոնք փոխն ի փոխ, ասմունքով ու երգով թարմացուցին ներկայ հայորդիներուն փոթորկայոյզ հոգիները:
Գեղարուեստական բաժինի առաջին մասին յաջորդեց մարաշցի ծնողներու զաւակ, գաղութիս քաղաքական եւ մտաւորական շրջանակներու մօտէն ծանօթ, օրուան բանախօս դոկտ. Կարօ Մոմճեանը:
Դոկտ. Մոմճեան խօսեցաւ Մարաշի աղէտին մասին: Ան խարազանեց մեծ պետութիւններու անջիղ քաղաքականութիւնը ու ծանրացաւ մասնաւորաբար Ֆրանսայի վրայ: Բանախօսը նկարագրեց, թէ ինչպէ՛ս ֆրանսական բանակի միաւորները իրենց ջորիներու եւ ձիերու սմբակներուն անցընելով թաղիքներ՝ «որպէսզի իրենց հեռանալը չլսուի», վատաբար հեռացան Մարաշէն՝ երեսի վրայ լքելով անզէն եւ դժբախտ մարաշցիները, կատարելով Պիղատոսի դերը:
Երկրորդ նիւթը, որուն վրայ ծանրացաւ դոկտ. Մոմճեան, երջանակայիշատակ Զարեհ Ա. Փայասլեան վեհափառ հայրապետի 50ամեակն էր: Բանախօսը կոչ ուղղեց հայութեան եւ բոլոր անոնց, որոնք կը զբաղին ազգային հարցերով՝ զբաղելու հայրապետի վախճանման մանրամասնութիւններով, պրպտելու արխիւները, իրականութիւնը երեւան հանելու ու զայն մատուցելու հայ հասարակութեան: Եզրակացնելով իր խօսքերը՝ դոկտ. Մոմճեան գօտեպնդեց ներկաները մնալու կառչած իրենց հայրենասիրութեան:
Հանդիսավարուհի Սիլվա Սէմէրճեան ներկայացուց Հիւսիսային Ամերիկայի եւ Գանատայի Տիրամայր Նարեկի Հայ կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեւոյ առաջնորդ Միքայէլ եպս. Մուրատեանը, որ կը սեռի սեբաստացի հօրմէ եւ մարաշցի մօրմէ, ապա զայն բեմ հրաւիրեց:
Գերապայծառը խօսք առնելով՝ դրուատեց յիշատակը Մարաշի աղէտի զոհերուն, որոնք յանձն առին մարտիրոսանալ իրենց կրօնքին եւ ինքնութեան համար: Ապա ան քաջալերեց նոր սերունդը կառչած մնալու իր հաւատքին եւ հայկականութեան: Առաջնորդը զուարթաբարոյ նկարագիրով ջերմացուց ներկաները՝ ըսելով. «Ընդհանրապէս մարաշցիներս ունինք լօզունգ մը, զոր կը գործածենք եւ կ՛ըսենք՝ «Մարաշլը օլսուն, չամըրտան օլսուն», որ կը թարգմանուի՝ «Մարաշցի թող ըլլայ, եթէ նոյնիսկ ցեխէ ըլլայ»: Ես պիտի բարեփոխէի սոյն լօզունգը եւ պիտի ըսէի՝ «Մարաշլը օլսուն, ալթունտան օլսուն» (Մարաշցի թող ըլլայ, ոսկեայ թող ըլլայ)»: Գերապայծառ հօր զուարթախօսութիւնը թարմ շունչ բերաւ օրուան յայտագիրին:
Յայտագիրի երկրորդ մասը շարունակուեցաւ արուեստագէտներու երգերով. անոնց մաս կը կազմէր նաեւ սիրուած երգիչ Արա Սահակեանը, որ ամէն տարի իր սիրայօժար մասնակցութիւնը կը բերէ Մարաշի ձեռնարկներուն:
Մոնթեվիտէոյի երիտասարդները բեմահարթակ գալով՝ շուրջպար բռնեցին եւ պարեցին հայկական պարեղանակներ:
Մթնոլորտէն խրախուսուած՝ եղան բազմաթիւ նուիրատուութիւններ: Ներկաները ակամայ հեռացան սրահէն` իրենց հետ տանելով քաղցր յիշատակներ, միաժամանակ խոստանալով ներկայ գտնուիլ Մարաշի հայրենակցական միութեան ապագայ ձեռնարկներուն:
Վարձքերնիդ կատար, սիրելի՛ Մարաշի հայրենակցական միութեան վարչութիւն եւ տիկնանց միութիւն:
Այս էջը կը հովանաւորէ
ԵՐԷՑԿԻՆ ԼՈՒՍԱԾԻՆ ՆԱԳԳԱՇԵԱՆ
http://asbarez.com/arm/155570/
Leave a Reply