Հայ որբերու թրքացման նոր վտանգ

Թուրքիոյ կառավարութիւնը վերջերս ձեռնարկած է շարք մը բարենորոգումներու, որոնցմէ երկուքը մօտէն կը շահագրգռեն հայերը: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ» երկօրեան։

Անոնցմէ առաջինը կը վերաբերի Թուրքիոյ մէջ ծանօթ որբանոց Տարուշաֆաքքայի կանոնագրութեան փոփոխութեան: Անոր մէջ կատարուած բարեփոխումներով՝ ջնջուած է միայն թուրք եւ մահմետական որբեր ընդունելու պայմանը, այլ խօսքով՝ այսուհետեւ հայ որբեր եւս կրնան ապաստան գտնել հոն:

Երկրորդ բարենորոգումը, որ ուղղակի կը հետաքրքրէ հայութիւնը, համալսարանական ծիրին վերաբերողն է: Արդարեւ, կառավարութիւնը որոշած է ջնջել Բարձրագոյն կրթական խորհուրդի շրջագիծէն ներս գործող «Ազգային Կոմիտէ»ները, որոնք զինուորականութեան դրդումով հիմնուեր են՝ համալսարանները հակակշռի տակ պահելու միտումով, եւ որոնց պարտականութիւնը եղած է պետութեան ազգային պաշտօնական տեսակէտները պարտադրել համալսարաններու մէջ: Թիւով 11 այս «Ազգային Կոմիտէ»ներէն մէկն ալ կը կոչուի «Թուրք-հայ յարաբերութիւններու ազգային կոմիտէ», իբրեւ առաքելութիւն ունենալով համալսարաններէն ներս տարածել Հայկական հարցին եւ Հայոց Ցեղասպանութեան առընչութեամբ պետութեան տեսակէտները եւ ապահովել անոնց իւրացումը:

Ինչպէս կ’երեւի, հայութիւնը հետաքրքրող երկու բարենորոգումներն ալ երկսայրի են: Ինչ կը վերաբերի առաջինին, հայ որբերուն նկատմամբ գործադրուող խտրականութեան վերացումով՝ անմիջապէս թրքացման սուր մը կը յայտնուի անոնց գլուխներուն վրայ: Գալով երկրորդին՝ նման մարմնի մը ջնջումը միայն գոհացում կրնայ պատճառել Հայոց եւ ժողովրդավարներուն: Սակայն, ո՞վ տեղեակ էր այդպիսի կոմիտէի մը գոյութենէն: Ասիկա, կամայ, թէ ակամայ, կ՚առաջնորդէ խորհրդածելու, թէ եթէ այս մէկը յաջողեցաւ գաղտնաբար գոյատեւել տարիներով, արդեօք ինչե՜ր կան ատոր նման, կամ ինչեր կրնան դեռ ստեղծուիլ:

http://tert.am/hy/news/2012/05/03/hay-vorper-nor-harach/

Leave a Reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

Վերջին Յաւելումներ

Հետեւեցէ՛ք մեզի

Օրացոյց

May 2012
M T W T F S S
 123456
78910111213
14151617181920
21222324252627
28293031  

Արխիւ