ԱՆԳԱՐԱ, «Անատոլու».- Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան երեքշաբթի, նոյեմբեր 27ին պաշտօնական դիմում ներկայացուցած է դատախազութեան՝ խլելու համար խորհրդարանական անձեռնմխելիութիւնը քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամ այն 10 երեսփոխաններէն, որոնք անցեալ Օգոստոսին հանդիպում մը ունեցած էին Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալներու հետ:
Եթէ անոնց անձեռնմխելիութիւնը խլուի եւ անոնց դէմ կատարուած «ահաբեկչական» կազմակերպութեան մը հետ գործակցելու ամբաստանութիւնը հաստատուի, ապա անոնք կրնան 5էն 10 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Երկուշաբթի օր Էրտողան յայտարարած էր. «Թուրքիոյ խորհրդարանի մէջ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներուն կողմէ արտասանուած խօսքերը չափազանց անվայել են։ Բացի ատկէ, խորհրդարանին մէջ բոլորովին տարբեր վերաբերումի մը պէտք է արժանանան բոլոր անոնք, որոնք իրենք զիրենք «անջատողական ահաբեկչութեան կազմակերպութեան շարունակութիւնը» կը նկատեն։ Այս պահուն այդ մասին աւելի քան 800 թղթածրարներ գոյութիւն ունին։ Ասոնք սովորական թղթածրարներ չեն։ Երբ մեր առջեւ ունենանք այդ թղթածրարները, ապա հարկաւոր որոշումը կու տանք։ Ի հարկին, այդ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութեան իրաւունքը պիտի ջնջենք»։
Ան աւելեցուցած էր, թէ «ահաբեկչութեան դէմ պայքարի արդիւնաւէտ ճամբան ոչ թէ զէնքերը լռեցնելն է, այլ՝ զանոնք մէկ կողմ ձգելը: Եթէ զէնքը ահաբեկիչի ձեռքը գտնուի, ապա ան ամէն պահու կրնայ կրակել»:
10 քիւրտ երեսփոխաններու անձեռնմխելիութիւնը խլելու դիմում
•
Leave a Reply