Դատ բանալու միշտ պատրաստ թրքական խումբը կորսնցուց Ցեղասպանութեան դատավճիռը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈԻՆԵԱՆ

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի

հրատարակիչ եւ խմբագիր

Վերջին տարիներուն, դատ բանալու մոլուցքով տարուած Ամերիկայի թրքական համախմբումը (ԱԹՀ) դատական գործեր յարուցած է այն դասախօսներուն, պետական ծառայողներուն եւ քաղաքացիական խումբերուն դէմ, որոնք կը սատարեն Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման:

Անցեալ շաբաթ դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորներ վերջ դրին ԱԹՀ-ի դատական քաշքշուկներուն՝ ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանին, եւ միաձայն վերահաստատեցին դաշնակցային դատարանին նախկին որոշումը՝ մերժելով ԱԹՀ-ի անհիմն պնդումները:

Թրքական շահերուն ջատագով խումբը հայց ներկայացուցած էր ընդդէմ Մինըսոթայի համալսարանի Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնի փրոֆ. Պրունօ Չաուաթի, որ ԱԹՀ-ի երեկտրոնային կայքը ու քանի մը այլ կայքեր որակած էր «ոչ արժանահաւատ»: Համալսարանի կայքէջին վրայ տեղադրուած էր հետեւեալ խիստ զգուշացումը՝ ուղղուած ուսանողներուն. «Մենք խորհուրդ չենք տար օգտուելու այս կայքերէն: Ուսումնասիրութիւններ կատարող ուսանողները պէտք է զգոյշ ըլլան եւ չօգտուին այս կայքերէն, քանի որ անոնք կը ժխտեն Ցեղասպանութիւնը, աջակցութիւն կը ստանան անյայտ կազմակերպութեան մը կողմէ կամ կը պարունակեն այնպիսի բովանդակութիւններ, որոնք փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդն են»:

Ի սկզբանէ ԱԹՀ-ն բողոքած էր, թէ իր կայքէջին ներառումը այդ համալսարանի «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ին վրայ, կ՛ոտնահարէ թրքական խումբին խօսքի ազատութիւնը: Համալսարանը մերժեց ԱԹՀ-ի ամբաստանութիւնը, թէեւ 2010-ի Նոյեմբեր 18ին, Ողջակիզման եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնը վերատեսութեան ենթարկեց իր կայքէջը եւ վերացուց «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ը՝ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան համար առաջարկելով նոր աւելի ստոյգ աղբիւրներ: Համալսարանը հաւաստիացուց, որ այս վերանայումը պայմանաւորուած չէր ԱԹՀ-ի բողոքով, եւ հերքեց որեւէ խախտումի կատարում: 2010-ի Նոյեմբեր 24-ին, փրոֆ. Չաուաթ Կեդրոնի կայքէջին վրայ տեղադրեց յայտարարութիւն մը, որով կը բացատրուէր, թէ «Ոչ արժանահաւատ կայքէջերու ցանկ»ը հանուած է (համալսարանի կայքէջէն), որովհետեւ ինք չի փափաքիր՝ «նոյնիսկ բացասական ձեւով՝ խթանել անվաւեր տեղեկատուական աղբիւրները»:

ԱԹՀ-ն այնուհետեւ դատական հայց մը յարուցեց համալսարանին, անոր նախագահին եւ փրոֆ. Չաուաթի դէմ՝ պնդելով, որ իրենց կայքին ներառումը այդ ցանկին մէջ, ուր ներառուած են հրեաներու Ողջակիզումը մերժող կայքեր, վնաս կը հասցնէ թրքական կազմակերպութեան հեղինակութեան: Դատարանը մերժեց հայցը:

2012-ի Մայիս 3-ին, 8-րդ շրջանի դաշնակցային վերաքննիչ դատարանի երեք դատաւորները մերժեցին աւելի ցած ատեանի դատարանին վճիռը՝ որոշում կայացնելով, որ համալսարանը չէ խախտած ԱՀԹ-ի՝ սահմանադրութեամբ ամրագրուած խօսքի ազատութեան իրաւունքները, քանի որ ատիկա ո՛չ արգելափակած է, ոչ ալ սահմանափակած է թրքական կայքէջին օգտագործումը:

Դատաւորները նաեւ մերժեցին թրքական խումբին երկրորդ պահանջը այն մասին, որ, իբր թէ զրպարտանք եղած է, երբ համալսարանը յայտարարած է, թէ ԱԹՀ-ի կայքէջը «արժանահաւատ չէ», «ժխտողական է», կը ներակայացնէ «փաստերու եւ կարծիքներու տարօրինակ խառնուրդ» եւ «անվաւեր տեղեկատուական աղբիւր է»: Դատը շահելու անյոյս փորձ մը ընելով՝ ԱԹՀ պնդեց, թէ իր կայքէջը չի ժխտեր հիմնական որոշ պատմական փաստեր, երբ կը յայտարարէ, որ «անշո՛ւշտ հարիւր հազարաւոր հայեր մահացած են»: Այնուամենայնիւ, քանի որ թրքական կայքէջը կը պնդէ, թէ «խիստ անհաւանական է, որ ցեղասպանութեան մեղադրանք կիրառուի Օսմանեան կառավարութեան կամ անոր իրաւայաջորդներուն նկատմամբ», ուստի դատաւորները որոշում կայացուցին համալսարանին օգտին՝ պնդելով, որ ԱԹՀ-ն իրականութեան մէջ ներգրաւուած է «ժխտման» գործընթացին:

ԱԹՀ-ի այս դատական չարամիտ գործերը մտահոգած են ԱՄՆ-ի բազմաթիւ դասախօսներ, որոնք անհանգստացած են անով, որ այս գործը կրնայ վտանգաւոր նախադէպ ըլլալ եւ ծանրակշիռ ազդեցութիւն ունենալ ակադեմական ազատութեան վրայ: Այս լուրջ մտահոգութիւնները ստիպեցին Մերձաւոր Արեւելքի ուսումնասիրութիւններու ընկերակցութիւնը պահանջելու, որ ԱԹՀ ետ քաշէ իր դատական հայցը:

Թէեւ Մինըսոթայի համալսարանին դէմ ԱԹՀ-ի որդեգրած հարցակողական մարտավարութիւնը տապալեցաւ, ոչ մէկ երաշխիք կայ, որ թրքական խումբը պիտի դադրի դատի կանչելէ այլ ակադեմական կամ քաղաքացիական կազմակերպութիւններ, որոնք նոյնպէս կը մերժեն ներգրաւուիլ Թուրքիոյ ժխտողական արշաւներուն: Հարկ է նշել, որ ԱԹՀն իր 2010 թուականի 3.6 միլիոն տոլար պիւտճէէն, 630,000 տոլար ծախսած է դատական հայցերու համար: Յատկանշական է, որ ԱԹՀն իր տարեկան հաշուետուութեան մէջ չի յիշեր իր ֆինանսաւորման աղբիւրներուն մասին, բացառութեամբ հպանցիկ մէկ յիշատակումի, թէ՝ «անիկա ամբողջութեամբ կ՛օժանդակուի անձնական նուիրատուութիւններու» կողմէ: «Boston Business Journal»ը կը յայտնէ, թէ Hittite Microwave Corp.-ի հիմնադիր՝ թուրք-ամերիկացի Եալչին Այասլի, 2007 թուականին 30 միլիոն տոլար յատկացուցած է ԱԹՀ-ին:

2010-ին ԱԹՀ-ն իրագործած է հետեւեալ լայնածաւալ գործողութիւնները եւ քաղաքական աշխատանքները՝ ծախսելով 3.6 միլիոն տոլար.

– 75 քաղաքական յուշագիրներ ներկայացուցած է Քոնկրեսի անդամներուն եւ Ամերիկայի կարծիք-ձեւաւորողներուն.

– Վերահսկած է ամերիկեան մամուլը.

– Թուրքիա այցելութեան տարած է բնիկ ամերիկացի գործարարներու պատուիրակութիւն.

– Լոպիիստական գործունէութիւն իրականացուցած է Քոնկրեսէն ներս, Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին դէմ.

– Գովազդներ դրած է «Roll Call» եւ «Washington Quarterly» թերթերուն մէջ.

– Ամառնային վարժողական ծրագիրներ կազմակերպած է թուրք ուսանողներու համար, Ուաշինկթընի մէջ.

– Կրթաթոշակներ տրամադրած է ափրիկա-ամերիկացի, հայ-ամերիկացի, սպանախօս ամերիկացի, բնիկ ամերիկացի եւ թուրք ուսանողներու՝ Թուրքիոյ համալսարաններուն մէջ սորվելու համար.

– Դրամաշնորհներ տրամադրած է գիտական համաժողովներու.

– Հետազօտական դրամաշնորհներ տրամադրած է փրոֆ. Մայքըլ Կունթըրի, Ճասթըն ՄըքՔարթիի, Հաքան Եաւուզի եւ այլոց.

– 100 հազար տոլորի դրամաշնորհներ նուիրած է Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու համախմբումին եւ Թուրք-ամերիկեան ընկերակցութիւններու դաշնակցութեան, իսկ աւելի նուազ գումար մը՝ Ամերիկայի ատրպէյճանական ընկերութեան.

– 630 հազար տոլար ծախսած է՝ դատեր բանալով Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին աջակցող տարբեր մարմիններու դէմ.

– Նիւթապէս հովանաւորած է Ամերիկայի քոնկրեսականներու այցելութիւնը Թուրքիա.

– ԱՄՆ կառավարութեան ներկայացուցած է բողոք մը, որով կը մեղադրուէր Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը՝ «ատելութիւն սերմանող խումբ» ըլլալու յանցանքով:

Հաշուի առնելով ԱԹՀ-ի՝ հարկերէ զուրկ բարեգործական կազմակերպութիւն մը ըլլալու կարգավիճակը, ԱՄՆ Հարկային վարչութիւնը (IRS) պէտք է ստուգէ Թրքական համախմբման քաղաքական եւ լոպիիստական մեծածախս գործունէութեան օրինականութիւնը:

Թարգմանեց՝ ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

http://asbarez.com/arm/130052/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ