ՊՈԼԻՍ.- Ըստ թրքական մամուլին՝ Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրուան (Հոկտեմբեր 29) տօնակատարութեանց ընթացքին Անգարայի որոշ շրջաններուն մէջ հաւաքներ կազմակերպելու կառավարութեան արգելքը պատճառ դարձած է նախագահ Ապտուլլահ Կիւլի եւ վարչապետ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանի միջեւ նոր պառակտումի մը:
Գլխաւոր ընդդիմադիր Հանրապետական ժողովրդային կուսակցութիւնը, ոչ կառավարական աւելի քան 40 կազմակերպութիւններու հետ, Թուրքիոյ Հանրապետութեան օրը նշեց Անգարայի «Ուլուս» հրապարակին վրայ՝ քալելով դէպի Աթաթուրքի դամբարան` հակառակ վերոյիշեալ արգելքին: Ըստ մամուլին՝ այս արգելքը չպարտադրելու նպատակով Կիւլ Անգարայի նահանգապետին դիմած է՝ անոր յանձնարարելով «լարուածութիւն չստեղծել»: Այս քայլը զայրացուցած է Էրտողանը, որ ըսած է, թէ «երկգլխանի կառավարում» պէտք չէ ըլլայ Թուրքիոյ մէջ:
Չորեքշաբթի օր Կիւլ իր կարգին յայտարարած է, թէ «երկգլխանի կառավարում» գոյութիւն չունի Թուրքիոյ մէջ՝ փորձելով մեղմացնել լարուածութիւնը:
Leave a Reply