ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Ֆրանսայի նորընտիր նախարար Ֆրանսուա Հոլանտ «Անատոլիա» մշակութային կեդրոնի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իմաստով նշանաւոր Տեմիր Եոնքերին ուղղուած իր նամակին մէջ հաստատած է, որ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին իր կարծիքը 2004էն ի վեր չէ փոխուած: Ան յիշեցուցած է Եոնքերին, որ ինք կողմ քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Սահմանադրական դատարանը մերժած է այդ օրինագիծը, սակայն ես կը պատրաստուիմ առաջարկելու նման նոր օրինագիծ մը, որ կը յարգէ մեր Սահմանադրութիւնը», դիտել տուած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը:
Հոլանտ նաեւ շեշտած է, որ հաւատարիմ մնալով հանրապետութեան արժէքներուն, ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու գծով:
Անդրադառնալով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն՝ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը միշտ հաւատարիմ է իր սկզբունքներուն, իսկ Թուրքիան, եթէ կ՛ուզէ եւրոպական ընտանիքի անդամ ըլլալ, ապա ինք եւս պէտք է արդիականացման ձգտումներ ունենայ:
Leave a Reply