Թուրքիոյ ընդդիմադիր Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Քեմալ Քըլըչտարօղլու այսօր հանդիպում պիտի ունենայ ազգային փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին հայկական կողմէն պիտի մասնակցի Պոլսոյ պատրարքի փոխանորդ Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան:
Կուսակցութեան առաջնորդին հանդիպումը տեղի պիտի ունենայ կուսակցութեան նոր հայեցակարգի մշակման ծիրէն ներս:
Քըլըչտարօղլուի հետ հանդիպման հայ, յոյն, հրեայ եւ ասորի համայնքներու ներկայացուցիչներէն բացի պիտի մասնակցին կաթոլիկները, վրաց ուղղափառ եկեղեցւոյ ներկայացուցիչները:
Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Հուրրիյեթ»ը, Քըլըչտարօղլու փոքրամասնութիւններուն «հաղորդագրութիւն» պիտի յղէ: Ան պիտի նշէ, որ կը սատարեն իշխող Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութեան` փոքրամասնութիւններուն պատկանող գոյքը վերադարձնելու ծրագրին, սակայն ԺՀԿ-ն կարեւոր կը համարէ նաեւ փոքրամասնութիւններու այլ խնդիրներու կարգաւորումը:
Leave a Reply