Թուրքիա պիտի ընդունի քրտերէնով ինքնապաշտպանութիւնները

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Այն օրէն, երբ Թուրքիոյ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան ըսաւ, որ Թուրքիոյ մէջ իսկական իմաստով հացադուլ չկայ, եւ միայն մէկ հոգի լրջօրէն հացադուլ կը կատարէ, երկիրին մէջ լուսարձակի տակ առնուած է հացադուլ ընողներու հարցը։ Կը թուի, թէ վարչապետը քիչ մը աճապարած էր՝ այսքան վճռօրէն մերժելով հացադուլի դիմողերու դատը։ Իրականութիւնն այն է, որ 56 օրէ ի վեր հացադուլ հռչակած բանտարկեալներ կան։
Երկուշաբթի, նոյեմբեր 5ին, Թուրքիոյ կառավարութիւնը հինգ ժամ տեւած նիստի մը ընթացքին քննեց հացադուլի դիմողներուն պահանջները։ Այս պահանջներէն մէկն է քրտերէնով դատական ինքնապաշտպանութիւն ընելու իրաւունքը։ Նիստէն ետք, փոխվարչապետ ու կառավարութեան բանբեր Պիւլենտ Արընչ յայտնեց, որ դատական օրէնքին մէջ փոքրիկ յաւելում մը պիտի կատարուի, որպէսզի ճանաչցուի քրտերէնով ինքնապաշտպանութիւն ընելու իրաւունքը։ Սակայն, հացադուլ հռչակած բանտարկեալներու աւելի կարեւոր պահանջը, որ կ՛առնչուէր ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի մեկուսացման վերջ տալուն, մերժուեցաւ կառավարութեան կողմէ: Արընչ ըսաւ, որ Օճալան մեկուսացուած չէ, հակառակ այն իրողութեան, որ անոր փաստաբանները ամիսներէ ի վեր արտօնութիւն չեն ստացած տեսակցելու անոր հետ: Կառավարութիւնը կը պնդէ, թէ այս ընդհատումը հետեւանք է այն իրողութեան, որ փաստաբանները սկսած էին Օճալանի հրահանգները փոխանցելու անջատողական Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան:

http://asbarez.com/arm/145610/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

November 2012
M T W T F S S
 1234
567891011
12131415161718
19202122232425
2627282930  

Արխիւ