Հրանդ Տինքի սպանութեան համար պաշտօնական անփութութեան մէջ մեղադրուող 42 ոստիկանութեան աշխատակիցներէն միայն մէկուն դէմ նախաքննութիւնը կը շարունակուի:
Թուրքիոյ խորհրդարանի Ժողովրդահանրապետական կուսակցութեան պատգամաւոր Թուրգութ Տիպեք Տինքի սպանութեան վերաբերեալ գրաւոր հարց ուղղած է Թուրքիոյ ներքին գործերու նախարար Իտրիս Նայիմ Շահինին:
Ան տեղեկացուցած է, որ գործով 5 մարդ վարչական տոյժի ենթարկուած է, եւ աշխատավարձէն պահում կատարուած է, 3 ոստիկան նկատողութիւն ստացած է, իսկ մէկը` գրաւոր զգուշացում:
Երկու ոստիկան արդարացուած է դատարանի կողմէ, իսկ 31-ի դէմ գործի քննութիւնը կասեցուած է` ապացոյցներու բացակայութեան պատճառաբանութեամբ:
Շահինը տեղեկացուցած է, որ ժանտարմերիայի 4 ներկայացուցիչ դատապարտուած է 4-ական ամիս, 1-ը 6 ամիս ազատզրկման:
Leave a Reply