Հայերը՝ թուրք ազգայնամոլներու թիրախ

ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Ռատիքալ» թերթը կը հաղորդէ, որ «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միջազգային միութեան» նախագահ Կէօքսել Կիւլպէյ, «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ սկսած է իբրեւ թիրախ ցոյց տալու հայկական հաստատութիւնները։ Կիւլպէյ, «Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանին կապուած եկեղեցիներ ու վագըֆներ» խորագիրին ներքեւ կը գրէ, թէ 57 հայկական վագըֆներ կը գործեն այսօր։ Ան նախապէս բողոքի նամակ ղրկած էր Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան՝ ըսելով, թէ ի՞նչ պէտք կայ այսքան մեծ թիւով հայկական հաստատութիւններու գոյութեան։
Այս հարցին անդրադարձած է նաեւ թրքական «Զաման» թերթը՝ ակնարկելով, որ չորեքշաբթի, նոյեմբեր 28ին մարդկային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններ սկսած են դէմ արտայայտուելու այս արշաւին, իսկ «Թարաֆ» թերթի յօդուածագիր Մարգար Եսայեան գրած է, թէ այս արշաւը մաս կը կազմէ փոքրամասնութեանց դէմ մթնոլորտ ստեղծելու աւելի ընդարձակ արշաւին:
«Ակօս»ի խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշ աւելցուցած է, թէ 2002ին հիմնուած «Հայկական անհիմն պնդումներու դէմ պայքարի միջազգային միութեան» նման մարմինները կը փորձեն այն տպաւորութիւնը ստեղծել, թէ փոքրամասնութիւնները վտանգ կը սպառնան Թուրքիոյ ազգային ապահովութեան: Ան նշած է, թէ նման մարմիններու գործունէութիւնը կը նմանի «ընդյատակեայ պետութիւն» կոչուած մարմինի աշխատանքներուն՝ ազդարարելով, թէ Թուրքիա մեծ վնասներ պիտի կրէ, եթէ հակահայ նոր արշաւ մը արմատ նետէ երկիրին մէջ:
«Մարմարա» կը յիշեցնէ նաեւ, թէ Կիւլպէյ նախապէս բողոքի ցոյց մը կատարած էր՝ «մահապատիժի ենթարկելով» Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը խորհրդանշող խաւաքարտեայ պատկերը: Ան այս անգամ Թուրքիոյ հայկական բոլոր վարժարաններուն, եկեղեցիներուն եւ հաստատութիւններուն հաղորդակցութեանց տուեալները հրապարակած է։
Նոյն ցոյցին ընթացքին պարզուած է նաեւ հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինով սպաննած ոճրագործ Ռամիլ Սաֆարովի ցուցապաստառը։

http://asbarez.com/arm/147628/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ