«Հրանդ Տինք» հիմնադրամի միջոցներով վերանորոգուած Թուրքիոյ Էլազիկ մարզի Հապափ (Հավավ) գիւղի պատմական հայկական աղբիւրներու վերանորոգման առիթով մայիս 27-ին գիւղին մէջ տօնակատարութիւն եղած է: Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթինի հայ տատիկի ծննդավայր գիւղի աղբիւրներուն բացման արարողութեան հիւրերուն մէջ եղած են նաեւ թուրք պաշտօնեաներ` մարզի մշակոյթի եւ զբօսաշրջութեան վարչութեան պետ Թահսին Օզթուրք, քաղաքապետ Պեքիր Եանըլմազ, գրողներ, ինչպէս նաեւ Հրանդ Տինքի այրին` Ռաքէլ Տինքը:
Ֆեթհիյէ Չեթին իր ելոյթին մէջ նշած է, որ այդ աղբիւրները հայ ճարտարապետներուն բնորոշ բազմակն աղբիւրի օրինակներ են:
«Այդ մշակոյթի շատ օրինակներուն նման այս աղբիւրները եւս երկու-երէք տարուան ընթացքին պիտի վերանային, եթէ շարունակէին անուշադրութեան մատնուած մնալ: Մենք այս աղբիւրները առաջին անգամ տեսնելէ ի վեր կ’երազէինք վերանորոգել զանոնք: Մեր այդ երազանքները իրագործելու ճանապարհը սկսաւ 2009-էն, եւ այսօր կարեւոր հանգրուանի մը հասած ենք»,- ըսած է ան:
Չեթին նաեւ նշած է, որ իրենց յաջողութիւնները միայն աղբիւրներու վերանորոգմամբ չի սահմանափակուիր, իրենք աւելիին հասած են:
«Մենք յաջողեցանք իրականացնել այն, ինչ այս երկրին մէջ հասարակութեան մեծ մասը չէ յաջողած իրականացնել: Այս վերանորոգման համար քիւրտերը, հայերն ու թուրքերը միասին աշխատեցան, միասին քարը քարին դրին եւ ջուրը դարձեալ սկսաւ հոսիլ: Մենք այս երկրին մէջ մեծամասնութեան համար սերմ ցանեցինք, թող անիկա ծլի, յոյս դառնայ եւ տարածուի ամբողջ երկրին մէջ: Պատմութիւնը անտեսելու փոխարէն թող բարեկամութիւն եւ սէր դառնայ»,- ըսած է ան:
Աղբիւրներուն վերակառուցումը եղած է նաեւ սպաննուած խմբագրապետ Հրանդ Տինքի երազանքը: Անոր այրին` Ռաքէլ Տինք չէ կրցած զսպել արցունքները:
«Կը փափաքիմ, որ ողջ երկիրը` 73 միլիոն մարդ, զգայ այս ամէնը եւ հասկնայ: Այսուհետեւ թող ոչ մէկ մարդ այլ մարդու, ոչ մէկ ցեղ` այլ ցեղի, ոչ մէկ երկիր` այլ երկրի ցաւ չպատճառէ: Ամէն մարդ ո’չ թէ սպաննելու, ցաւ պատճառելու, այլ ապրեցնելու համար ջանքեր թող ներդնէ»,- ըսած է ան:
Leave a Reply