Ընտրեալ նախագահ Հոլանտ կը վերահաստատէ իր յանձնառութիւնը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».-  Ֆրանսայի նորընտիր նախարար Ֆրանսուա Հոլանտ «Անատոլիա» մշակութային կեդրոնի ղեկավար, Հայոց Ցեղասպանութիւնը ժխտելու իմաստով նշանաւոր Տեմիր Եոնքերին ուղղուած իր նամակին մէջ հաստատած է, որ  ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման մասին իր կարծիքը 2004էն ի վեր չէ փոխուած: Ան յիշեցուցած է Եոնքերին, որ ինք կողմ քուէարկած է Ֆրանսայի կողմէ ճանչցուած ցեղասպանութիւնների ժխտումը քրէականացնող օրինագիծին: «Սահմանադրական դատարանը մերժած է այդ օրինագիծը, սակայն ես կը պատրաստուիմ առաջարկելու նման նոր օրինագիծ մը, որ կը յարգէ մեր Սահմանադրութիւնը», դիտել տուած է Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը:

Հոլանտ նաեւ շեշտած է, որ հաւատարիմ մնալով հանրապետութեան արժէքներուն, ինք հետեւողական պիտի ըլլայ ժողովուրդներուն միջեւ բարեկամութիւն հաստատելու գծով:

Անդրադառնալով Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն՝ Ֆրանսայի նորընտիր նախագահը նշած է, որ Եւրոպական Միութիւնը միշտ հաւատարիմ է իր սկզբունքներուն, իսկ Թուրքիան, եթէ կ՛ուզէ եւրոպական ընտանիքի անդամ ըլլալ, ապա ինք եւս պէտք է արդիականացման ձգտումներ ունենայ:

http://asbarez.com/arm/129778/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ