Թուրքիա կը դժուարացնէ հայկական կալուածներու վերադարձը

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հայկական տարածքներուն մէջ հայկական մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան մնացորդներուն ծանօթանալու համար, Թուրքիոյ մէջ շրջագայող ֆրանսաբնակ հայերուն խումբը հանդիպում մը ունեցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ:

Ըստ թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթին՝ ֆրանսահայերը հարցումներ ուղղած են Թուրքիոյ տարածքին սփռուած հայկական պատմական եւ մշակութային արժէքներու պահպանութեան եւ եկեղեցիներու վերանորոգման, հայկական եկեղեցիներու մէջ թրքաբնակ հայերու կողմէ ծիսակատարութիւններ կատարելու հնարաւորութիւններուն մասին:

Արքեպիսկոպոս Աթէշեան իր պատասխանին մէջ ակնարկած է, թէ նման հարցերով սփիւռքահայութիւնը նուիրատուութիւններ չի կատարեր, իսկ առկայ խնդիրները պատրիարքարանը կը լուծէ տեղւոյն հայ բնակչութեան հնարաւորութիւններով:

Ան նաեւ բողոքած է, որ Թուրքիոյ մէջ հայ հոգեւոր սպասաւորներուն թիւը միայն 23 է, եւ Պոլսոյ 38 եկեղեցիները կը ղեկավարուին 19 կրօնաւորներու կողմէ: Թրքական օրէնքներուն պատճառով Պոլսոյ պատրիարքարանը զրկուած է սեփական կարիքներուն համար աստուածաբաններ պատրաստելու հնարաւորութենէն, եւ քանի որ հայկական եկեղեցիներուն մէջ կրնան ծառայել միայն Թուրքիոյ քաղաքացիներ, ապա հոգեւորական դառնալ ցանկացող քիչ դիմորդներէն ամէն տարի հազիւ 4-5 հոգի կրթութեան կ՛ուղարկուի Երուսաղէմ եւ Պէյրութ: «Մեր ամենամեծ ցաւն ու դժուարութիւնը մեր ձեռքէն խլուած անշարժ գոյքի վերադարձն է: Ներկայիս Թուրքիոյ կառավարութիւնը խոստացած է զանոնք վերադարձնել եւ արդէն քանի մը հատը վերադարձուած է, սակայն վերադարձուելիք դեռ շատ ունեցուածք կայ: Թուրքիոյ մէջ խնդիրն այն է, որ իշխանութիւնը կը հրամայէ, իսկ դիւանակալութիւնը խոչընդոտներ կը դնէ», ըսած է արքեպիսկոպոս Աթէշեան:

http://asbarez.com/arm/129652/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ