Նոպելեան մրցանակակիր, թուրք գրող Օրհան Փամուք հարցազրոյց տուած է սպանական «El Pais» թերթին եւ անդրադարձած է քրտական հարցին:
«Թուրքիոյ գլխուն կախուած է քրտական հարցը եւ կառավարութիւնը կը մտածէ ներողամտօրէն եւ փափուկ ինչպէս կարելի է լուծել այդ հարցը: Անոր համար ալ կը դիմեն հին եղանակներուն»,- ըսած է ան:
Փամուք նշած է, որ «Կը ձեւաւորուի Անատոլիայէն եկող եւ իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան» սատարող քաղաքական նոր վերնախաւ», որ հաճելի չէ Սթամպուլի վերնախաւին:
Նոպելեան մրցանակակիրը անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ` Եւրոմիութեան անդամակցութեան հարցին:
«Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի միութեան հաւատացող մարդոց սրտերը կոտրուած են: Նախ Սարքոզիի եւ Մերկելի յայտարարութիւնները, ապա 2008-ի տնտեսական ճգնաժամէն Թուրքիոյ կրած վնասները, մթագնեցին թուրքիոյ` ԵՄ-ին անդամակցութեան հեռանկարը»,- ըսած է ան։
Ան նշած է, որ Թուրքիոյ եւ ԵՄ-ի յարաբերութիւնները վերջին տասը տարիներուն ընթացքին զգալիօրէն վատացած են:
«Եւրոպան կը շարունակէ երազանք մնալ բարձր խաւին համար, սակայն տնտեսական պայթիւնը այդ յուզմունքը նուազեցուց, քանի որ Եւրոպայի հետ միանալը աւելի շատ տնտեսական ցանկութիւն էր եւ ոչ քաղաքական»,- ըսած է ան:
http://tert.am/hy/news/2012/05/14/orhan-pamuk/
Leave a Reply