Աղթամար այցելած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի Հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդը

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի հոգեւոր խորհուրդի առաջնորդ Թաթուլ Անոյշեան Վանի երկրաշարժէն ետք առաջին անգամ այցելած է Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ եկեղեցի:

Ան նշած է, որ եկեղեցին երկրաշարժէն չէ վնասուած:

«Երկրաշարժէն ետք եկեղեցւոյ մէջ որեւէ խնդիր չկայ: Ասիկա մեզի ցոյց կու տայ Անատոլիոյ ուժը»,- ըսած է Անոյշեան:

Ան շրջած է կղզիին մէջ, այցելած է եկեղեցի, զբօսաշրջիկներուն պատմած Գագիկ թագաւորի հիմնադրած եկեղեցւոյ մասին եւ տեղեկացուցած, որ այս տարի Սուրբ խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագը տեղի պիտի ունենայ Սեպտեմբեր 9-ին:

Անոյշեան կղզի մեկնած է փաստագրական հաղորդում պատրաստող հեռուստալիքներէն մէկուն հրաւէրով: Անոր հետ կղզի գացած է նաեւ երաժիշտ Սոնկիւլ Պուլուրը, որ շարժանկարին մէջ պիտի խաղայ Թամարի դերը: Սոնկիւլ կղզիին մէջ հայերէնով կատարած է «Սարի Կելին» երգը:

http://tert.am/hy/news/2012/05/24/anushyan/?sw

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ