ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի խորհրդարանի պատգամաւոր Վալերի Պուայէ բաց նամակով մը դատապարտած է Ատրպէյճանի իշխանութեանց սադրիչ գործողութիւնները՝ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ, Սումկայիթի ջարդերու 25րդ տարելիցին կապակցութեամբ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին:
Ըստ ֆրանսական «Նուվել տ՛Արմէնի» թերթին՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը քննադատող իր նամակին մէջ Պուայէ նաեւ կոչ ըրած է Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնին՝ Ազգային ժողովի օրակարգին վրայ դնելու Հայկական Ցեղասպանութեան ուրացումը քրէականացնող օրինագիծը:
«Հաւատարիմ մնալով իր ժխտողական քարոզչութեան եւ խթանելով հակահայ սադրիչ գործողութիւնները՝ ներառեալ աջակցումը հայերու դէմ բարբարոսութիւններ իրականացուցած յանցագործներուն (օրինակ՝ Սաֆարովի հարցը), Ալիեւի վարչակարգը կը խրախուսէ Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ սումկայիթեան ջարդերու 25րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակման արարողութեան ժամանակ տեղի ունեցած միջադէպը: Մտորումներու եւ յոյզերու այդ կարեւոր պահը եւս սադրանքի ենթարկուեցաւ Ատրպէյճանի կողմէ, ինչ որ դարձեալ կ՛ապացուցէ, թէ Ատրպէյճան մտադրութիւններ չունի լուծում տալու Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հարցին: Մէկ տարի առաջ ես այցելեցի Լեռնային Ղարաբաղ՝ ծանօթանալու համար հայերու այս հայրենիքին, որ տարիներով մոռացութեան եւ անտարբերութեան մատնուած էր խորհրդային կառավարութեան կողմէ: Աւելի վատ է նաեւ այն իրողութիւնը, որ նախագահ Ֆրանսուա Հոլանտ 2012ի սեպտեմբերին ժպտերես ու ջերմօրէն ընդունեց Իլհամ Ալիեւը: Մեր երկիրը պէտք է իր ձայնը բարձրացնէ՝ պաշտպանելու համար Մարդկային իրաւունքներու եւ հիմնարար ազատութիւններու մասին ուխտով սահմանուած արժէքները: Կը մօտենայ Հայկական Ցեղասպանութեան 100ամեայ տարելիցը, ինչ որ մեզ պէտք է մղէ առնելու այնպիսի քայլեր, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի հայերը չշարունակեն հետապնդուիլ իրենց ծագման պատճառով: Ես կը խնդրեմ Ֆրանսուա Հոլանտէն, որ անհրաժեշտ դիւանագիտական քայլերու ձեռնարկէ, դարդրեցնելու համար ֆրանսական հողին վրայ ուրացման որեւէ քարոզչութիւն: Ես նաեւ կը խնդրեմ Քլոտ Պարթոլոնէն, որ խորհրդարանի օրակարգին վրայ դնէ «Ազգային օրէնսդրութեան մէջ ցեղապաշտութեան եւ օտարատեացութեան որոշ ձեւերու եւ դրսեւորումներու դէմ պայքարին շուրջ շրջանակային որոշում մը փոխանցելու մասին» 2008, նոյեմբեր 28ի օրինագիծը, որով քրէական պատիժ կը նախատեսուի այն անձերուն նկատմամբ, որոնք կը վիճարկեն Հայկական Ցեղասպանութեան փաստը: Քարիւղը չի կրնար գնել յիշողութիւնը կամ մարդկային իրաւունքները», նշած է Պուայէ:
Յիշեցնենք, թէ Ֆրանսայի մէջ Հայ Դատի գրասենեակը դատ բացաւ այն երկու ատրպէյճանցիներուն դէմ, որոնք նշեալ ձեռնարկին ընթացքին մերժած էին յոտնկայս յարգել Սումկայիթի ջարդերու զոհերուն յիշատակը:
http://asbarez.com/arm/155282/
Leave a Reply