Հրանդ Տինքի փաստաբան Ֆեթհիյէ Չեթին A haber հեռուստաընկերութեան եթերով պատմած է իր հայազգի տատիկին գիւղին` Հաբափի (Հավավ-Ակունքի խմբ.) վերակառուցուած աղբիւրներուն մասին եւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինը հրաւիրած է անոնցմէ «մէկ թաս ջուր խմելու»:
Հաբափի աղբիւրները հայկական ճարտարապետութեան լաւագոյն նմուշներէն են` բազմակ, բազմակամար: Սակայն անոնք անմխիթար վիճակի մէջ եղած են, եւ Ֆեթհիյէ որոշած է վերանորոգել զանոնք:
«Եթէ Հրանդ Տինքը կենդանի ըլլար, այդ աղբիւրներու վերակառուցման համար շատ կ’ուրախանար: Այդ նախագիծը զինք շատ յուզած էր: Եթէ Հրանդը կենդանի ըլլար, վստահ եմ, որ գիւղ առաջին մեկնողը ինք կ’ըլլար»,- ըսած է Չեթին:
Կիրակի օր Էլազիգ նահանգի Հաբափ գիւղին մէջ աղբիւրներու բացման առիթով տօնակատարութիւն պէտք է տեղի ունենյ, որուն Չեթին հրաւիրած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարը:
«Եթէ նախարարը գոնէ գար եւ մէկ բաժակ ջուր խմէր, ներողութիւն խնդրած կ’ըլլար մինչեւ հիմա ըսածներուն եւ ըրածներուն համար»,- ըսած է Ֆեթհիյէ Չեթին:
Լրագրողին հարցումին, թէ եթէ Օկիւն Սամասթ ցանկանայ այդ աղբիւրէն ջուր խմել, ի՞նչպէս կ’արձագանգէ, Ֆեթհիյէ Չեթին պատասխանած է.«Բոլորը, իւրաքանչիւր ոք պէտք է խմէ այդ աղբիւրներու ջուրէն: Այդ ժամանակ վստահ եմ, որ բոլորիս վէրքերը կը լաւանան: Մահացածներուն հոգիներուն համար մէկ թաս ջուր խմել ցանկացող ամէն անձ կրնայ գալ այնտեղ»:
Չեթին ըսած է, թէ կը ցանկանար, որ պետական ծառայողներն ալ գային աղբիւրին մօտ` առերեսուելու. «Երանի գան եւ ըսեն, որ իրենք Տինքը պաշտպանել չեն կրցած, իրենց պարտականութիւնները չեն կատարած եւ ներողութիւն խնդրեն: Երանի գան…»:
Անդրադառնալով աղբիւրներու վերակառուցման աշխատանքներուն` Չեթին նշած է, որ այդ ամբողջ ընթացքին իրենց վրայ ճնշումներ եղած են:
«Նախ երկու ճարտարապետներու հետ գիւղ գացինք: Բացի մէկ-երկու ընտանիքներէն` բոլորը մեզի դէմ էին: Մտահոգուած էին, որ մենք եկած ենք մեր ունեցուածքը տանելու: Կը մտածէին, որ եկած ենք իրենց չգտած գանձերը տանելու: Մեզի լաւ ընդունած գիւղացիներուն կը ճնշէին: Երբ մենք հեռացած էինք այնտեղէն, փորած էին աղբիւրին հիմքը եւ գանձ որոնած: Ատիկա մեզ շատ խանգարեց»:
Սակայն հիմա ամէն ինչ փոխուած է: Գիւղացիները սկսած են օգնութեան ձեռք մեկնել, սկսած են հսկել, որ գանձեր որոնողները չվնասեն աղբիւրը:
Աղբիւրին վերանորոգման ընթացքին Հայաստանէն, Ֆրանսայէն հիւրեր եկան: Հայ, թուրք, քիւրտ երիտասարդները միասին աշխատած են` աղբիւրներու վերակառուցման համար:
«Մեծ մայրս» գիրքի հեղինակ Ֆեթհիյէ Չեթին, խօսելով Հրանդ Տինքի սպանութեան մասին, ըսած է, որ ատիկա համակարգին սխալի արդիւնքն է:
«Թէ իմ, թէ Հրանդ Տինքի գիրքը շատ դատաւորներ կարդացած են, գիտեմ: Սակայն քանի դեռ համակարգը այսպիսին է, ոչինչ փոխել կարելի է»,- ըսած է ան:
Leave a Reply