Զուրապեան. «Ցեղասպանութիւնը Թուրքիոյ բարոյական պատասխանատուութիւնն Է»
Այս օրերուն Թուրք մամուլը հոսկէ հոնկէ կը հրատարակէ տպաւորութիւնները լրագրողներու, որոնք Երեւան գացած էին Իսթանպուլի «Քիւլթիւր» Համալսարանի ու Երեւանի Մամլոյ Ակումբի համատեղ նախաձեռնութեամբ։ Երեւան այցելութեան նպատակն է տեսնել, թէ Երեւան ինչպիսի դիրքաւորում ունի եւ ի՞նչպիսի պատրաստութիւններ կը տեսնէ 1915-ի հարիւրամեակին համար։ «Ճումհուրիյէթ»-ի աշխատակից Էօզկիւր Ուլուսօյ Երեւան գացած այդ լրագրողներէն մէկն է որ երէկուան թերթին մէջ հրատարակած է իր տպաւորութիւնները երեսփոխան Լեւոն Զուրապեանի ու Դաշնակցութեան ղեկավարներէն Կիրօ Մանոյեանի հետ։ Հարցումները նոյնն են, ու մօտաւորապէս նոյնն են նաեւ այդ հարցումին պատասխանները, այսինքն` մեծ նորութիւն մը չկայ։ Հայաստանցիները ընդգծած են, որ Ղարապաղը կարեւոր է երկրի անվտանգութեան տեսակէտէ, եւ թէ Թուրքիա առանց նախապայմանի պէտք է բանայ սահմանադռները։ Գալով ցեղասպանութեան հարցին` երեսփոխան Լեւոն Զուրապեան ըսած է, որ ասիկա Թուրքիոյ բարոյական պատասխանատուութիւնն է, ոչ թէ Հայաստանի։
Զուրապեան խօսեր է քիչ մը տարբեր լեզուով։ Ան կը պնդէ, որ ցեղասպանութեան ճանաչումը պէտք է դարձուի պետական քաղաքականութիւն։ Լեւոն Տէր Պետրոսեանն ալ ատենօք պաշտպանած էր նոյն տեսակէտը։ Թուրքիա զօրաւոր երկիր է, եւ պէտք չէ, որ ճնշում գործադրուի անոր վրայ, որովհետեւ տեսնուած է, որ նմանօրինակ ճնշումները կը զօրացնեն Թուրքիոյ մէջ ազգայնապաշտ դիմադրութիւնը։ Բայց հիմա Թուրքիոյ մէջ բացէ ի բաց կը խօսուի այս նիւթրու մասին, ու շատ բան փոխուած է։ Ցեպասպանութեան ճանաչումը Թուրքիոյ բարոյական պատասխանատուութիւնն է, ոչ թէ Հայաստանի։ Պատմութիւնը հարցաքննելու պարտականութիւնը Թուրքիոյ կը պատկանի։ Բռնի ուժով ներողութիւն չի խնդրուիր։ Ցեղասպանութեան հարցը հայերու համար սակարկութեան նիւթ չէ։ Ըստ Զուրապեանի` Թուրքիոյ Ղարապաղեան քաղաքականութիւնն ալ իմացապաշտ քաղաքականութիւն չէ։ Հայաստան տնտեսական տեսակէտէ կախեալ է Իրանէն ու Ռուսաստանէն, եթէ Թուրքիա սահմանները բանայ, հարցերու լուծումն ալ կը դիւրանայ։
Իսկ Դաշնակութեան ղեկավարներէն Կիրօ Մանոյեան ըսած է, որ անընդունելի կ՚ըլլայ, եթէ Թուրքիոյ վարչապետ Էրտողան Տէրսիմի պարագային ըրածին նման ներողութիւն մը խնդրէ 1915-ին համար ալ։ Ըստ Մանոյեանի` այդպիսի ներողութիւն խնդրել մը նախատել կը նշանակէ Հայաստանը։
Կիրօ Մանոյեան, անդրադառնալով Տէրսիմի պատահարներուն մասին Էրտողանի կողմէ այդ շրջանի կառավարութեան ուղղուած մեղադրանքին, կ՚ըսէ, որ Էրտողան այնպէս մը կը խօսի, որ կարծես թէ պետութիւնը պատասխանատու չէր, այլ միայն Կառավարութիւնը պատասխանատու էր։ Ուստի պէտք է ներողութիւն խնդրուի պետութեան անունով, այն ատեն է, որ ներողութիւն խնդրելը կը դառնայ արգելիչ միջոցառում նմանօրինակ ուրիշ չար արարքներու համար։ Որովհետեւ ներողութիւն խնդրելը կը նշանակէ ըսել, որ անգամ մըն ալ պիտի չընեմ։
Լրագրողները Երեւանէն վերջ Կիւմրիւ ալ գացեր են։ Նախ` ուզեր են տեսնել Կիւմրիւի կայարանը, որովհետեւ եթէ սահմանը բաց ըլլար, հոնկէ է, որ իրարու պիտի կպուէին երկու երկիրները։ Կայարանը ամայի է։ Յետոյ մտեր են խանութէ մը ներս, ուր կը վաճառուին հաւանաբար Իսթանպուլի Լալէլի թաղամասէն գնուած պատրաստ հագուստներ։ Կը զրուցեն խանութի վաճառորդ Սաթենիկին հետ, որ երբ կը լսէ, թէ հիւրերը Թուրքիայէ կուգան, թրքերէնով կը հարցնէ. «Նասըլսընըզ»։
Ան կը հետեւի եղեր թրքական հաղորդաշարերու, ինչպէս Ֆէրիա Գոյտում Ատընը, Տէնիզ Եըլտըզը, Քուզէյ-Կիւնէյ եւ այլն։ Ան ալ կ՚ուզէ, որ սահմանադուռը բացուի։ Իսկ խանութին մէջ գտնուող յաճախորդ մըն ալ ըսած է, որ ամէնէն մտահոգիչն է այն նոր կանոնը, որ կը գործադրուի Թուրքիոյ մէջ աշխատող հայաստանցիներու համար։ Շատ գէշ է, որ աշխատաւոր մը Թուրքիայէ Հայաստան երթալէ վերջ 90 օրէ առաջ չի կրնար դարձեալ Թուրքիա վերադառնալ։
Leave a Reply