Մորնինկսթար արտօնութիւն չէ ստացած այցելելու Ջուղայի գերեզմանատունը

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Ատրպէյճանական «Քոնթաքթ» կայքը կը հաղորդէ, որ Ատրպէյճանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ռիչըրտ Մորնինկսթար շրջանին մէջ մշակութային ժառանգութեան պահպանման վերաբերեալ յայտարարութիւն մը հրապարակած է: Ան ըսած է, որ դեսպան նշանակուելէ ետք սկսած է ծանօթանալու Ատրպէյճանի պատմութեան, մշակոյթին, եւ այլ վայրերու կողքին այցելած է նաեւ Նախիջեւան, ինչ որ առիթ ընծայած է իրեն «ծանօթանալու երկիրի բազմազան մշակութային ժառանգութեանց»:
«Նախիջեւանի մէջ ես պաշտօնատար անձերու հետ մանրամասն կերպով քննարկած եմ Ջուղայի մէջ հին հայկական գերեզմանատան աւերման փաստը: Կը ցաւիմ, որ պաշտօնատար անձեր անկարելի դարձուցին իմ այցելութիւնս այնտեղ՝ այդ մէկը պայմանաւորելով անվտանգութեան հարցերով», ըսած է Մորնինկսթար:
Միացեալ Նահանգներու դեսպանը ըսած է, որ մշակութային ժառանգութեան պահպանումը կարեւոր է շրջանին մէջ խաղաղութեան համար եւ աւելցուցած է. «Զիս կ՛ոգեւորեն այն ջանքերը, որոնց երկու կողմերը կը ձեռնարկեն՝ իրենց մշակութային ժառանգութիւնը պահպանելու ուղղութեամբ»: Ան պատմած է, թէ ինչպէս Պաքուի մէջ Ս. Գրիգոր հայկական եկեղեցին այցելած է: Ըստ դեսպանին՝ հոն անոր ծանօթացուցած են եկեղեցւոյ պատմութեան, հայերէնով գիրքերու եւ ձեռագիրներու հետ: Այնտեղ դեսպանին յայտնած են, որ հայ եւ ատրպէյճանական գիւղերու միջեւ համաձայնութիւն կայ՝ իրարու գերեզմանատուները պահպանելու շուրջ:
Նշենք, որ Ս. Գրիգոր եկեղեցին կառուցուած է 1887ին: 1990ին ատրպէյճանցիները հանած են եկեղեցւոյ խաչը:
Դեսպանը կը նշէ, որ Միացեալ Նահանգներ կը սատարէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի պատմական արխիւները պահպանելու գործին:

http://asbarez.com/arm/145477/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

Արխիւ