Թուրք լրագրողի սրտախօսիկ յօդուածը Հայաստանէ վերադարձին

“ՄԱՐԱՇՑԻ ՍԵՒԱԿԷՆ ԲԱՐԵՒ ԲԵՐԻ”

 “Սթար” թերթի աշխատակիցներէն Ֆատիմէ Էօզքանն ալ վերջերս Երեւան գացող թուրք լրագրողներու միջեւ կը գտնուէր, եւ ան հրատարակած է “Մարաշցի Սեւակէն բարեւ բերի” խորագրեալ սրտախօսիկ յօդուած մը, որու վերջաւորութեան ան կը հաստատէ, թէ մեր բոլորին ճիտի պարտքն է անցեալի հետ երես առ երես գալ եւ լուծման ձեւ մը գտնել. 1915-ի հարիւրամեակը այս տեսակէտէ առիթ մըն է, որ պէտք չէ փախցուի։

Ֆատիմէ Էօզքան կը պատմէ, որ Հայաստանի Խորհրդարանը գացած էին` տեսակցութիւն մը ունենալու համար։ Երբ կը քալէին միջանցքին մէջ, մէկը մօտեցաւ ու հարցուց. “Ձեր միջեւ Մարաշցի կա՞յ”։

“Հակառակ որ մեր միջեւ Անատոլուի զանազան քաղաքներէն լրագրողներ կային, Մարաշցի չկար։ Մեր դիմացինը 55 տարեկանի շուրջ մէկն էր. Խորհրդարանի ելեկտրագործն է եղեր։ Երբ թերթերու մէջ կարդացեր է, որ Թուրք լրագրողներ պիտի գան, մտածեր է, որ անոնցմէ լուրեր կրնայ առնել երկրէն”, կը պատմէ յօդուածագիրը։

Զայրացկոտ, ջղայնացած կամ պաղ մէկը չէր, իր ծանօթներէն մէկը տեսած ըլլալու պէս ուրախ էր։ Շատ կանոնաւոր Թրքերէն մը կը խօսէր։ Երբ հարցուեցաւ, որ քանի՞ տարիէ ի վեր Երեւան կը գտնուէր, ան պատասխանեց, որ ինք բնաւ Թուրքիոյ մէջ չէ գտնուած, պարզապէս տեղահանութենէն փրկուած մեծ հօր մը թոռն է։ Մեծ հայրը Թուրքերը բնաւ չէ մոռցեր, տան մէջ Թրքերէն ալ խօսեր են, ինք ալ հիմա երբեմն կը հետեւի Թրքական Հեռատեսիլի հաղորդումներուն։

Յօդուածագիրը սապէս կը շարունակէ.

“Մեր ժամանակը քիչ էր, “երթանք” ըսինք, իսկ Սեւակ հետաքրքրութեամբ հարցուց. “Մարաշի մէջ որո՞նք կը բնակին հիմա”։ Այս հարցումը ցնցեց մեզ։ Ան պարզ պատասխանի մը կը սպասէր անշուշտ, բայց այս հարցումը անցեալէ այնքան սարսափազդու ոգիներ կ՚արթնցնէր, որ սոսկացինք եւ ուզեցինք անմիջապէս հեռանալ հոնկէ։ Մարաշցի Սեւակ ձայնեց մեր ետեւէն. “Բարեւ տարէք երկիր”։

Յօդուածագիրը կը նշէ, որ Հայաստանի մէջ որու հետ որ խօսեցան, անպայման նոյն հարցումը կար. “Ընկեր, դուն ո՞ւրտեղացի ես”։ Բացի քանի մը բացառութիւններէ` ջախջախիչ մեծամասնութիւնը Անատոլուցի Հայերու թոռներն են։ Բայց զարմանալի էր, որ Հայաստանի մէջ ալ այնքան ծանր կը կշռէր Անատոլուի Հայկական Սփիւռքը, որ աշխարհի ամէն կողմը տարածուած է, որ իր մշակութային ինքնութիւնը հիմնած է 1915-ի վրայ եւ որ այդ պատահարը քիչ մըն ալ կը գործածէ իր ինքնութեան պահպանումին ի նպաստ։ Եւ անոնց ներկայութիւնը անգամ մըն ալ կը փաստէր, որ “մենք մեզի կը նմանինք”։

“Երբ կը խօսէինք Հայաստանի Խորհրդարանի նախագահ Աղրըի Էլէշկիրտի քաղաքացի Նիկոյեանի հետ, ան պատմեց, որ Թուրքիոյ մէջ առկայ համաքաղաքացիութեան մշակոյթը հոն ալ կը շարունակուի, Երեւանի բոլոր Մշեցիները, Էրզրումցիները, Մալաթիացիները, Խարբերդցիները, Կարսեցիները զիրար կը ճանչնան եւ զիրար կը փնտռեն, իրարմէ լուր ունին եւ մէկզմէկու օգնութեան կը փութան։ Նոյնիսկ մալաթիացի ու ատըեամանցի հայերը իրարմէ շատ չեն ախորժիր”։

Եւ յօդուածագիրը իր յօդուածը կ՚աւարտէ սա տողերով։

“Եթէ չըսեմ, պիտի ճաթիմ։ Թէեւ, Հրանդ Տինքի ասութեամբ, այլեւս մարդիկ վարժուած են այսպէս ապրելու իրարու այսքան մօտիկ, այնուհանդերձ իրարմէ այսքան հեռու երկու երկիրներու մէջ, բայց պէտք է, որ լուծում մը գտնուի այս խնդրին։ Մանաւանդ երբ կը մօտենայ 1915-ի հարիւրամեակը, եւ այդ տարեդարձը առիթ մը կրնայ, դառնալ որպէսզի այս ցաւը իրարու մօտեցնէ երկու ժողովուրդները, մեր բոլորին ճիտի պարտքն է անցեալի հետ երես առ երեսի գալ եւ արդարութեան տիրապետութիւնը հաստատել այս խնդրի լուծման մէջ”։

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ