Ըստ ատրպէյճանցի փրոֆեսէօրին՝ թրքական սահմանը պէտք Է բացուի

ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».- Պոլսոյ Այտընի համալսարանի ատրպէյճանական արմատներով փրոֆ. Քամիլ Ուելի Ներիմանօղլու, «Թուրքիէ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, թէ հայ-թրքական սահմանը պէտք է անպայման բանալ. «Թրքական ապրանքները, առանց անոր իսկ, լեցուցած են հայկական շուկաները, եւ այդ պայմաններուն մէջ սահմանը փակ պահելը որեւէ իմաստ չունի», ըսած է ան:

Տարիներէ ի վեր Թուրքիա բնակող փրոֆեսէօրը աշխատութիւններ ունի նաեւ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին: Իսկ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն կապակցութեամբ ան յաճախ պնդած է, թէ Թուրքիա պէտք է բանայ հայ-թրքական սահմանը: Ըստ անոր՝ սահմանի փակ մնալուն հանգամանքը չ՛արգիլեր Հայաստանի քաղաքացիներուն՝ Վրաստանի կամ Իրանի սահմանով մուտք գործել Թուրքիա: Ատոր վկայութիւնն են նաեւ Թուրքիոյ մէջ ապօրինաբար բնակող եւ աշխատող շուրջ 100,000 հայերը:

«Սահմանին բացումը կրնայ այլ դրական կողմեր ունենալ: Այդ պարագային հայ ժողովուրդը մեզի վատ աչքով չի նայիր եւ կը հասկնայ, թէ անցեալին տեղի ունեցած իրադարձութիւնները պէտք է անցեալին մէջ ձգել»,- կը կարծէ Ներիմանօղլու:

«Թուրքիէ» օրաթերթին տուած հարցազրոյցին ընթացքին ան խիստ քննադատութեան ենթարկած է Ատրպէյճանի իշխող վարչախումբը:

«Ատրպէյճանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պէտք է դիտարկել երկու հարթութեան վրայ: Մէկը՝ ժողովուրդներուն յարաբերութիւնները, որոնք ունին պատմական արմատներ, եւ ոեւէ մէկը չի կրնար խաթարել զանոնք: Միւսը՝ պետական մակարդակը, որուն մէջ որոշ արատներ կան: Այժմ Ատրպէյճանի իշխանութիւնները իրենց ժողովուրդին հանդէպ կը վարեն անարդար, կաշառակերութեան մէջ թաթխուած քաղաքականութիւն մը, իսկ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւններու պարագային կ՛ընդունին հակասական որոշումներ»,- ըսած է Ներիմանօղլու:

Ալիեւի իշխանութեան անդրադառնալով՝ փրոֆ.ը նշած է, թէ Ատրպէյճանի կառավարութեան հիմնական նպատակը իշխանութիւնը ձեռքէ չձգել է, եւ այդ պատճառով, ընդդիմութեան հանդէպ ճնշումները օրէ օր կ՛աւելնան:

«Ընդդիմութեան առաջնորդներուն արգիլուած է դուրս գալ երկրէն. անոնցմէ ոմանք նոյնիսկ տնային կալանքի տակ են: Նման պետութիւն մը որքա՞ն կրնայ ոտքի վրայ մնալ: Ժողովրդական շարժում մը կրնայ սկիզբ առնել իւրաքանչիւր պահ: Քարիւղէն եկած գումարները չեն օգտագործուիր ի շահ ժողովուրդին: Կը նշուի, թէ՝ «պատերազմի կը պատրաստուինք, կը զինուինք, բանակը կը հզօրացնենք…». այս բոլորը անհիմն խօսքեր են եւ ուղղուած են ընդդիմութիւնը լռեցնելու ու իշխող գլանի (տոհմ-Խմբ.) գերակայութիւնը ամրապնդելու»,- յայտարարած է Ներիմանօղլու:

Ան նաեւ կը կարծէ, թէ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը Թուրքիոյ հետ իր ունեցած յարաբերութիւններուն մէջ նոյնպէս ազնիւ չէ. օրինակ՝ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը մինչեւ այսօր իր ստորագրութիւնը չէ դրած «ՆԱՊՈՒՔՕ» նախագիծին:

Ներիմանօղլու նաեւ պնդած է, որ վաղ թէ ուշ Ատրպէյճանն ու Թուրքիան պիտի ձեւաւորեն դաշնութիւն մը, պիտի ունենան միասնական լեզու եւ այբուբեն, եւ ոչ մէկ կառավարութիւն պիտի կարենայ դիմադրել անոր:

http://asbarez.com/arm/131295/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ