ՊՕՂՈՍ ԳՈՒԲԵԼԵԱՆ
Ֆրանսացի հանճարեղ գրող Վիկտոր Հիւկոյի «Մանուկըե բանաստեղծութեան հանրածանօթ կտորին վերատառութեամբ 1911-ին լոյս տեսած Ժորժ Պրեզոլի գրիչին պատկանող ֆրանսերէն արժէքաւոր հատորը ուշադրութիւնս գրաւեց, երբ Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի համակրելի տնօրէն Հայկ Դեմոյեանի կլենտէյլեան դասախօսական ելոյթին առիթով, հանրային գրադարանի սրահի մուտքին ցուցադրուող՝ նոյն հաստատութեան նախաձեռնութեամբ հրատարակուած պատմական գիրքերը աչքէ կ՛անցնէի։ Առանց երկար մտածելու վերցուցի ֆրանսահայ հեղինակին պատկանող հատորը։ Վերջին քանի մը տարիներուն, Ցեղասպանութիւնը առաւելաբար հետաքրքրութիւններուս կիզակէտը եւ ստեղծագործական ճիգերուս առանցքը դարձուցած ըլլալով, խիստ շահեկան այդ աշխատասիրութիւնը արագ մը թերթատելէ ետք պիտի անդրադառնայի, թէ Ատանայի 1909ի ջարդերուն նուիրուած փաստագրական հրատարակութիւն մըն էր՝ այն բացառիկ գործերէն, որոնք յագեցած կ՛ըլլան նոյն թուականին գործադրուած արիւնալի պատահարներուն կենդանի նկարագրութեամբ եւ թուրք, հայ եւ այլազգի ականատեսներու վկայութիւններով, ինչպէս նաեւ օսմանեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու բոլորովին կողմնակալ, չըսելու համար՝ հաշուենկատութիւն բուրող ու դաւադիր նպատակներ հետապնդող հեռագիր-փաստաթուղթերու հրատարակութեամբ։
Պատմական բացառիկ այդ գործը, հետաքրքրութեամբ եւ յաճախ քայքայուած տրամադրութեամբ կարդալէ ետք, ես ալ իմ կարգիս հայ ընթերցողներու հոծ զանգուածին միանալով պիտի ընդդիմանայի, այսպէս կոչուած օսմանեան ու թրքական փաստաթուղթերու վրայ յենուելով, պատմաբաններու միջազգային յանձնաժողով կազմելու ու Հայկական Ցեղասպանութեան ճշգրիտ գնահատականը կատարելու թուրք ղեկավարութեան ու անոր դաշնակից Արեւմտեան պետութիւններուն հետապնդած միտումնաւոր փորձերուն։ Եթէ երբեք նման առաջարկութիւն մը հայկական կողմին համաձայնութեան արժանանար, այդ մէկը կատարեալ աղէտ պիտի դառնար հայկական արդար մեր դատի հետապնդման աշխատանքներուն, առաւել եւս նախատինք՝ 1895ի Համիտեան ջարդերէն մինչեւ 1915-1922 երկարող Երիտթուրքերու կողմէ կազմակերպուած ու գործադրութեան դրուած Հայկական Ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակին՝ ականահարելով նաեւ հողային պահանջատիրութեան ու փոխհատուցման հասնելու արդար մեր փորձերը… Այն պարզ պատճառով, որ թուրք դիւանագիտութիւնն ու պատմաբանները այնքան ալ միամիտ ու տհաս լակոտներ չեն, որ զիրենք ցեղասպանութեան կանխամտածուած ոճիրին անարգ սիւնին գամող արիւնոտ փաստաթուղթերը յիմարաբար միջազգային պատմաբաններու առջեւ փռէին։ Ապա թատերական շարժումով մը, անոնց առջեւ ծունկի գալով՝ «միա գուլփա, միա մաքսիմա գուլփա» գոչէին ու մեղաւոր մարդու իրենց կուրծքերը ծեծելով հեծկլտային։
Եկէ՛ք ցնորքներով չտարուինք…
Ժորժ Պրեզոլին սոյն հատորը ընթերցելով, անգամ մը եւս համոզուեցանք, թէ ճակատագրական մեծ սխալ մը պիտի գործուէր, ահաւոր այդ հարցը պատմաբաններու յանձնել միջազգային ճնշումներուն տեղի տալով։ Որովհետեւ, նոյնիսկ մեզի նման պարզ ընթերցողներուն աչքերէն պիտի չվրիպէր այն շեշտուած կողմնակալութիւնը, որ կը տիրէ թրքական աղբիւրներու եւ փաստաթուղթերու երկայնքին։
Արդարեւ Հայոց Ցեղասպանութեան ու Ատանայի եւ Սասնայ ջարդերուն ժամանակակից թուրք պետական պաշտօնէութինը, գիտակցօրէն եւ մաքիավելաբար, գլխիվայր, շրջուած ձեւով կը ներկայացնէ իր կողմէ Կ. Պոլիս ուղարկուած տեղեկագիր-հեռագիրներն ու եղելութիւններու, իմա հայկական ջարդերու վերաբերող դէպքերու նկարագրականը։ Այդ չակերտուած «փաստաթուղթերու» երկայնքին, հազարաւոր հայ զոհերը փոխարինուած են թուրքերո՛վ, եւ անոնց գործած անասելի խժդժութիւնները դարձեալ բեռցուած ու վերագրուած են զինական ուժով ու թուային քանակով արհամարհելի հանդիսացող հայերու ուսին։ Մարդ պատմաբան կամ ցեղասպանագէտ ըլլալու պէտքը չունի` գոռացող այդ ճշմարտութիւնը տեսնելու համար։
Եւ այդ յարակարծութիւն-փարատոքսը կը շեշտուի, հակառակ այն իրողութեան, թէ Ատանայի եւ շրջակայ գիւղերու ու աւաններու մէջ տեղի ունեցած ջարդերը կը պատահէին օտար դիտորդներու ու ազնուասիրտ օսմանցիներու ցաւագնոտ աչքերուն առջեւ, ըլլան անոնք դեսպանատան կցորդներ, քրիստոնեայ միսիոնարներ, թէ՛ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներ ու սրտցաւ մտաւորականներ, որոնք իրենց անհատական ջանքերով հազարաւոր հայերու կեանքեր փրկեցին։ Ի դէպ այդ դէպքերը միւս կողմէ, ի յայտ բերին թուրք ցեղին գազանաբարոյ ու մաքիավելական էութիւնը։ Սակայն այդպիսի խժդժութիւններուն կրկնումը, մասամբ մըն ալ քրիստոնեայ մեծ տէրութիւններու կրաւորական կեցուածքին կը վերագրեն ժամանակակից պատմաբանները։
Արդարեւ, երբ սուլթան Համիտ անդրադարձաւ, թէ Սասնոյ արիւնալի ջարդերը, մեծ տէրութիւններու կողմէ գրեթէ աննկատ անցան եւ իրեն ոչ մէկ տաղտուկ պատճառեցին, քաջալերուելով այդ իրողութենէն՝ Պոլսոյ սրտին վրայ 200է աւելի անմեղ հայեր սպաննել տուաւ ան։ Իսկ նոյն տարուան 30 Օգոստոսին, Տրապիզոնի հերթն էր, որուն յաջորդեցին Պիթլիսի, Էրզրումի, Ուրֆայի եւ Արաբկիրի ջարդերը, քառասուն տուժած քաղաքներու շարքին միայն մեծագոյնները յիշատակելու համար։
Հայաբնակ գիւղերն ալ, քաղաքներու ճակատագիրին արժանացան։ Եւ 3300էն 2500 հայկական գիւղեր հիմնովին քանդուեցան։ 400,000ի մօտ դժբախտ հայ զոհեր, վերապրումի տարրական միջոցներէ զրկուելով, ձիւներու տակ ու փոթորիկներու բերանը, կիսամերկ ու անօթի դեգերեցան կտոր մը հացի ու տաքուկ երդիքի փնտռտուքով։ 1895ի սեւաթոյր տարին իր վախճանին հասաւ, Ուրֆայի 5000 քրիստոնեայ հայերու կոտորածով։
Ժորժ Պրեզոլի հատորի երկայնքին, մարդկային իրենց խիղճով ու ցուցաբերած քաջութեամբ բազմաթիւ հայ, թուրք ու եւրոպացի անհատներ կը զատորոշուին. անոնց շարքին կ՛արժէ յիշատակել Ճին Թորոսի մը պարագան, որ 6000 հայերու կեանքը փրկելէ ետք, թրքական իշխանութիւններու ձեռքով կախաղան կը բարձրանայ որպէս պարգեւ՝ իր կատարած հիւմանիստական գործին համար… Կ՛արժէ նաեւ յիշատակել Առաքելական եկեղեցւոյ առաջնորդ Մուշեղ արքեպիսկոպոսի պարագան, որ հակառակ թուրք իշխանութիւններու հանդէպ իր հաւատարիմ կեցուածքին ու ցուցաբերած ողջախոհութեան, 10 տարուան տաժանակիր բանտարկութեան կը դատապարտուի, որպէս տրիտուր՝ օրինապահ հոգեւորականի իր վարկագիծին։ Հեղինակը, հիացմունքով կ՛արտայայտուի նաեւ, Ատանայի Հայ կաթողիկէ առաջնորդ Թերզեան եպիսկոպոսի փրկարար դերակատարութեան ու քաջ կեծուածքին մասին։ Հոգեւորական մը, որ շնորհիւ իր զոհողութեան ոգիին ու մարդասէր եկեղեցականի էութեան՝ պատրիարքութեան կոչումին կ՛արժանանայ հետագային։
Այստեղ հարկ կը տեսնենք մէջբերել վկայութիւնները Ատանայի ջարդերուն ականատես՝ այլախոհ թուրք պետական բարձրաստիճան մարդու մը, որ իր պաշտօնին բերմամբ, ատակ էր ճշմարտութիւնը յայտնաբերելով նաեւ բացայայտելու ալ զայն։
Խօսքը Մեծ վեզիր՝ Հիւսէյն Հիլմիի խոստովանութեան մասին է, որ 1895 Սասնայ ջարդերուն ակնարկելով՝ խղճմտօրէն կը խորհրդածէ.
«Երբ այդ բարբարոսութիւնները կը պատահէին, ցաւալի էր, որ պետական բարձրաստիճան մեր պաշտօնէութիւնը դաւադրաբար մեղսակից լռութիւն պահեց, ինչ որ անհամեմատօրէն դժուարացուց կացութիւնը եւ անհարկի բարդութիւններու ու թիւրիմացութեան դուռ բացաւ։ Իսկ միւս կողմէ՝ թուրք ամբոխին առիթ տուաւ, որ իր կարգին անգոսնէր պատկան իշխանութիւնները, անպատասխանատու ու անարգալից ընթացք որդեգրէր անոնց հանդէպ։
Ցաւալի այս պայմաններու տակ է, որ դատապարտելի այդ դէպքերը պայթեցան եւ անոնց գլխաւոր դարբինը, անոնց մղիչ ուժը հանդիսացաւ պետական մեր պաշտօնէութիւնը, որ դիտումնաւոր կերպով չկատարեց իր պարտականութիւնը։
Միւս կողմէ, սակայն, քանիցս հաստատուած անժխտելի իրողութիւն է, որ հայ ժողովուրդը երբեք չէ թերացած Օսմանեան կայսրութեան հանդէպ տածած իր յարգանքին ու հաւատարմութեան մէջ։ Իրողութիւն մը, որ շատ մը առիթներով փաստած է ան»։
Հիւսէյն Հիմլի
Աւարտելու համար մեր մտորումները, վաւերագրական այս հատորի երկայնքին, թարգմանութեան արժանի հարիւրաւոր էջերու կարգին, նախընտրութիւնը տուինք ջարդերու ժամանակակից թուրք ազնուասիրտ եւ խորապէս մարդկայնական բանաստեղծի մը՝ Ատանայի ջարդերուն վերաբերող սրտցաւ վկայութիւններուն ու անկեղծ խոստովանութեան, որոնք առանց աւելորդ բացատրութեան, այնքա՛ն խօսուն են, այնքա՛ն փաստացի ու համոզիչ…
Ատանայի սարսափելի կոտորածները այնպիսի վայրագութեան հասան, որ Վէլիէտտին Եէկէն կոչուող մահմետական բանաստեղծի մը հոգիին մէջ ցասման ալիք բարձրացուցին, եւ անիկա եգիպտական «Մուքատտամ» թերթի 1908 Ապրիլի թիւին մէջ հետեւեալ վրդովիչ տողերը հրատարակեց։
Մահմետականի մը անէծքը…
«Ո՛վ Իսլամներ, Աստուծմէ չվախցա՞ք, մարդոցմէ ալ չամչցա՞ք, քրիստոնեայ ձեր եղբայրները թշնամիի տեղ դնելով՝ զանոնք սպաննելու ելաք. ձեր վերաբերմունքը աւելորդ փաստ է, որ ձեր մէջ ասպետական հոգիով մէկ հատ իսլամ չկար, որ ճշմարտութեան հետամուտ ըլլար։ Ո՛վ անօրէններ, արդեօք ձեր ձեռքերը չդողացի՞ն։ Ի՞նչ փորձեցիք փաստել այս ջարդերով, որոնց նմանին չենք հանդիպած նոյնիսկ ամէնէն բարբարոս ցեղերու պատմութեան մէջ։ Անէ՛ծք այն ծնողներուն, որ ձեզի պէս հրէշներու ծնունդ տուած են։ Դուք ամօթանք էք այն հայրենիքին, որ ձեզ իր միրգերով սնեց, իր գետերու զուլալ ջուրով ձեր ծարաւը յագեցուց եւ իր կանաչ ծառերու շուքին տակ ձեզ պատսպարեց։
«Ո՛վ իմամներ, ձեր մասսայական, սուղնոց գլխու փաթթոցները, ձեզի իբր «ֆեթիշ» ծառայեցին միամիտները մոլորեցնելու, մինչեւ ձեր բերանը իջնող մազումօրուքը, պիտի կուրցնէ ու թունաւորէ ձեզ։ Զ՛Աստուած, Մոհամետն ու Գուրանը պատասխանատու չեն ձեր պիղծ արարքներուն։ Անոնք ձեզի չեն արտօներ, որ ապօրէն, նեխած գործեր կատարէք։ Խնդրե՛մ, ինծի ցոյց տուէ՛ք այն գրքերը, որոնք ձեզի անասելի այդ ոճիրները գործելու իրաւունքը կը շնորհեն։ Այն քստմնելի ոճիրները, որոնց հրահրողները հանդիսացաք։
«Ո՛վ թուրքեր։ Արար աշխարհ հիացած էր ձեզմով եւ ձեր գովասանքը կը հիւսէր։ Այն արիւնը, որ իմ երակներուն մէջ կը հոսի, ձեր մէջ ալ կը հոսի։ Ես ինծի կ՛ըսէի. «Քանի որ Աստուած կամեցաւ, որ թուրք ծնիմ, ուրեմն որպէս թուրք ալ պիտի մեռնիմ», սակայն այսօր արդէն ամօթէս կը կարմրիմ եւ կը փորձեմ մարդկութեան աչքերէն հեռու՝ թանձր վարագոյրի ետին պահուըտիլ. կ՛ուզէի որ ձեր եւ իմ միջեւ գոյութիւն ունենար այն, ինչ գոյութիւն ունի ձեր եւ ձեր խղճին միջեւ, այսինքն՝ մարդկային գութը։ Պիտի փափաքէի, որ իմ երակներուս մէջ չհոսէր այն արիւնը, որ ձեզ մղեց եղբայրասպան արարքներու։ Ես առանձինս չեմ որ այսպէս կ՛արտայայտուիմ, բոլոր իրաւ օսմանցիները իմ հետս են, բոլոր անոնք, որոնք կը յարգեն մարդկային ցեղը։
«Ո՛վ օսմանցիներ։ Արդեօք չէ՞ք զարմանար, արդեօք չէ՞ք անդրադառնար, թէ այս արարքներով ո՞ւր կը հասնինք։ Երբ որ այս տողերը կը կարդաք, դեռ կը կոտորուին մեր դժբախտ հայ եղբայրները, հրոյ ճարակ կը դարձնեն անոնց բնակարանները եւ զանոնք կ՛ենթարկեն այնպիսի չարչարանքներու, որոնց նմանը ցարդ ոչ մէկ էակ ճանչցած է։ Այս պահուս ականատես վկան կը դառնանք ողջակիզման, ժողովուրդի մը, որուն միակ յանցանքը եղած է իր անսահման վստահութիւնն ու երախտագիտութիւնը, զոր անիկա տածած է իր թուրք հայրենակիցներու եւ հարեւաններու հանդէպ, որոնք այս պահուս անխղճօրէն կը խողխողեն, կը մորթոտեն զինք, ոչխարներու անտէր հօտի նման։ Օսմանեան պատմութեան այս էջը դժբախտաբար արիւնով ներկուեցաւ։
«Ո՛վ գրողներ, քնարերգակնե՛ր։ Մէկդի թողուցէ՛ք սեւ վարսերու եւ վարդագոյն այտերու մասին ձեր փայփայած ցնորք-նկարագրութիւնները։ Ինծի հետ ոտքի կանգնեցէ՛ք, արդարութեան սիրոյն դատապարտելու մութ եղելութիւններն ու մղձաւանջային արիւնալի, կարմի՛ր պահերը։ Գոնէ ձեր գրիչը գործածեցէք կատարուող խժդժութիւնները նկարագրելու, որովհետեւ գրողին ու բանաստեղծին պարտականութիւնն է դատապարտե՛լ գործուող անարդարութիւնները, սփոփե՛լ անմեղ զոհերը։ Հարկ է նաեւ գրողները զգան իրենց շուրջը կատարուող տգեղ եղեռնագործութիւնները եւ իրենց կարգին՝ այդ մէկը զգացնել տան իրենց շրջապատին։ Թափուած արեան պատճառով, մենք վերադարձանք նախամարդը յատկանշող վայրագութեան։ Ուրեմն, նո՛յն ենթահողի վրայ ալ պիտի տրուի հայոց ողբերգութիւնը։
«Ինչ մղկտող ցաւ է, այս խեղճ ժողովուրդին ապրածը, որուն դրացնութեամբ դարեր ամբողջ գոյակցեցանք եւ այսօր անիկա մեր վայրագութեան անմեղ զոհը կը դառնայ։
«Ոտքի ելէ՛ք ազատութեան բարեկամներ, դուք սակաւ էք թիւով, իսկ դարանակալ ամբոխը՝ բազմանդամ։ Եթէ չըլլար ամբոխը ցրելու եւ մեր կոտորուող եղբայրներուն վրէժը լուծելու մարտահրաւէրը, մեր կարգին մահը գրկելը նուազագոյնը պիտի ըլլար հայ նահատակներու ուղիին հետեւելու մեր տուայտանքին։ Բարոյապէս նեխած միջավայրի մը մէջ կ՛ապրինք, որմէ պէտք է ձերբազատուիլ մահուան գնով։ Մենք կորած ենք մեր մեծամտութեան եւ սխալ ըմբռնուած ազգային արժանապատուութեան պատճառով։ Այս պայմաններու տակ գոյատեւելը հաճելի զգացում մը չէ, երբե՛ք։
«Ո՛վ արեւմտեան պետութիւններ։ Ձաղկեցէ՛ք մեզ, քանի որ արժանի ենք ատոր, սակայն երբ ձեր գրիչը կը շարժէք, յիշեցէք նաեւ այն փոքրաթիւ օսմանցիները, որոնք արիւն կու լան եւ որոնք չեն հանդուրժեր այս կեանքը եւ համաձայն չեն անոր, ինչ պատահեցաւ արեւելեան կողմն աշխարհի։
«Ո՛վ եգիպտաբնակ օսմանցիներ։ Աճապարեցէ՛ք միութիւն մը կեանքի կոչելու, սա գեղեցիկ Թուրքիոյ տարածքին արդարութիւնն ու օրէնքները ամրագրելու, եւ այդ նպատակով ալ բոլորս՝ որպէս կամաւոր, Անատոլիա մեկնինք։ Եթէ համաձայն էք այս կոչին, անյապաղ, ձեր շարքերուն կը միանամ՝ ազատութեան կանչերով։ Առանձինս չեմ այս միտքը փայփայելու մէջ, շատեր նոյն գաղափարը կը հետապնդեն։ Դէպի Ատանա խուժենք, մարենք, շիչենք այդ գաւառը կլանած բոցն ու կրակը, բարձրանանք լեռները, պաշտպանենք պատսպարենք սարսափահար փախստականները։ Յաւէտ կորածներուն վրէժը լուծենք։ Եթէ այսպէս չշարժինք, յետագային իրաւունք պիտի չունենանք մենք զմեզ հայրենասէր մարդ կոչելու։ Սուտ չխօսինք. ընտանիքի ու զաւակներու տէր ըլլալը արդարանալի պատճառաբանութիւն չէ անտարբեր մնալու։ Ես ինքս ալ ունիմ ընտանիք ու անչափահաս զաւակներ, որոնք կարող են հայրենիքի համար ողջակիզման զոհերը դառնալ խողխողուածներու եւ ջարդուածներու յիշատակին։ Ոտքի ելէ՛ք եւ օն առաջ դէպի մա՛հ, հայրենիքի սիրոյն։ Այո, վրէժ լուծենք մարդասպաններէն եւ անոնց հետքը սրբենք ու արմատը չորցնենք»։
ՎԷԼԻԷՏՏԻՆ ԵԷԿԷՆ
«թուրք բանաստեղծ»
http://asbarez.com/arm/128449/
Leave a Reply