ԱՆԳԱՐԱ.- Թրքական «Զաման» թերթը չորեքշաբթի, նոյեմբեր 21ին հաղորդեց, թէ Թուրքիոյ ձայնասփիւռի եւ պատկերասփիւռի հսկիչ մարմինը որոշած է ազդարարութեան պատիժ տնօրինել «Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կայանին դէմ, որովհետեւ վերջինիս յայտագիրներէն մէկուն ընթացքին լեզուաբան Սեւան Նշանեան նախատական արտայայտութիւններ ունեցած է Մուհամմատ մարգարէի հասցէին՝ «Իսլամներու անմեղութիւնը» կոչուած հակաիսլամական ժապաւէնին ստեղծած փոթորիկի օրերուն տեղի ունեցած պատկերասփիւռային քննարկումի մը ընթացքին: Յայտագիրին պատասխանատուն քննադատուած է, որովհետեւ օրին հակազդեցութիւն ցոյց չէր տուած ու արտօնած էր, որ Նշանեան շարունակէ նախատել Մուհամմատ մարգարէն։
«Սի.Էն.Էն. Թիւրք» կը պատժուի Նշանեանի արտայայտութիւններուն պատճառով
•
Leave a Reply