Ս. Խաչ Դպրեվանքի համայնքային հաստատութիւն վերադասուելու լուրը պաշտօնապէս հաստատուեցաւ

Դպրեվանքի խնամակալութեան մարմնի ընտրութեան համար կազմուեցաւ ընտրական յատուկ յանձնախումբ

Յանձնախումբի անդամներու տեղեկութիւններ՝ այս բարի լուրի մասին

Համայնքային շրջանակներէ ներս միջոցէ մը ի վեր լուր կը շրջէր այն մասին, թէ պետական իշխանութիւնները որոշած են Ս. Խաչ Դպրեվանքին վերադարձնել Խնամակալութիւն ըլլալու իր հանգամանքը` վերահաստատելով մինչ այդ ջնջուած այդ իրաւունքը եւ զայն դասելով համայնքային մեր հինգ հաստատութիւններու կարգին։

Ինչպէս ծանօթ է, Իսթանպուլահայութիւնը նախապէս ունէր Խնամակալական հինգ հաստատութիւններ, այս կարգին՝ Ս. Փրկիչ Ազգ. Հիւանդանոցի, Գալֆայեանի, Գարակէօզեանի, Ղալաթիոյ եւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութիւնները։ Յետագային, պետական օրէնքով ջնջուեցաւ Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութիւնը։ Ներկայիս վերահաստատուած է Ս. Խաչ Դպրեվանքի նախկին կարգավիճակը, եւ այսուհետեւ մեր այս հաստատութիւնը եւս պիտի դասուի Խնամակալութիւններու կարգին։ Խնամակալութիւն ըլլալու հանգամանքը իրաւունք կուտայ մեզի, որ համայնքային այս հաստատութիւններու վարիչները ընտրուին համայն Պոլսոյ հայ բնակիչներու կողմէ, մինչ թաղային ընտրութիւնները կը կատարուին միայն թաղեցի հայ բնակիչներու կողմէ։ Թերթիս խմբագրութիւնը, ուրեմն, հիմնուելով պետութեան կողմէ կատարելի այս սրբագրութիւններու մասին շրջող շշուկներու վրայ, հրահանգի յայտարարութենէն առաջ, կանխաւ հրատարակած էր այս մասին լուր մը` ուրախութիւն արտայայտելով։

Ներկայիս պատկան իշխանութիւններու կողմէ պաշտօնապէս հաղորդուած է, որ այսուհետեւ վերահաստատուած է կրկին Ս. Խաչ Դպրեվանքի Խնամակալութեան իրաւական անձ ըլլալու հանգամանքը, եւ մեր այս հաստատութիւնը եւս, մեր միւս չորս հաստատութիւններու կարգին, որպէս հինգերորդը, ըստ նախընթացի, համայն իսթանպուլաբնակ ժողովուրդի կողմէ ընտրութեան դրութեամբ պիտի ունենայ իր խնամակալները, որոնք պիտի մատակարարեն Ս. Խաչ Դպրեվանք լիսէն եւ եկեղեցին։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ