ՊՈԼԻՍ.- «Մարմարա» իր հինգշաբթի, նոյեմբեր 8ի թիւով կը տեղեկացնէ, թէ Թուրքիոյ կողմէ 1974ին բռնագրաւուած հիւսիսային Կիպրոսի մէջ մնացած հայկական վանք մը նորոգութեան կ՛ենթարկուի Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան (ՄԱԿ) Զարգացման յայտագիրի քաջալերութեամբ ու 5 միլիոն տոլարի յատկացումով։
Մինչ հայկական վանքը նորոգութեան կ՛ենթարկուի, թրքական իշխանութիւնները յայտարարած են, թէ վերանորոգուած հայկական վանքը պիտի տրամադրուի Միջին Արեւելքի թրքական համալսարանին, որպէսզի համալսարանը այս շէնքը գործածէ իբրեւ թրքագիտութեան հիմնարկ:
Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները առարկած են յիշեալ վանքը թրքագիտական հիմնարկի վերածելու ծրագիրին դէմ եւ ազդարարած են, թէ այդ պարագային վերանորգութեան տրամադրուող օժանդակութիւնները պիտի դադրեցնեն։
Ամերիկա կ՛ընդդիմանայ Կիպրոսի գրաւեալ հայկական եկեղեցին շահագործելու թրքական փորձին
•
Վերջին Յաւելումներ
- Քոնկրեսի շէնքին մէջ Ցեղասպանութեան ոգեկոչումը տեղի պիտի ունենայ 15 ապրիլին
- Թուրքիան աշխարհում ամենաշատ զենք ունեցող երկրների 10-յակում է
- Հայ դատի 60-ամեակ — բացառիկ հատորի մը հրատարակութեան առիթով



Leave a Reply