«Իրենք խնջոյքներ կը սարքեն, իրենց մարդոց «մեռիր» կ՚ըսեն»
Վարչապետ Էրտողան երկու օրէ ի վեր միջազգային լուրերու վրայ է Գերմանիոյ մէջ իր ունեցած հանդիպումներու կապակցութեամբ։ Նախընթաց օր ան Պերլինի մէջ բացած էր Թուրքիոյ նոր դեսպանատունը, որ հռչակուեցաւ վերադարձ Օսմանեան շրջանի Գերմանիոյ դեսպանատան հողերուն։ Էրտողան շինիչ յանձնարարութիւններ ալ ըրաւ Թուրք գաղթականներուն` բացատրելով անոնց, որ անոնք պէտք է նոյնանան Գերմանիոյ հաւաքականութեան հետ, մասնակցին քաղաքական ու մշակութային կեանքին եւ միաժամանակ պահեն իրենց ինքնութիւնն ու միասնութիւնը։
Երէկ Վարչապետ Էրտողան կը խօսէր բոլորովին տարբեր նիւթերու վրայ։ Գերմանիոյ վարչապետ Անճէլա Մէրքէլի հետ սարքուած համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներ շատ հետաքրքիր էին Վարչապետ Էրտողանին հարցնելու Թուրքիոյ զանազան բանտերուն մէջ մահուան հացադուլ հռչակած քաղաքական բանտարկեալներու մասին։
Այս հարցը միջազգային քաղաքական հրապարակի վրայ Թուրքիոյ դէմ կը բանի բնականաբար, բայց վարչապետ Էրտողան հիմնովին մերժեց այս մասին շրջող զրոյցները եւ պատասխանեց որ Թուրքիոյ մէջ միայն մէկ հոգի մահուան հացադուլի մէջ է սա պահուն եւ անոր նկատմամբ ալ բժշկական հսկողութիւն կը կատարուի։ Գալով միւսներուն, Վարչապետ Էրտողան շատ հանգիստ ոճով մը ըսաւ որ ուրիշ հացադուլ եւայլն չկայ, եղածներն ալ պարզապէս շով են։
Վարչապետ Էրտողան, որ Գերմանիայէն ամբողջ աշխարհի կոչ կ՚ընէր, հրապարակաւ ժխտեց հացադուլերու գոյութիւնը եւ միւս կողմէ խստիւ մեղադրեց այն քաղաքական կուսակցութիւններու (այս պարագային անշուշտ Պէ-Տէ-Փէի) կամ ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ղեկավարները, որոնք իրենց գործիչներուն «հացադուլ հռչակէ ու մեռիր» կ՚ըսեն, բայց իրենց միջեւ գառնուկի խորովածներու խնջոյքներ կը սարքեն ու կուշտ ու կուռ կ՚ուտեն, կը խմեն։ Վարչապետը այս նիւթի շուրջ շատ յաւակնոտ խօսեցաւ ու ըսաւ, որ այսպիսի խնջոյքներու մասին լուսանկարներ ու փաստացի տուեալներ ունի։ «Իրենք կ՚ուտեն, բայց իրենց մարդոց «մեռիր” կ՚ըսեն», – ըսաւ Էրտողան` հետաքրքրական պնդում մը յառաջ քշելով։ Վարչապետը աւելցուց, որ հացադուլի նմանօրինակ «շով»-երը չեն կրնար արգելք հանդիսանալ արդարութեան ու օրէնքներու գործադրութեան։
Դատական նախարարէն հակասական տեղեկութիւններ
Այն պահուն, երբ Գերմանիոյ մէջ վարչապետ Էրտողան խստիւ կը ժխտէր լուրջ հացադուլերու գոյութիւնը, Անգարայի մէջ բոլորովին տարբեր յայտարարութիւններ կ՚ընէր դատական նախարար Սատուլլահ Էրկին, որ հանդիպում մը ունեցած էր Գերմանիոյ դատական նախարար Սապին Լոյթ Հոյսէրի հետ։ Հետաքրքրական է, որ այս հանդիպման ընթացքի ն օրակարգի նիւթ դարձած էր նոյն հարցը. բանտերու մէջ հացադուլ հռչակած բանտարկեալներու հարցը։
Լրագրողներ այս առթիւ Թուրքիոյ դատական նախարարին հարցուցին, թէ ի՞նչ է վերջին կացութիւնը հացադուլերու խնդրին մէջ։ Դատական նախարար Էրկին ըսաւ, որ սա պահուն, իրենց ունեցած տուեալներուն համաձայն, 66 զանազան բանտերու մէջ 683 հոգի հացադուլ հռչակած է։ Բանտերու մէջ հացադուլի ու բողոքի այս արարքները բացարձակապէս կապ չունին բանտային պայմաններու հետ, այլ կապակից են ուղղակի այնպիսի քաղաքական խնդիրներու, որոնք վիճելի խնդիրներ են։ Այս կապակցութեամբ լրատու գործակալութիւնները դիտել կուտան, որ Խորհրդարանի Մարդու իրաւունքներու յանձնախումբի շրջագծով հիմնուեցաւ Բանտերու ենթայանձնախումբ մը, որուն անդամները պիտի այցելեն բանտերու մէջ հացադուլ հռչակած բանտարկեալներուն։ Այս հարցը հետզհետէ աւելի կարեւոր դառնալ սկսած է, քանի որ արտասահմանի մէջ Թուրքիոյ հարցերով հետաքրքիր շրջանակները սկսած են յամառօրէն կանգ առնել հացադուլերուն վրայ ու այդ խնդիրը շահագործել` Թուրքիոյ դէմ արշաւներ կազմակերպելու համար։ Այս պատճառաւ է, որ մինչ վարչապետ Էրտողան այնքան հանգիստ կը խօսէր Գերմանիոյ մէջ, զինքը ծափահարող թուրք ու գերման հարիւրաւոր քաղաքագէտներու շրջանակէն դուրս քաղաքական բողոքի ցոյցերու ալ նիւթ կը դառնար, ու կարգ մը ցուցարարներ կը պարզէին Էրտողանի նկարները, որոնց մէջ վարչապետը ցոյց կը տրուէր որպէս արիւնարբու քաղաքագէտ։
Leave a Reply