Rebel Land – «Ապստամբներու երկիր»

2010-ին Նիւ Եորքի մէջ հրատարակուեցաւ անգլիացի լրագրող Քրիսթոֆըր Տէ Պէլաժի Rebel Land գիրքը, որուն դէպքերը տեղի կ՚ունենան 21-րդ դարու Թուրքիոյ հանրապետութեան մէջ:

2001-ին Իսթանպուլ գործուղուած The Economist-ի աշխատակից Տէ Պէլաժ, New York Review of Books գրական ամսագրին մէջ լոյս կ’ընծայէ յօդուած մը, ուր կ’անդրադառնայ Օսմանեան կայսրութեան վերջալոյսի ժամանակահատուածին եւ Քեմալ Աթաթուրքի «ազգակերտման» գործին: Աթաթուրքը ներբողող յօդուածին մէջ Տէ Պէլաժ կը գրէ, թէ 1915-ին «կէս միլիոն անատոլուցի հայեր սպանուեցան»:

Թրքամէտ յօդուածին առաջին հակազդողը կ՚ըլլայ Միացեալ Նահանգներու Հարվըրտ համալսարանի հայագիտական ամպիոնի տնօրէն Ճէյմս Ռասըլ, որ հարցականի տակ կ’առնէ ջարդերու ընթացքին սպանուած հայերու թիւը խեղաթիւրող Պէլաժի լրագրական եւ ակադեմական ուղղամտութիւնը՝ պատմական իրադարձութիւններու առնչութեամբ: Շուտով Ռասըլի կը ձայնակցին այլ օտար ակադեմականներ եւ լրագրողներ:

Հեղինակը կ’անդրադառնայ, որ քեմալապաշտութեան իր տարերքին մէջ երբեք խորաթափանցօրէն չէ ուսումնասիրած Հայկական Հարցը եւ Ցեղասպանութեան թրքական տեսակէտին հակադրուող արխիւային աշխարհը: Տէ Պէլաժ կ’որոշէ Հայկական Ցեղասպանութեան մասին ցարդ արձանագրուած գրականութիւնը իւրացնել եւ վերադառնալ Թուրքիա ու գրել պատմական դէպքերուն իսկական վաւերագրական պատմութիւնը:  

2005-ին վերադառնալով Թուրքիա` Տէ Պէլաժ կը հաստատուի Վանի արեւմուտքը` Մշոյ Սուլթան Ս. Կարապետ վանքի հիւսիսը գտնուող Վարդօ քաղաքը, ուր եւ սկիզբ կ’առնէ անցեալի ու ներկայի միջեւ իրար հանգուցալուծուած պատմութիւններու շարան մը:

Վարդոյի մէջ կը հանդիպի իսլամացած հայուն, սիւննի քիւրտին, քիզիլպաշին, ալեւի թուրքին, սիւննի թուրքին, ասորիին… Կը հանդիպի Քիւրտ Աշխտաւորական կուսակցութեան (PKK) զինեալին, թուրք ոստիկանին, ալեւի քաղաքական գործիչին, քիւրտ գործակալին, իսլամացած հայ քաղաքապետին: Արդի Թուրքիոյ իսկական ժողովրդագրական ու ցեղագրական խառնարանը ի յայտ կու գայ Թուրքիոյ հեռաւոր ու մոռցուած այս քաղաքին մէջ:

Տէ Պէլաժի նկարագրած իւրաքանչիւր կերպար եւ անձնաւորութիւն իր ետին ունի գաղտնիք մը, դժնդակ անցեալ մը, անջնջելի յիշատակարան մը, եւ այս տիպարներուն ներաշխարհը պեղելով` Տէ Պէլաժ լոյս աշխարհ կը բերէ Փոքր Ասիա կոչուած աշխարհագրական տարածքի պատմական եւ ցեղային հակամարտութեանց գորդեան հանգոյցը:

Այս գիրքով ընթերցողը մօտէն կը ծանօթանայ հանրապետական շրջանի Թուրքիոյ վերջին հարիւրամեակի պատմութեան, 1915-ի Մեծ Եղեռնէն մինչեւ 1925-ի Շէյխ Սայիտի ապստամբութիւն… մինչեւ PKK-ի զինեալ պայքարի ժամանակաշրջան:

Հեղինակը մինչեւ իսկ հեռաւոր Գերմանիոյ մէջ կը փնտռէ վարդոցի ալեւիացած հայերու շառաւիղները, սակայն անոնք կը խուսափին հանդիպիլ իր հետ:

Հեղինակը լոյս աշխարհ կը բերէ 20-րդ դարու սկզբնաւորութեան Վարդոյի եւ մերձակայ շրջաններու քրտական տարբեր ցեղախումբերու հակամարտութիւնները, որոնք ժառանգականօրէն փոխանցուած են ներկայ սերունդներուն: Ուշադրութեան արժանի է գիրքին մէջ արձանագրուած Քիզիլպաշ ցեղապետ Զէյնալի պատմութիւնը: Մեր կողմէն նշենք, որ Ռուբէն (Ռուբէն Տէր Մինասեան), քիզիլպաշներու հետ ՀՅԴ յարաբերութիւններուն անդրադառնալով, իր յուշերուն մէջ կը պատմէ Պինկէօլի քիզիլպաշ Խորըմընկ աշիրէթի ցեղապետ Զէյնալի մասին: Թրքական կառավարութեան կողմէ հալածուող Դաշնակցութեան սերտ գործակից Զէյնալ 1907-ին իր զինեալներով կը փորձէ անցնիլ Մուշ եւ միանալ Դաշնակցութեան ֆետայական խումբերուն, սակայն թրքական ուժեր խիտ շարքերով կը փակեն անոր ճանապարհը: Հետագային Զէյնալ դաւադրաբար կը սպանուի:

Անցեալի դէպքերը չեն ջնջուած բնիկ վարդոցիներու յիշողութենէն, վրէժխնդրութիւնն ու փոխադարձ անհանդուրժողութիւնը տասնամեակներու ընթացքին ոչ թէ մեղմացած է, ընդհակառակը՝ աւելի սաստկացած:
Գրքին մէջ լայն բաժին մը յատկացուած է Թուրքիոյ Խորքային պետութեան (Deep State): Հեղինակը յստակ գիծերով կը վերլուծէ, թէ ինչո՞ւ Խորքային պետութիւնը երբեք չի փափաքիր, որ իր աւարտին հասնի քրտական հարցը եւ PKK-ի դէմ տասնամեակներէ ի վեր շարունակուող զինեալ հակամարտութիւնը:

Տէ Պէլաժ կը հաւատայ, որ Անգարա երբեք պիտի չյաջողի լուծել քրտական հարցը կամ անճիտել PKK-ի ըմբոստութիւնը, որովհետեւ յաջորդող սերունդը պիտի շարունակէ պայքարիլ կառավարութեան դէմ: Իր այդ համոզումը հեղինակը կը բացատրէ փոխաբերական պատկերով մը. ան կը գրէ. «1990-ականներուն Պինկէօլի լեռներու անտառներուն մէջ արձագանգեց ելեկտրական սղոցներու շաչիւնը: Թրքական բանակը կը սղոցէր անտառներու ծառերը, որպէսզի PKK-ի զինեալները զրկուին թաքստոցէ… սակայն տասնամեակ մը ետք կաղնիները ծլարձակած են եւ խիտ շարքերով վերստին հասակ առած անտառին մէջ…»:

Գրքի մէջ տեղ գտած մատենագիտութեան ցանկը կը փաստէ այն մասին, որ հեղինակը ուսումնասիրած է բազմաթիւ հայկական, թրքական, քրտական եւ օտար աղբիւրներ: Արխիւային նման լայնաշերտ տեղեկութիւններու օգտագործումը գիրքը վերածած է 20-րդ դարու Փոքր Ասիոյ ազգային խմբաւորումներու միջեւ առճակատման դէպքերը պատմող հանրագիտարանի:

ՎԱՀԱԳՆ ԳԱՐԱԳԱՇԵԱՆ

«Հորիզոն» շաբաթաթերթի գլխավոր խմբագիր

Կանադա

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ