Մեծ Եղեռնի ու Ատանայի ջարդերէն, ի’նչպէս նաեւ Զմիւռնիոյ պարպումէն յետոյ, պարտուած յունական տեղաբնակներու հետ մէկտեղ (քանի Իզմիրի հայութիւնը դիրք ճշտած էր Հելլէններու կողքին) Յունաստան ապաստանեցան շուրջ 120 հազար հայեր – մեծամասնութեամբ կիներ ու պատանիներ – որոնց մէկ մասը այլ երկիրներ անցնելէ յետոյ, տեղծուեցաւ 60-80 հազարնոց հսկայ գաղթակայան մը: Թէեւ հայերը ակամայ հասած էին – այն ալ մասնահատուած – մինչ Յունաստան, որեւէ պետական նպաստ չստացան, միայն ինքնաշխատութեամբ կրցան որպէս անհատ կամ հաւաքականութիւն դիրքերու հասնիլ:
Աթէնք, Գոքինիա, Վոլոս, Քալամաթա, Թեսաղոլնիկէ ու կղզիներ, ուր հայ գաղթականները կերտեցին «ազգային կեանք»` հիմնադրելով դպրոց ու եկեղեցի, մամուլ ու կուսակցութիւն, ակումբ ու մշակոյթի օճախներ: Առաքելական, Կաթողիկէ ու Աւետարանական յարանունութեանց զուգահեռ կը գործէին Հնչակեան, Դաշնակցական ու Ռամկավար դասական քաղաքական գաղափարախոսութիւնները: Կային նաեւ Հայ Համայնավարներ, որոնք սակայն չէին կազմեր առանձին միաւոր: Գաղութիս աշխոյժ պատկերը կ՝արտացոլայ մինչ օրս լոյս տեսած աւելի քան 120 անուն թերթերու, տասնեակ եկեղեցիներու եւ վարժարաններու թիւին մէջ:
Գաղութը Բ Աշխարհամարտի օրերուն մեծ տառապանքներու ենթարկուեցաւ եւ պատերազմի ու սովի ուրուականները, անգամ եղբայրասպան դէպքեր խանգարեցին համայնքային բնական հունը: Իսկ երկրի ազատագրութենէն անմիջապէս ետք, Յունահայութիւնը գործունեայ կերպով մասնակցեցաւ ներգաղթին: Հ.Բ.Ը.Մ. տրամադրեց շուրջ մէկուկէս միլիոն ի նպաստ ներգաղթի գործին, իսկ հայրենադարձներէն շատեր իրենց անջնջելի կնիքը դրին հայրենիքի գրական, մշակութային մարզական վերելքին յանձինս Հ. Բարթիկեանի, Ս. Գրքաշարեանի, Յ. Դելլալեանի եւ այլոց: Արդէն գաղութը հին հետքերու վրայ էր, երբ պատահեցաւ անխուսափելին:
Երկու ճակատներու՝ ԱՄՆ-ի ու ԽՍՀՄ-ի հակամարտութեան զոհ երթալով՝ Յունահայ գաղութն ալ պառակտուեցաւ… պատմականօրէն Էջմիածնական գաղութ մը ենթարկուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ – այժմու Անթիլիասի – հովանաւորութեան հանդերձ բոլոր եկեղեցիներուն: Էջմիածնի հաւատարիմ թեմը սահմանափակուեցաւ մէկ մատռանման եկեղեցիով Աթէնքի Փերիսթեհրի արուարձանին մէջ: Սակայն, ժամանակի ընթացքին երկու համայնքները գլխաւորող ՌԱԿ է ՀՅԴ կուսակցութիւնները որոշեցին համագործակցիլ գէթ տարին անգամ մը՝ Ցեղասպանութեան ձեռնարկներու կազմակերպման համար: Գաղութը որ Բ Աշխարհամարտէն յետոյ ներգաղթի եւ այլ երկիրներ արտագաղթի բերումով կը հաշուէր 10-12 հազար հայութիւն, Միջին Արեւելքի խլրտումներէն յետոյ ընդունեցաւ փախստական եղբայրներ Իրաքէն, Իրանէն, Սուրիայէն, Լիբանանէն եւն, որոնց փոքր մասը միայն հաստատուեցաւ Յունաստան: Իսկ մեծագոյն հոսքը տեղի ունհեցաւ Խորհրդային Միութեան փլուզումէն յետոյ: Այսօր Հայաստանի շուրջ 35 հազար քաղաքացիներ ցրուած են երկրիս տարածքն ի վեր:
Տաս տարիէ ի վեր Յունաստանի դուռը եւս փախած նախ «համաշխարհայնացում»ը, ապա՝ «տնտեսական տագնապ»ը, իրենց բացասական դերն են խաղացեր այէս գողտրիկ գաղութի բնականոն երթին ու հետագայ զարգացման մէջ: Վարժարաններու տրամադրուած պետական նպաստը յանկարծ ջնջուեցաւ, իսկ կալուածներու վարձքով ապրող կազմակերպութիւններ մնացին առանց վարձակալի: Նոյնն է նաեւ պատկերը թերթերուն, որ իրենց կարելին կը կրճատեն, նոյնը եւ եկեղեցիներուն: Աւելի յստակ դառնալու համար մէջբերենք ՀԱՅԱՍՏԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ-ի դրամահաւաքման պատկերը: Երեք տարի առաջ գանձեց 80 հազար եւրօ, անցեալ տարի՝ 50 հազար, վերջին անգամ՝ 30 հազար:
Անշուշտ, յուսալի է որ Յունահայութիւն պէտք է բարձր պահէ, իր ուժերը ապավինելով գալիքի «լաւ օրերուն»: Բայց մարդ հարց կու տայ ի՞նչ ձեւով, երբ արդէն պէտք է իր մտքին մէկ ծայրը յատկացնել իր իւղին մէջ տապկուող Սուրիահայ եղբայրներուն:
http://noravank.am/arm/articles/detail.php?ELEMENT_ID=6926
Leave a Reply