Պաթմանի համալսարանի դասախօս Էրսոյ Սոյտան վերջերս քաղաքի մերձակայքին պեղումներ կատարելու ժամանակ 4000 տարուան հնութեամբ ժայռապատկերներ յայտնաբերած է:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Ակօս»-ը, գիտնականը փորձած է Պաթման քաղաքին եւ անոր շրջակայքի պատմամշակութեան յուշարձաններուն ցուցակը կազմել, սակայն անոր ուսումնասիրութիւնները անսպասելի աւարտ ունեցած են: Գիւղին մօտակայ քարայրին մէջ յայտնաբերած է սեւ ու կարմիր գոյներով պատկերուած մարդոց եւ կենդանիներու բազմաթիւ պատկերներ:
Դատելով գտածոյին մէջ պատկերուած ձիէն, գիտնականը ենթադրած է, որ ան կը թուագրուի երկաթէ դարուն եւ ունի մօտ 4000 տարուան պատմութիւն:
Թուրքիոյ տարբեր վայրերու մէջ գտնուող 10 տարբեր քարայրներուն մէջ նմանատիպ ժայռապատկերներ յայտնաբերուած են, սակայն նորայայտ ժայռապատկերուն մասին մինչ այժմ որեւէ գրառում չէ եղած: Հաւանաբար նոր ժայռապատկերները շատ աւելի հին են, քան նախապէս յայտնաբերուածները:
http://tert.am/hy/news/2012/05/15/batman-soydan/?sw
Leave a Reply