ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Փարիզի Ս. Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան կողմէ կազմակերպուած էր համագումար մը, որ նուիրուած էր «Հայաստան-Թուրքիա՝ 1915-2015, ընկերութիւնը եւ հայկական Սփիւռքը՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչումի խնդիրով» նիւթին։
Համագումարին մասնակցած են պատմաբան Արա Սարաֆեան, թուրք լրագրող եւ հանրային գործիչ Այշէ Կիւնայսու, որ նաեւ նախագահն է Պոլսոյ Մարդկային իրաւունքներու միութեան։
Սանուց միութեան անդամներէն Յովհաննէս Չոնքար տեղեկութիւններ փոխանցած է այս համագումարին մասին, որ բացուած է ապրիլ 20ին, Փարիզի «Ալեք Մանուկեան» մշակութային կեդրոնին մէջ։ Բացումը ըրած են Կայծ Մինասեան, «Նուպարեան» գրադարանի տնօրէն պատմաբան Ռայմոն Գէորգեան, պատմաբան Քլեր Մուրատեան։ Բոլոր բանախօսները զեկուցումներ ըրած են 1915ի կապակցութեամբ։ Համագումարը իրականութեան մէջ կազմակերպուած էր Ռակըպ Զարաքօլուի ազատութիւնը պահանջելու համար։ Բայց համագումարէն երկու օր առաջ, Զարաքօլու արդէն ազատ արձակուած էր։
Չոնքար մանրամասնօրէն փոխանցած է Կիւնայսուի բանախօսութեան պատճէնը։ Կիւնայսու, որ ծանօթ է որպէս յառաջապահ եւ Հայկական Ցեղասպանութեան նկատմամբ հաւատաւոր կեցուածք ունեցող մտաւորական, իր խօսքերը սկսած է հայերէն՝ «Բարեւ, շնորհակալ եմ» խօսքերով։ Ան ըսած է, որ մէկ կողմէ պատիւ կը զգայ, իսկ միւս կողմէ՝ ունի ամօթի զգացում մը՝ այս հաւաքին մասնակցելով։ Պատիւ՝ որովհետեւ ինք արժանացեր է հրաւիրուելու, բայց ամօթ՝ որովհետեւ ինք կու գայ ցեղասպան երկիրէ մը եւ երկրէ մը, որ այդ ցեղասպանութիւնը կ՛ուրանայ։
Կիւնայսու դիտել տուած է, որ 20րդ դարու սկիզբը Թուրքիոյ բնակչութեան 20 տոկոսը իսլամ չէր. այս համեմատութեան համաձայն՝ այսօր Թուրքիոյ մէջ պէտք է ապրէր 17 միլիոն ոչ-իսլամ քաղաքացի, որոնցմէ 7 միլիոնը հայ պիտի ըլլար, մինչդեռ այսօր Թուրքիոյ մէջ հայերուն թիւը 60-70 հազար է։ Այսինքն՝ մէկ հազարերորդը։
Կիւնայսու դիտել տուած է նաեւ, որ Ցեղասպանութեան ուրացումը տեղի կու տայ սուտերու աշխարհի մը, դպրոցներու դասագիրքերը, շարժանկարի ժապաւէնները, ձայնասփիւռները եւ հեռատեսիլի կայանները, ամէն ինչ, ամէն ինչ սուտի վրայ կը հիմնուի՝ խորտակելով մարդոց մտածելու, զգալու, նոյնիսկ տեսնելու կարողութիւնը։
«Մշուշի վարագոյրը փարատեցաւ, ճշմարտութիւնները մէկ առ մէկ մէջտեղ ելլելու սկսան։ Թուրքիա եւ Թուրքիոյ Քիւրտիստանը սկսան տեսնելու ճշմարտութիւնները», ըսած է ան՝ աւելցնելով, որ քիւրտ մտաւորականները թուրք մտաւորականներէն աւելի յառաջապահ կեցուածք ունին։
«Բայց մենք մեզ չխաբե՛նք: Թուրքիա տակաւին մօտիկ ապագայի մը մէջ պիտի չճանչնայ Ցեղասպանութիւնը։ Ցեղասպանութիւնը ապագային պիտի ճանչցուի միայն ժողովրդական խաւերու կողմէ. շարժումը վարէն պիտի սկսի եւ այդ շարժումը պիտի սկսի ճնշում բանեցնելու պետական կարգավիճակին վրայ։ Պէտք է ընդունիլ, որ 70 միլիոննոց Թուրքիոյ մէջ, ովկիանի մը մէկ կաթիլն իսկ չեն կազմեր անոնք, որոնք հայերու համար արդարութիւն կը պահանջեն», ըսած է Կիւնայսու, աւելնցելով, որ ուրացումի բերդին վրայ ճեղք մը գոյացած է այլեւս եւ այդ ճեղքը հետզհետէ աւելի պիտի մեծնայ։
Ըստ անոր, ինչ որ հակասական ըլլալ կը թուի այն է, որ աւելի շատ քրտական շարժումն է, որ պատճառ դարձաւ, որ թուրք յառաջապահները իմանան հայերու մասին ճշմարտութիւնները։
Կիւնայսու ըսած է, թէ հայ ժողովուրդը կը շարունակէ իրաւական տէրը ըլլալ Թուրքիոյ կողմէ բռնագրաւուած հազարաւոր եկեղեցիներու, դպրոցներու, վանքերու, որբանոցներու, անհամար բնակարաններու ու գործատեղիներու։



Leave a Reply